ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ

9/11

Գլուխ 8—ՊԱՐԶ ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ

Առանց պատճառի բնավ հիվանդութիւն չի գար: Առողջութեան օրէնքներու արհամարհանքով ճամբան կը պատրաստուի եւ հիւանդութիւնը կը հրաւիրուի : Շատեր կը տառապին իրենց ծնողաց օրինազանցութեան հետեւանօք : Թէեւ անոնք պատասխանատու չեն իրենց արարքներու համար , այսուհանդերձ իրենց պարտականութիւնն էստուգել թէ ո’ր բաները զանցառութիւն են առողջութեան օրէնքներուն եւ ո’ր բաները չեն : Պէտք է խուսափին իրենց ծնողներուն սխալ սովորութիւններէն , եւ ,ուղիղ ապրելակերպով , ինքզինքնին դնեն լաւ պայմաններու մէջ : ԼԱ 68.1

Ավելի մեծ թիւը սակայն անոնց որ իրենց իսկ սխալ արարքներու ընթացքին պատճառաւ կը տառապին : Անոնք իրենց ուտելու , խմելու , հագուելու եւ աշխատելու սովորութիւններով կ’արհամարհեն առողջութեան սկզբունքները : Բնութեան օրէնքներուն դէմ իրենց զանցառութիւնը իր անվրէպ հետեւանքը կ’ունենայ . եւ երբ հիւանդութիւն կու գայ իրենց վրայ , շատեր եկած նեղութիւնը բուն պատճառին չեն վերագրեր եւ կը տրտնջեն Աստուծոյ դէմ իրենց տառապանքին համար : Բայց Աստուած պատասխանատու չէ տառապանքին համար որ կը հետեւի բնութեան օրէնքին արհամարհուելուն : ԼԱ 68.2

Աստուած մեզ օժտած է որոշ քանակութեամբ կենսական ոյժով : Ան նաեւ մեզ կազմած է կեանքին զանազան պաշտօնները պահպանելու յարմարցուած գործարաններով , եւ սահմանած է որ այս գործարանները իրարու հետ ներդաշնակօրէն գործեն : Եթէ զգուշութեամբ պահպանենք կեանքի ոյժը , եւ մարմինին նուրբ մեքենականութիւնը կանոնաւոր վիճակի մէջ պահենք , արդիւնքը առողջութիւն է . բայց եթէ կենսական ոյժը չափազանց արագօրէն վատնուի , ջղային գրութիւնը անմիջական գործածութեան համար ոյժ փոխ կ’առնէ զօրութեան իր աղբիւրներէն , եւ երբ գործարան մը վնասուի , բոլորն ալ կ’ազդուին : Բնութիւնը առանց ակներեւ դիմադրութեան շատ եղծումի կ’ենթարկուի . յետոյ կ’արթննայ , եւ վճռական ջանք մը կ’ընէ հեռացնելու համար արդիւնքները գէշ վարմունքին` որուն ենթարկուած է : Այս պայմանները սրբագրեելու համար իր այս ջանքը յաճախ ի յայտ կու գայ տենդով եւ հիւանդութեան զանազան ուրիշ ձեւերով : ԼԱ 68.3

Երբ առողջութեան եղծումը այնքան յառաջ տարուած է որ հիվանդութիւն մը յառաջ եկած է , ենթակա կինայ յաճախ ընել ինքզինքին համար զայն որ ուրիշ ոչ մէկը կրնայ ընել : Ընելիք առաջին բանն է ստուգել հիւանդութեան ճշմարիտ նկարագիրը եւ յետոյ խելացութեամբ հեռացնել պատճառը : Եթէ մարմինին ներդաշնակ գործունէութիւնը անհաւասարակշռուած է չափազանց աշխատութեամբ , չափազանց ուտելով , կամ ուրիշ անկանոնութիւններով , մի’ ջանաք դժուարութիւնները ուղղել թունաւոր դեղերու բեռ մը աւելցնելով : ԼԱ 69.1

Սովորութիւն մը որ մեծ թուով հիւանդութիւններու եւ նոյնիսկ աւելի լուրջ չարիքներու հիմըկը դնէ , թունաւոր դեղերու առատ գործածութիւնն է : Շատեր , երբ հիւանդութեան բռնուած են , ձանձրոյթը յանձն չեն առներ փնտռելու իրենց հիւանդութեան պատճառը : Անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնն է ազատիլ ցաւէ եւ անպատեհութիւններէ : Ոստի կը դիմեն բաթէնթ եղած դեղերու որոնց իրական յատկութիւններուն մասին քիչ բան գիտեն , կամ բժիշկի մը կը դիմեն դարմանի մը համար որ հակազդէ իրենց սխալ քայլերուն հետեւանքներուն վրայ , առանց խորհելու փոփոխութիւն մը մտցնել իրենց վա- տառողջական սովորութիւններուն մէջ : Եթէ անմիջական օգուտ մը յառաջ չգայ , ուրիշ դեղ մը կը փորձուի , եւ յետոյ ուրիշ մը : Այսպէս չարիքը կը շարունակուի : ԼԱ 69.2

Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ թէ դեղերը չեն բժշկեր հիւանդութիւնը : Ճիշդ է որ անոնք երբեմն ցաւի ժամանակաւոր մեղմացում մը կու տան , եւ հիւանդը կը թուի ապաքինիլ իբրեւ արդիւնք անոնց գործածութեան : Ասիկա հետեւանք է անոր որ բնութիւնը բաւական կենսական ոյժ ունի արտաքսելու թոյնը եւ պայմանները որ հիւանդութիւն պատճառեցին : Առողջութիւնը կը վերստացուի հակառակ դեղին : Բայց շատ պարագաներու մէջ դեղը միայն կը փոխէ հիւանդութեան ձեւն ու տեղը : Յաճախ թոյնին ազդեցութիւնը կը թուի պարտուիլ ժամանակի մը համար , բայց հետեւանքները կը մնան մարմինին մէջ եւ մեծ վնաս կը գործեն ապագայ շրջանի մը մէջ : ԼԱ 70.1

Թունաւոր դեղերու գործածութեամբ շատեր իրենց վրայ կը բերեն ցմահ տեւող հիւանդութիւններ , եւ շատ կեանքեր կորսուած են որ կրնային փրկուիլ բուժիչ բնական մեթոտներու գործածութեամբ : Իբրեւ թէ դարման նկատուած այս դեղերուն պարունակած թոյները կը ստեղծեն սովորութիւններ եւ ախորժակներ որոնք աւերում կը նշանակեն թէ հոգիին եւ թէ մարմինին : Ժողովրդականացած եւ բաթէնթ անուանուած այս համայնաբոյժ (*)դեղերէն շատերը , եւ նոյնիսկ բժիշկներու կողմէ յանձնարարուած դեղերէ ոմանք , դեր մը կը կատարեն հիմը դնելով խմիչքի գործածութեան , ափիոնի սովորութեան եւ մօրֆինի ունակութեան որոնք այնքան ահաւոր անէծք մըն են ընկերութեան : ԼԱ 70.2

Լաւագոյն բաներու միակ յոյսը ուղիղ սկզբունքներու համար ժողովուրդին դաստիարակութեան մէջ է : Թող բժիշկները սորվեցնեն մարդոց թէ կազդուրիչ ոյժը դեղերուն մէջ չէ , այլ բնութեան մէջ : Հիւանդութիւնը բնութեան մէկ ջանքն է ազատելու մարմինը այն պայմաններէն որոնք հետեւանք են առողջութեան օրենքներուն բռնաբարման : Հիւանդութեան պարագային , պատճառը պէտք է ստուգուի : Վատառողջ պայմանները պէտք է փոխուին , սխալ սովորութիւնները պէտք է ուղղուին : Յետոյ պէտք է աջակցիլ բնութեան , անմաքրութիւնները արտաքսելու եւ կազմին մէջ ուղիղ պայմաններ վերահաստատելու իր ջանքին մէջ: ԼԱ 70.3

Անժուժկալութեամբ ուտելը յաճախ պատճառ է հիւանդութեան , եւ ինչ որ բնութիւնը ամենէն աւելի կը կարօտի ազատիլ է անհարկի բեռէն որ դրուած է իր վրայ: Հիւանդութեան շատ պարագաներու մէջ հիւանդին համար լաւագոյն դարմանը մէկ կամ երկու ճաշէ հրաժարիլէ որպէսզի մարսողութեան ծանրաբեռնուած գործարանները հանգչելու առիթ ունենան : Մի քանի օրուան համար միայն պտուղներու կերակրականոն մը յաճախ մեծ ամոքում բերած է միտքով աշխատողներու : Շատ անգամներ կարճ ժամանակի մը համար ուտելիքէ պահեցողութիւն մը , եւ անոր հետեւող պարզ , եւ չափաւորապէս ճաշելու շրջան մը, բուժման առաջնորդած է բնութեան յատուկ ապաքինման միջոցաւ : Մէկ կամ երկու ամսուան ժուժկալ կերակրականոն մը պիտի համոզէ շատ հիւանդներ թէ անձնուրացութեան ճամբան առողջութեան ճամբան է : ԼԱ 71.1

Շատեր ինքզինքնին կը հիւանդացնեն չափազանց աշխատութեամբ : Ասոնց համար հանգիստը , հոգերէ ազատութիւնը եւ խնայողաբար ճաշելը էական են առողջութեան վերահաստատման : Անոնց համար որ սենեակի մէջ փակուած շարունակական աշխատութեան պատճառաւ միտքով յոգնած են եւ ջղային , շատ օգտակար պիտի ըլլայ գիւղագնացութիւն մը ուր կինան ապրիլ պարզ եւ հոգերէ զերծ կեանք մը , մօտէն յարաբերութեան գալով բնութեան հետ : Դաշտերու եւ անտառներու մէջ պտըտիլ , ծաղիկներ քաղել եւ թռչուններու երգերը ունկնդրել շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլան դէպի ապաքինում քան ուրիշ ոեւէ միջոց : ԼԱ 71.2

Ըլլայ առողջութեան մէջ ըլլայ հիւանդութեան , մաքուր ջուրը մին է երկինքի ընտրելագոյն օրհնութիւններէն : Անոր պատշաճ գործածութիւնը առողջութիւնը կը յառաջացնէ : Ան այն ըմպելին է զոր Աստուած հայթայթեց անցնելու համար կենդանեաց եւ մարդուն ծարաւը : Երբ առատօրէն խմուի , մարմինին պիտոյքը հոգալու կը ծառայէ , եւ հիւանդութեան դիմադրելու համար կ’աջակցի բնութեան : Ջուրին դուրսէն գործածութիւնը մին է արեան շրջանը կանոնաւորող ամենադիւրին եւ ամենագոհացուցիչ միջոցներէն : Պաղ կամ զով լոգանք մը գերազանց կազդուրիչ մըն է : Տաք լոգանքը կը բանայ մորթին ծակտիկները եւ այսպէսով կ’օգնէ անմաքրութեանց արմաքսման : Թէ’ տաք եւ թէ’ գաղջ լոգանքները կը հանդարտեցնեն ջիղերը եւ կը հաւասարեցնեն արեան շրջանը : ԼԱ 72.1

Բայց շատեր երբեք փորձառութեամբ չեն սորված բարերար արգասիքները պատշաճապէս գործածուած ջուրին , եւ անկէ կը վախնան : Ջրաբուժական դարմանները պէտք եղածին պէս չեն գնահատուած , եւ զանոնք ճարտարօրէն կիրարկելը գործ կը պահանջէ զոր կատարելու համար շատերը անյօժար են : Բայց ոչ ոք պէտք է ինքզինքը արդարանալի նկատէ այս նիւթի մասին տգիտութեան կամ անտարբերութեան համար : Շատ կերպեր կան որով ջուրը կրնայ կիրարկուիլ ցաւը ամոքելու եւ հիւանդութիւնը կասեցնելու համար : Ամէն մարդ պէտք է խելամուտ ըլլայ առտնին պարզ դարմանումներու մէջ անոր գործածութեան : Մայրեր , մասնաւորապէս , պէտք է գիտնան թէ ի’նչպէս պէտք է խնամեն իրենց ընտանիքները առողջութեան եւ հիւանդութեան մէջ : ԼԱ 72.2

Գործունէութիւնը մեր էութեան մէկ օրէնքն է : Մարմինին ամէն մէկ գործարանը իրեն սահմանուած գործը ունի որուն կատարումէն կախեալ է իր զարգացումն ու զօրութիւնը : Ամէն գործարաններուն բնականոն գործունէութիւնը զօրութիւն եւ կորով կու տայ , մինչ անգործութեան ձգտումը դէպի փտութիւն եւ մահ է : Կա- պեցէ’ք թեւ մը նոյնիսկ մի քանի շաբթուան համար , յետոյ կապէն արձակեցէք , եւ պիտի տեսնէք որ ան աւելի տկար է միւսէն զոր չափաւորապէս գործածած էիք նոյն ժամանակամիջոցին մէջ : Անգործութիւնը նոյն արդիւնքը յառաջ կը բերէ բոլոր գնդերային դրութեան վրայ : ԼԱ 72.3

Անգործութիւնը արգասաբեր պատճառ մըն է հիւանդութեան : Շարժումը կ’ոգեւորէ եւ կը հաւասարեցնէ արեան շրջանը , բայց անգործութեան մէջ արիւնը ազատօրեն շրջան չըներ , եւ անոր մէջի փոփոխութիւնները , այնքա’ն կարեւոր կեանքի եւ առողջութեան համար , տեղի չեն ունենար : Մորթը , նմանապէս , կը դառնայ անգործօն : Անմաքրութիւնները չեն արտաքսուիր այնպէս ինչպէս պիտի ըլլային եթէ արեան շրջանը ոգեւորուած ըլլար բուռն շարժումներով , մորթը պահուած առողջ պայմանի մէջ , եւ թոքերը սնուցուած առատ , մաքուր եւ թարմ օդով : Այս վիճակը կրկնապատիկ բեռ մը կը դնէ մարմինին անմաքրութիւնները դուրս հանող գործարաններուն վրայ եւ հետեւանքը կ’ըլլայ հիւանդութիւն : ԼԱ 73.1

Տկար եւ անոյժ հիւանդները անգործունէութեան մէջ պէտք չէ քաջալերուին : Երբ ոեւէ ուղղութեամբ լուրջ ծանրաբեռնութեան պարագայ մը խնդրոյ առարկայ է , ժամանակի մը համար անթերի հանգիստ մը երբեմն ետ պիտի մղէ լուրջ հիւանդութիւն մը , բայց տեւական անկարութեան պարագային քիչ անգամ հարկաւոր է դադրեցնել ամէն գործունէութիւն : ԼԱ 73.2

Անոնք որ մտաւոր ծանր աշխատանքի հետեւանօք տկարացած են , պէտք է դադրին մաշող խորհուրդներէ , բայց պէտք չէ առաջնորդուին հաւատալու թէ յաւէտ վտանգաւոր է գործածել իրենց մտային կարողութիւնները : Շատեր հակամետ են իրենց վիճակը նկատելու աւելի գէշ քան որքան իրապէս է : Այս մտավիճակը ապաքինման համար աննպաստ է եւ պէտք չէ քաջալերուի : ԼԱ 73.3

Քարոզիչներ , ուսուցիչներ , ուսանողներ եւ ուրիշ մտքի աշխատաւորներ յաճախ կը հիւանդանան իբր հե- տեւանք ֆիզիքական մարզանքով չի մեղմացած բուռն մտային ծանրաբեռնութեան : Ինչ որ այս անձերը կը կարօտին , աւելի գործօն կեանք մըն է : Խստորէն ժուժկալ սովորութիւններ , զուգախառնուած յարմար մարզանքներով , պիտի ապահովեն մտաւոր եւ ֆիզիքական կորով , եւ պիտի տան տոկալու կարողութիւն բոլոր միտքի աշխատաւորներուն : ԼԱ 73.4

Գալով անոնց որոնց ֆիզիքական ոյժերը ծանրաբեռնուած են , պէտք չէ որ ձեռական աշխատութենէ բոլորովին հրաժարին : Բայց աշխատութիւնը , մեծագոյն օգտակարութիւնը ունենալու համար , պէտք է ըլլայ կանոնաւոր եւ հաճելի : Բացօդեայ մարզանքը լաւագոյն է . ան այնպէս պէտք է ծրագրուի որ գործածութեամբ զօրացնէ այն գործարանները որոնք տկարացած են . եւ ասիկա փափաքով պէտք է ըլլայ . ձեռքերու աշխատութիւնը պէտք չէ երբեք այլասերի դառնալով ստրկական եւ տաժանելի : ԼԱ 75.1

Երբ անկողնի ծառայող անկար հիւանդներ ոչինչ ունին իրենց ժամանակը եւ ուշադրութիւնը զբաղեցնող , իրենց խորհուրդները կը կեդրոնանան իրենց վրայ եւ կը դառնան ախտաւոր եւ դիւրագրգիռ : Շատ անգամներ կը կառչին իրենց գէշ զգացումներուն վրայ մինչեւ որ ինքզինքնին կը նկատեն շատ աւելի գէշ քան որքան իրապէս են , եւ բոլորովին անկարող ` ընելու ոեւէ բան : ԼԱ 75.2

Բոլոր այս պարագաներուն մէջ , նպատակայարմար ֆիզիքական մարզանքը կ’ըլլայ արդիւնաւոր բուժիչ ազդակ մը : Զանազան պարագաներու մէջ ասիկա անհրաժեշտ է առողջութիւն վերագտնելու համար : Կամքը ձեռքերու աշխատութեան հետ միասին կ’երթայ , եւ ինչ որ այս անկարները կը կարօտին կամքին արթնցուիլն է : Երբ կամքը քունի մէջ է կամ անգործ , երեւակայութիւնը կը դառնայ տարականոն , եւ անկարելի կ’ըլլայ հիւանդութեան դիմադրել : ԼԱ 75.3

Անգործունէութիւնը ամենամեծ նզովքն է որ կրնայ գալ անկողնի ծառայող անկար հիւանդներու վրայ : Օգ- տակար աշխատանքի թեթեւ զբաղում մը , ցորչափ ան չի յոգնեցներ միտքը կամ մարմինը , երջանիկ ազդեցութիւն մը կ’ընէ երկուքին ալ վրայ : Ան կը զօրացնէ գնդերները , կը բարւոքէ արեան շրջանը , եւ հիւանդին կու տայ գոհունակութիւնը գիտնալու թէ ինքը բոլորովին անօգուտ չէ այս բազմազբաղ աշխարհիս մէջ : Ան նախապէս թերեւս շատ քիչ բան պիտի ընէ , բայց շուտով պիտի տեսնէ իր զօրութեան աճիլը , եւ կատարուած գործին քանակութիւնն ալ նոյն համեմատութեամբ կրնայ շատնալ : ԼԱ 75.4

Մարզանքը կ’օգնէ անմարսողութենէ տառապողներուն, մարսողական գործարաններուն տալով առողջարար թափ մը : Ճաշերէ անմիջապէս ետքը ծանր ուսումնասիրութեան կամ ֆիզիքական բուռն մարզանքներու ձեռնարկելը կ’արգիլէ մարսողութեան գործը . բայց ճաշէ վերջ կարճ պտոյտ մը , գլուխը վեր բռնած եւ ուսերը դէպի ետ , մեծ օգուտ է : ԼԱ 76.1

Հակառակ ֆիզիքական մարզանքներու կարեւորութեան վերաբերմամբ բոլոր ըսուածներուն եւ գրուածներուն , դեռ շատեր կան որ զանց կ’ընեն մարզանքը : Ոմանք կը գէրնան որովհետեւ մարմինը ծանրաբեռնուած է . ուրիշները կը նիհարնան եւ կը տկարնան որովհետեւ իրենց կենսական ոյժերը սպառած են փոխանցելու համար կերակուրին առատութեան աւելորդ մասը : Լեարդը ծանրաբեռնուած է ` արիւնը անմաքրութիւններէ մաքրելու իր ջանքին մէջ , եւ հետեւանքը հիւանդութիւն է : ԼԱ 76.2

Անոնք որոնց կեանքը նստողական է պէտք է որ , երբ օդը թոյլատրէ , մարզանք ընեն բաց օդի մէջ ամառ ձմեռ ամէն օր : Քալելը նախընտրելի է ձի հեծնելէ կամ կառք վարելէ , որովհետեւ գնդերներէն շատերը շարժման մէջ կը դնէ : Թոքերը կը մղուին առողջ գործունէութեան , որովհետեւ անկարելի է աշխուժութեամբ քալել առանց զանոնք ուռեցնելու : ԼԱ 76.3

Այսպիսի մարզանք մը , շատ պարագաներու մէջ , դե- ղէն աւելի լաւ է առողջութեան համար : Բժիշկներ յաճախ խորհուրդ կու տան իրենց հիւանդներուն ծովի ճամբորդութիւն մը ընել , երթալ ոեւէ հանքաջուրի մը ակը , կամ կլիմայի փոփոխութեան համար երթալ զանազան տեղեր , երբ շատ պարագաներու մէջ եթէ անոնք ժուժկալութեամբ ուտէին ,եւ ընէին զուարթ եւ առողջարար մարզանքներ , պիտի վերագտնէին առողջութիւն եւ պիտի խնայէին ժամանակ եւ դրամ : ԼԱ 76.4