ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ
Գլուխ 7—ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻԻՆ ՏԱՆՈՂ ՊՈՂՈՏԱՆ
Բնութեան ազդակներուն միջոցաւ Աստուած օրէ օր, ժամէ ժամ եւ վայրկեան առ վայրկեան կը գործէ մեզ ողջ պահելու եւ կազդուրելու համար: Երբ մարմինին ոեւէ մէկ մասը վնս մը կրէ, անմիջապէս բուժիչ գործունէութիւն մը կը սկսի. բնութեան միջոցները գործի կը լծուին առողջութիւնը վերահաստատելու համար: Բայց այս ազդակներու միջոցավ գործող զօրութիւնը Աստուծոյ զօրութիւնն է: Ամէն կենսատու զօրութիւնը Իրմէ կու գայ: Երբ մէկը հիւանդութենէ կ’ապաքինի, Աստուած է որ զայն կը բժշկէ: ԼԱ 63.1
Հիւանդութիւն, տառապանք եւ մահ էշնամական զօրութեանմը գործերն են: Սատանան կործանողն է. Աստուած վերահաստատողն է: ԼԱ 63.2
Իսրայէլի ըսուած խօսքերը ճշմարիտ են այսօր անոնց համար որ կը վերստանան մարմինի առողջութիւնը կամ հոգեկան առողջութիւն: «Ես եմ Տէրը` որ քեզ կը բժշկեմ:» Ելից 15:26: ԼԱ 63.3
Ամէն մէկ մարդկային էակի համար Աստուծոյ փափաքը առաքեալին սա բառերովը արտայայտուած է, «Սիրելի, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողութեան մէջ է:» Գ. Յովհաննէս 2: ԼԱ 63.4
Ան է որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ, ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութւններդ. որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ, ու կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով»: Սաղմոս 103:3, 4: ԼԱ 63.5
Երբ Քրիստոս հիւանդները կը բժշկէր , անոնցմէ շատերուն կ’ազդարարէր , «Ալ մեղք մի’ գործեր , որ ա’լ աւելի չար բան մը չպատահի քեզի «: Յովհաննէս 5:14: Այսպէս , Ան կը սորվեցնէր թէ անոնք հիւանդութիւն բերած էին իրենց վրայ մեղանչելով Աստուծոյ օրէնքներուն դէմ , եւ թէ առողջութիւնը միայն հնազանդութեամբ կրնար պահպանուիլ: ԼԱ 64.1
Բժիշկը պարտի սորվեցնել իր հիւանդներուն թէ ապաքինման գործին մէջ պէտք է աջակցիլ Աստուծոյ հետ : Բժիշկը յարաճուն ըմբռնում մը ունի այն իրողութեան մասին թէ հիւանդութիւնը հետեւանք է մեղանչումի : Ան գիտէ թէ բնութեան օրէնքները այնքան ճշմարտապէս աստուածային են որքան Տասնաբանեային պատուէրնրը , եւ թէ միայն անոնց հնազանդութեամբ է որ առողջութիւնը կրնայ վերստացուիլ կամ պահպանուիլ ; Ան կը տեսնէ որ շատ անհանգստութիւններ հետեւանք են վնասակար սովորութիւններու եւ թէ ենթակաները կրնան հասնիլ առողջութեան եթէ ուզեն ընել ինչ որ կը պարտին իրենց ապաքինման համար : Անոնց պէտք է սորվեցնել թէ ամէն մէկ սովորութիւն որ կը փճացնէ ֆիզիքական , մտային կամ հոգեկան ոյժերը մեղք է , եւ թէ առողջութիւնը կ’ապահովուի հնազանդուէեան միջոցաւ այն օրէնքներուն զոր Աստուած հաստատած է բոլոր մարդկութեան բարւոյն համար : ԼԱ 64.2
Երբ բժիշկը կը տեսնէ հիւանդ մը որ կը տառապի անպատեհօրէն ուտելու եւ խմելու , կամ ուրիշ սխալ սովորութիւններու պատճառաւ յառաջ եկած հիւանդութենէ մը եւ սակայն զանց կ’ընէ զայս անոր յայտնել , անիրաւութիւն ըրած կ’ըլլայ իր նմանին : Գինեմոլներ , մտացնորներ , անոնք որ ամէն տեսակ զեղխութեան անձնատուր եղած ոն , բոլորն ալ հրաւէր կ’ուղղեն բժշկին որոշ ու յստակօրէն յայտարարելու թէ տառապանքը մեղքի հետե- ւանք է : Անոնք որ կը հասկնան կեանքի սկզբունքները , պէտք է լրջօրէն ջանան արգիլել հիւանդութեան պատճառները : Բժիշկը որ կը տեսնէ ցաւին դէմ շարունակական պայքարը , եւ տեւականօրէն կ’աշխատին ամոքել տառապանքը , ինչպէս կրնայ լռել : Ան կրնայ մարդասէր եւ գթած նկատուիլ երբ չի սորվեցներ ճշգրիտ ժուժկալութիւն իբրեւ դարման մը հիւանդութեան : ԼԱ 64.3
Ճշմարիտ բժիշկը դաստիարակ մըն է: Կը ճանչնայ իր պատասխանատուութիւնը , ոչ միայն հիւանդներուն հանդէպ , որոնք իր անմիջական խնամքի տակ են , բայց նաեւ համայնքին` որուն մէջ կ’ապրի : Ան կը կանգնի իբրեւ պահապան մը թէ’ ֆիզիքական եւ թէ’ բարոյական առողջութեան : Անոր ջանքը կը կայանայ ոչ միայն հիւանդին դարմանման համար ճիշդ կանոններ սորվեցնելու մէջ , բայց քաջալերելու ապրելակերպի ուղիղ սովորութիւններ եւ տարածելու ուղիղ սկզբունքներու ծանօթութիւններ : ԼԱ 65.1
Թող որոշապէս պարզուի թէ Աստուծոյ պատուիրաններուն ճամբան կեանքի ճամբան է : Աստուած հաստատած է բնութեան օրէնքները , բայց Իր օրէնքները կամայական ստիպումներ չեն : Ամէն մէկ « …մի ըներ» ը , ըլլայ ֆիզիքական կամ բարոյական օրէնքին մէջ , անուղղակի խոստում մը կը նշանակէ : Եթէ անոր հնազանդինք , օրհնութիւն պիտի հետեւի մեր քայլերուն : Աստուած երբեք չի բռնադատեր մեզ ընել ինչ որ ուղիղ է , բայց կը հետամտի մեզ փրկել չարէն եւ առաջնորդել բարիին : ԼԱ 65.2
Թող ուշադրութիւն դարձուի Իսրայէլի սորվեցուցուած օրէնքներուն : Աստուած տուաւ անոնց որոշ հրահանգներ կեանքի իրենց սովորութիւններուն նկատմամբ : Ան յայտնեց անոնց թէ’ ֆիզիքական եւ թէ’ հոգեւոր բարօրութեան վերաբերմամբ օրէնքներ .եւ հնազանդութեան պայմանաւ սա ապահովութիւնը տուաւ , «Տէրը ամէն հիվանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ « : Բ. Օրինաց 7:15: ԼԱ 65.3
«Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը զորոնք այ- սօր ձեզի վկայութիւն բերի» : «Վասն զի զանոնք գտնողներուն անոնք կեանք են , եւ անոնց բոլոր մարմնին ` բժշկութիւն»: Բ. Օրինաց 32:46. Առակաց 4:22 : ԼԱ 65.4
Աստուած կը փափաքի որ հասնինք կատարելութեան չափանիշին որ Քրիստոսի պարգեւով մեզի համար կարելի ընծայուած է : Ան կը խնդրէ մեզմէ ընտրել ինչ որ ուղիղ է կցուիլ երկնային միջոցներու եւ որդեգրել սկզբունքներ որ մեր մէջ կը վերահաստատեն աստուածային պատկերը : Ան , Իր գրուած խօսքին մէջ եւ բնութեան մեծ դիրքին մէջ , յայտնած է կեանքի սկզբունքները : Մեր գործն է այս սկզբունքներուն գիտութիւնը ձեռք բերել , եւ հնազանդութեամբ գործակցիլ Անոր հետ մարմինին եւ նաեւ հոգիին առողջութիւն վերստանալուն մէջ : ԼԱ 66.1
Մարդիկ պէտք ունին սորվելու թէ հնազանդութեան օրհնութիւնները , իրենց լիութեան մէջ , իրենցը կրնան ըլլալ մայն երբ կ’ ընդունին Քրիստոսի շնորհքը : Իր շնորհքն է որ մարդուս կարողութիւն կու տայ հնազանդելու Աստուծոյ օրէնքներուն : Ա’յս է որ կը կարողացնէ մարդը խորտակելու չար սովորութիւններու կապանքը : Ա’յս է միակ ոյժը որ կրնայ զինքը ընել եւ պահել հաստատաքայլ` շիտակ ճամբուն մէջ : ԼԱ 66.2
Երբ աւետարանը կ’ընդունուի իր մաքրութեամբ ու զօրութիւնովը , ան դարման մըն է մեղքով ծագում առած հիւանդութիւններու համար : Արդարութեան Արեգակը կը ծագի , եւ «անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ» : Մաղաքիա 4:2 : Ամէն ինչ որ այս աշխարհս կը պարգեւէ , անկարող է բժշկելու կոտրած սիրտ մը , կամ հաղորդելու միտքի խաղաղութիւն , կամ հեռացնելու հոգը , կամ վանելու հիւանդութիւնը : Համբաւ , տաղանդ , հանճար — բոլորն ալ անզօր են ուրախացնելու վշտալի սիրտը կամ վերահաստատելու վայրապար վատնուած կեանքը : Աստուծոյ կեանքը անձին մէջ ունենալ մարդուս միակ յոյսն է : ԼԱ 66.3
Սէրը զոր Քրիստոս կը սփռէ բոլոր էութեան մէջ կեն- սաւէտ ոյժ մըն է : Ան բժշկութեամբ կը հպի մարմինին ամէն մէկ կարեւոր մասին — ուղեղին , սիրտին , ջիղերուն : Անոր միջոցաւ էութեան ամենաբարձր ոյժերը գործունէութեան համար կ’ոգեւորին: Ան կը ձերբազատէ հոգին յանցանքէ եւ տրտմութենէ , անձկութենէ եւ հոգերէ , որոնք կեանքի ոյժերը կը ջլատեն : Անոր հետ կու գան հանգստութիւն եւ անդորրութիւն : Ան կը ներմուծէ հոգիին մէջ ուրախութիւն զոր երկրային ոչ մէկ բան կրնայ եղծել , -ուրախութիւն հոգիին մէջ , - առողջարար եւ կենսատու ուրախութիւն : ԼԱ 66.4
Մեր Փրկչին սա խօսքերը , «Եկէք ինծի … եւ ձեզ պիտի հանգչեցնեմ « /Մատթ. 11:28 / դեղագիր մըն է ֆիզիքական , մտային եւ հոգեկան չարիքներու համար : Թէեւ մարդիկ իրենց իսկ սխալներով տառապանք բերած են իրենց վրայ , Ան կարեկցութեամբ կը նայի անոնց : Անոր մէջ անոնք օգնութիւն կը գտնեն : Ան մեծ բաներ պիտի ընէ անոնց համար որ Իրեն կ’ապաւինին: ԼԱ 67.1
Թէպետեւ դարերու ընթացքին մեղքը զօրացուցած է Իր կալանքը մարդկային ցեղին վրայ , թէպէտեւ կեղծիքի եւ խարդախութեան միջոցաւ Սատանան իր մեկնութեան սեւ շուքը ձգած է Աստուծոյ խօսքին վրայ եւ մղած է մարդիկ տարակուսելու Անոր բարութեան վրայ . սակայն Հօրը գութն ու սէրը չեն դադրած դէպի երկիր գալէ ճոխ հոսանքներով : Եթէ մարդկային էակներ բանային իրենց հոգիին պատուհանները դէպի երկինք , գնահատելով աստուածային պարգեւները , բուժիչ ոյժի հեղեղ մը պիտի ողողէր զիրենք : ԼԱ 67.2