ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ
Գլուխ 9—Մտային հեռանկարը
Շատ սերտ է յարաբերութիւն որ գոյութիւն ունի մտքի և մարմնի միջեւ: Երբ մեկը ազդուած է, միւսը համակրանք կը ցուցնէ: Միտքին վիճակը կ՛ազդէ առողջութեան վրայ շատ ավելի մեծ չափով քան որքան շատեր կ՛ըմբռնեն: Հիւանդութիններէ շատերը, որոնցմէ մարդիկ կը տառապին, հետեւանք են մտային ընկճման: Վիծտ, անձկութիւն, դժգոհութիւն, խղճահարութիւն, յանցանք, անվստահութիւն- բոլոր ալ կը ձգտին կեանքի ոյժերը նուաճելու, եւ հրաւիրելու փտութիւն եւ մահ: ԼԱ 78.1
Երբեմն հիւանդութիւն յառաջ կը բերուի, եւ յաճախ մեծապէս կը ծանրացուի երեւակայութեամբ: Շատերը ցկեանս անկար են որոնք կրնային լաւ ըլլալ եթէ միայն այնպէս խորհէին: Շատերը կ՛երուակայեն թէ ցուրտի ամէն թեթեւ ենթարկում պատչառ պիտի ըլլայ հիւանդութեան, եւ չար արդիւնքը յառաջ կու գայ որովհետու ակնկալուած է: Շատերը կը մեռնին հիւանդութենէ, որուն պատճառը ամբողջովին երեւակայական է: ԼԱ 78.2
Քաջութիւն, յոյս, հաւատք, համակրանք, սէր առողջութիւն կը առաջացնեն ու կեանքւ կ՛երկարեն: Գոհունակ միտք մը ու զուարթ տրամադրութիւն մը առողջութիւն է մարմնին եւ զօրութիւն հոգիին: «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է :» Առակաց 17:22: ԼԱ 78.3
Հիւանդին դարմանման մէջ մտային ազդեցութիւնը պէտք չէ անտես ընել: այս ազդեցութիւնը, երբ ճշգիտ գործածուի, կը հայթայթէ հիւանդութեան դէմ կռուելու համար ամենաարդիւնաւոր ազդակներէն մին: ԼԱ 78.4
Կայ սակայն տեսակ մը մտային բժշկութիւն որ չարիքի համար ամենաազդեցիկ միջոցներէն մին է: Այս սուտանուն գիտութեան միջոցավ միտք մը ուրիշի մը հակակշռին տակ կը բերուի, այնպէս որ տկար եղողին անհատականութիւնը կը մխրճուի աւելի զօրաւոր եղողին անհատականութեան մէջ: Մէկը կը գործէ ուրիշի մը կամքին համաձայն: Այսպէս, կը պնդուի թէ մտածմանց ուղղութիւնը կրնայ փոխուիլ, թէ կարելի է ամբողջութիւն տուող թելադրութիւններ հաղորդել, եւ հիւանդները կը կարողանան հիւանդութեան դիմադրել ու յաղթել: ԼԱ 79.1
Բժշկութեան այս մեթոտը գործածուած է ոմանց կողմէ որ տգէտ եղած են անոր իրական բնութեան ու ձգտումին նկատմամբ եւ հաւատացած թէ՝ ան հիւանդին համար բարերամ միջոց մըն է: Բայց այս սուտանուն գիտութիւնը հիմնուած է կեղծ սկզբունքներու վրայ: Ան օտար է Քրիստոսի բնութեան ու ոգւոյն: Ան չառաջնորդեր Անոր որ կեանք ու փրկութիւն է: Մէկը որ միտքերը իրեն կը յանկուցանէ, զանոնք կ՛առաջնորդէ բաժանուիլ իրենց զօրութեան իրական Աղբիւրէն: ԼԱ 79.2
Աստուծոյ նպատակը չէ որ ոեւէ մարդկային էակ իր միտքն ու կամքը յանձնէ ուրիշի մը հակակշռին, ըլլալով կրաւորական գործիք մը անոր ձեռքերուն մէջ: Ոչ ոք պետքէ իր անհատականութիւնը մխրճէ ուրիշի մը անհատականութեան մեջ: Ան պետք չէ նայի ոեւէ մարդկային անհատի իբրեւ բժշկութեան աղբիւրը: Իր վստահութիւնը Աստծոյ վրայ պետք է ըլլայ: Ան, իր աստուածատուր առնութեան բարձրութեանը մէջ նոյնինքն Աստուածմէ պէտք է առաջնորդուի ոչ թէ ոեւէ մարդկային իմացականութենէ: ԼԱ 79.3
Աստուած կը փափաքի մարդիկը բերել Իրեն հետ սերտ յարաբերութեան մէջ: Մարդկային էակներու հետ Իր բոլոր վարմունքի մէջ Ան կը ճանչնայ անձնական պատասխանատուութեան սկզբունքը: ան կը հետամտի քաջալերել անձնական վստահութեան զգացում մը եւ տպաւո- րել անձնական առաջնորդութեան պէտքը: Ան կը փափագի ընկերակցութեան բերել մարդկայինը աստուածայինին հետ որպէս զի մարդը փոխակերպուի աստուածային նմանութեան: Սատանան կ՛աշխատի խոտորցնել այս նպատակին իրագործումը: Կը ջանայ քաջալերել մարդոցմէ կախում ունենալը: Երբ միտքերը Աստուծմէ դարձուած են, փորձիչը կրնայ զանոնք իր ազդեցութեան տակ առնել եւ տիրապետել մարդկութեան վրայ: ԼԱ 79.4
Միտք մը ուրիշ միտք մը հակակշռելու սկզբունքը Սատանայէն ծագում առած է: Ան ինքզինքը ներմուծած է իբրեւ գլխաւոր գործիչ, դնելու մարդկային փիլիսոփայոթիւնը հոն ոււր աստուածային փիլիսոփայութիւնը պէտք է ըլլար: Քրիստոնեաներ ըլլալ դաւանողներու կողմէ ընդունելութիւն գտած բոլոր սխալներուն ոչ մէկը աւելի վտանգաւոր մոլորութիւն է, ոչ մեկը աւելի ստուգապէս կ՛անջատէ մարդը Աստուծմէ որքան ասիկա: Որքան ալ անմեղ երեւի, եթէ ան ի գործ կը դրուի հիւանդներու վրայ, պիտի նպաստէ անոնց կործանման ու ոչ թէ ապաքինման: Ան կը բանայ դուռը ուրկէ Սատանան պիտի մտնէ տիրելու թէ՛ այն մտքին որ յանձնուած է ուրիշմէ մը հակակշռուելու ու թէ՛ այն մտքին որ կը հակակշռէ: ԼԱ 80.1
Ահաւոր է այն զօրութիւնը որ այսպէս կը տրուի չարամիտ մարդկանց եւ կիներու: Ան ի՛նչ առիթներ կ՛ընծայե անոնց որ կ՛ապրին օգտուելով ուրիշներիու տկարութիւններէն ու յիմարութիւներէն: Քանինե՛ր տկար կամ հիւանդագին միտքերու վրայ ի գործ դրուած հակակշռելով միջոցներ կը գտնեն գոհացնելու իրենց հեշտասիրական կիրքերը կամ շահասիրական փափաքները: ԼԱ 80.2
Մարդկային բնութեամբ մարդկութիւնը հակակշռելէն աւելի լաւ բան մը կայ ընելու մեզ համար: Բժիշկը պէտք է դաստիարակէ ժողովուրդը նայլու մարդկայինէն աստուածայինին: Փոխանակ սորվեցնելու հիւանդներուն որ մարմնական ու հոգեկան բժշկութեան համար մարդկային էակներու ապաւինին, բժիշկը պէտք է առաջնորդէ զանոնք նայելու Անոր որ բոլորովին կարող է ապրեցնելու զանոնք որ Իրեն կու գան: Ան որ ստեղծեց մարդուս միտքը, գիտէ թէ միտքը ի՛նչի կը կարօտի: Աստուած է միայն որ կրնայ բժշկել: Անոնէ որոնք միտքերը ու մարմինները հիւանդ են պէտք է բժշկողը տեսնեն Քրիստոսի մէջ: «Վասն զի ես կենդանի եմ (այսինքն կ՛ապրիմ)» կ՛ըսէ Ան, «Եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք (պիտի ապրիք)» Յովհ. 14:19: Այս է կեանքը որ պէտք է ներկայացնենք հիւանդներուն, ըսելով անոնց թէ եթէ հաւատք ունենան առ Քրիստոս իբր բժշկող, եթէ գործակցին Անոր հետ, հնազանդելով առողջութեան օրենքներուն ու ջանալով սրբութիւնը կատարելագործել Անոր վախովը, Ան Իր կեանքը պիտի ընծայէ անոնց: Երբ այս կերպով Քրիստոսը կը ներկայացնենք անոնց, կու տայք ոյժ մը, զօրութիւն մը, որ արժէք ունի, որովհետեւ, վերէն կու գայ: Ասիկա է մարմինի ու հոգիի համար բժշկութեան ճշմարիտ գիտութիւնը: ԼԱ 80.3
Միտքին միջոցաւ յառաջ եկած հիւանդութեանց խնդրոյն մէջ մեծ իմաստութիւն պէտք է: Վիրաւոր եւ հիւանդ սիրտ մը, վստահած միտք մը, մեղմ դարմանի կը կարօտի: Շատ անդամներ ընտանեկան խնդիր մը, քաղցկեղի մը նման, կը կրծէ հոգին եւ կը տկարացնէ կեանքի ոյժը: Եւ երբեմն պարագան այնպէս է որ մեղքի համար խղճատանջութիւնը կազմուածքին հիմը կը փորէ եւ միտքը անհաւասարակշիռ կ՛ընէ: Գթոտ համակրանքի միջոցաւ է որ այս դասակարգի անկարները կրնան օգտուիլ: Բժիշկը պէտք է նախ անոնց վստահութիւնը շահի, եւ յետոյ անոնց ցուցանէ Մեծն Բժշկողը: Եթէ անոնց հաւատքը կրնայ ուղղուիլ ճշմարիտ Բժշկին, եւ կրնան վստահութիւն ունենալ թէ Ան ստանձնած է իրենց պարագան, ասիկա պիտի բերէ միտքի հանգստութիւն, եւ յաճախ մարմինի առողջութիւն: ԼԱ 81.1
Համակրանք եւ փափկանկատութիւն յաճախ աւելի մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենան հիւանդին քան ամե նաճարտար դարմանում մը որ կը տրուի պաղ եւ անտարբեր կերպով մը: ԼԱ 81.2
Շատեր, վախնալով որ եթէ ճշմարտութիւնը յայտարարուի հիւանդւ պիտի յուղուի կամ վհատի, ապաքինման սին յոյսեր կու տան, եւ նոյնիսկ կը թողուն որ հիւանդը գերեզման մտնէ առանց զանի զգուշացնելու իր վտանգէն: Այս բոլոր անխելքութիւն է: Ճիշտ է որ միշտ լաւ կամ կարելի չէ հիւանդին բացատրել իր վիճակին ծանրութեան իրական աստիճանը: Ասիկա կրնայ վրդովել է զինքը ու յապադեցել ու նոյնիսկ արդիլել ապաքինվել զինքը եւ արդիլել ապաքինումը: Ոչ ալ կարելի է բոլոր ճշմարտութիւնը ըսել անոնց որոնց հիւանդութիւնը մեծ մասամբ երեւակայական է: Ասնկաներէ շատերը խոհական չեն, եւ ինքնզինքնին չեն վարժեցուած պաղարիւնութեան: Ինքնայատուկ քմայքներ ունին եւ կ՛երեւակայեն շատ բաներ որոնք սխալ են իրենց եւ ուրիշներու նկատմամբ: Իրենց համար անոնք իրական են, եւ անոնք որ այսպիսի անձերու խնամքը ստանձնած են պէտք է ցուցնեն տեւական քաղցրութիւն եւ անխոնջ համբերութիւն ու փափկանկատութիւն: Եթէ այն հիւանդներուն ըսուէր իրենց նկատմամբ ճշմարտութիւնը, ոմանք պիտի վշտանային, ուրիշներ պիտի վհատվէին: Քրիստոս Իր աշակերտներուն ըսաւ, «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ:» Յովհ. 16:12: Բայց թէեւ ամէն ճշմարտութիւն ամէն առիթներով չկրնար ըսուիլ, խաբելը երբեք հարկաւոր կամ արդարանալի չէ: ԼԱ 83.1
Կամքի ոյժը հաշուի չէ առնուած ինչպէս որ պէտք է: Թող կամքը արթուն եւ լաւ ուղղութեան մէջ պահուի, եւ ահա կորով պիտի ընծայէ ամբողջ էութեան եւ հրաշալի օգնութիւն մը պիտի ըլլայ առողջութեան պահպանման մէջ: Ան ոյժ մըն է նաեւ որ գործ ունի հիւանդութեան հետ: Լաւ ուղղութեամբ ի գործ դրուելով ան պիտի հակակշռէ երեւակայութիւնը եւ պիտի ըլլայ ազդու միջոց մը դիմադրելու եւ յաղթելու միտքի եւ մարմինի հիվանդութեանց: Ինքնզինքնին կեանքի հետ ուղիղ յարաբերու- թեան մէջ դնելու կամքի ոյժին գործածութեամբ հիւանդները իրենց ապաքինման համար շատ բաներ կրնան ընել գործածելով բժշկին ջանքերուն: Հազարաւորներ կան որոնք կրնան առողջութիւն վերգտնել եթէ ուզեն: Տէրը չուզեր որ անոնք հիւանդ ըլլան, այլ Իր փափաքն է որ անոնք առողջ ըլլան եւ երջանիկ, հետեւաբար անոնք պէտք է միտքերնին դնեն առողջ ըլլալ: Յաճախ անկարներ հիւանդութեան կրնան դիմադրել պարզապէս մերժելով նեղութեան պատճառաւ անշարժ վիճակի մէջ մնալը: Մէկ կողմ դնելով իրենց ցաւերն ու նեղութիւնները թող լուծին իրենց զորութեան պատշաճ զբաղումի մը: Այսպիսի գործունէութեամբ եւ օդի եւ արեւի ազատ գործածութեամբ հիւծող շատ անկարներ կրնան վերստանալ առողջութիւն եւ զօրութիւն: ԼԱ 83.2
Անոնց համար որ կ՛ուզեն առողջութիւն վերգտնել եւ պահպանել, դաս մը կայ Սուրբ Գիրքի սա խօսքերուն մէջ, «Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա հոգիով լեցուեցէք:» Եփես. 5:18: Մարմինի եւ հոգիի ճշմարիտ բուժումը կամ կազդուրումը անբնական կամ վնասակար դեղերու արտադրած գրգռութեամբ կամ մոռացութեամբ, եւ կամ ստորին ախորժակներու կամ կիրքերու անձնատուութեամբ չէ որ ձեռք կը բերուի: Հիւանդներու մէջ շատեր կան որոնք առանց Աստծոյ եւ առանց յոյսի են: Անոնք կը տառապին չգոհացուած փափաքներէ, խառնակ կիրքերէ եւ իրենց խղճմտանքին դատապարտութենէն: Անոնք կորսցնելու վրայ են այս կեանքը եւ չունին ոեւէ հեռանկար հանդերձեալին համար: Հիւանդներ խնամողները թող չյուսան օգտակար ըլլալ իրենց հիւանդներուն , անոնց ցուցնելով ունայն եւ գրգռիչ թոյլտուութիւններ որոնք անէծքը եղած են անոնց կեանքերուն: Անօթի եւ ծարաւ հոգին պիտի շարունակէ անօթենալ եւ ծարաւիլ այնքան ատեն, որքան կը փնտռէ գոհունակութիւն գտնել աշխարհիս մէջ: Խաբուած են անոնք որ անձնասէր հաճոյքի աղբիւրնէր կը խմեն: Անոնք կը շփոթեն աղմկալի զուարթութիւնը զօրութեան հետ, եւ երբ գրգռութիւնը կը դադրի, իրենց ներշնչումն ալ վերջ կը գտնէ, եւ կը մատնուի դժգոհութեան եւ սրտաբեկութեան: ԼԱ 84.1
Տեւական խաղաղութիւն, հոգիի ճշմարիտ հանգիստ միայն մէկ Աղբիւր ունին: Ասոր մասին էր որ Քրիստոս խօսեցավ երբ ըսաւ, «Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ:» Մատթ. 11:28: «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ոչ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ:» Յովհ, 14:27: Այս խաղաղութիւնը բան մը չէ որ Ան կու տայ ԻնքզինքԷն անջատօրէն: Ան Քրիստոսի մէջ է և մենք զայն կրնանք ընդունիլ երբ միայն զԻնքը ընդունինք: ԼԱ 85.1
Քրիստոս կեանքի ակն է: Այն բանը զոր շատեր կը կարօտին, Անոր մասին յստակազոյն գիտութիւն մը ունենալն է. կը կարօտին համբերութեամբ եւ քաղցրութեամբ, բայց նաեւ լրջօրեն, ուսուցուիլ թէ ի՛նչպես ամբողջ էութիւնը կրնայ ենթուարկուիլ երկինքի բուժիչ ազդակներուն: Երբ Աստուծոյ սիրոյն ճառագայթը կը լուսաւորէ հոգիին խաւարած խորչերը, անհանդարտ խոնջանքն ու տհաճութիւնը պիտի դադրին, եւ գոհացնող ուրախութիւններ պիտի տան կորով՝ միտքին եւ առողջութիւն եւ զօրութիւն մարմինին: ԼԱ 85.2
Տառապանքներու աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք: Դժուարութիւն, փորձութիւն եւ տրտմութիւն մեզի կը սպասեն դէպի երկինք մեր ճամբուն վրայ: Բայց շատեր կան որ շարունակաբար նեղութիւններ ակնկալելով կրկնապատիկ կը ծանրաբեռնեն կեանքը: Անոնք երբ ձախորդութեան կամ յուսախաբութեան հանդիպին, կը կարծեն, թէ ամէն բան կորսուելու վրայ է, թէ իրենց վիճակը ուրիշներէն աւելի ծանր է, թէ ապահովաբար կարոտութեան պիտի մատնուին: Այսպէս թշուառութիւն կը բերեն իրենց վրայ եւ կը տխրեցնեն բոլոր իրենց շուրջիններին: Կեանքը ինքնին բեռ մը կ՛ըլլայ անոնց համար: Բայց այսպէս պէտք չէր ըլլար: Անոնց խորհուրդներուն ընթացքը փոխելու համար վճռական ջանք մը պէտք է եւ այս փոփոխութիւնը կարելի է: Թէ՛ այս կեանքին եւ թե՛ հանդերձեալին զուարթ բաներու վրայ հաստատելէն կախում ունի: Այսպիսիները թող իրենց աչքերը դարձնեն մութ հեռանկարէն, որ երեւակայական է, եւ նային այն բարերարութիւներուն զորս Աստուած սփռած է իրենց շաւիղներուն վրայ եւ ասոնցմէ անդին նային նաեւ անտեսանելիին եւ յավիտենականին: ԼԱ 85.3
Ամէն նեղութեան համար, Աստուած օգնութիւն նախատեսած է: Երբ Իսրայելացիք Մարայի դառն ջուրերուն եկան անապատին մէջ, Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց: Տերը ոեւէ նոր դարման չհայթայթեց , այլ ուշադրութիւն դարձնել տուաւ բանի մը որ ձեռքի տակ էր: Ճիւզ մը զոր Ինք ստեղծած էր պէտք էր աղբիւրին մէջ նետուեր մաքրելու եւ քաղցրացնելու համար ջուրը: Երբ զայս ըրին, ժողովուրդը խմեց ջուրէն եւ կազդուրուեցավ: Ամէն մէկ փորձութեան մէջ, երբ զԻնքը կը խնդրենք, Քրիստոս մեզի օգնութիւն պիտի ընձեռնէ: Մեր աչքերը պիտի բացուին տեսնելու համար Իր խոսքին մէջ արձանագրուած բժշկութեան խոստումները: Սուրբ Հոգին մեզի պիտի սովորցնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք իւրացնել ամէն մէկ օրհնութիւն որ դեղաթափ մը պիտի ըլլայ վիշտի դեմ: Իւրաքանչիւր դառն ումպի համար որ կը մատուցուի մեր շրթունքներուն պիտի գտնենք բուժիչ ճիւղ մը: ԼԱ 86.1
Պէտք չէ թոյլ տանք որ ապագան, իր դժուար խնդիրներով եւ չյագեցնող հեռանկարներով, վհատեցնէ մեր սիրտերը, դողացնէ մեր ծունկերը եւ թուլացնէ մեր ձեռքերը: «Թող իմ զօրութեանս ապաւինին» կ՛ըսեր Հզորը, «Ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն, ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն:» Եսայի 27:5: Անոնք որ կյանձնեն իրենց կեանքերը Անոր առաջնորդութեան եւ ծառայութեան, երբեք պիտի չդրուին դիրքի մը մէջ որուն համար Ան նախատեսութիւն ըրած չէ: Ինչ որ ալ ըլլայ մեր կացութիիւնը, եթէ կատարողներ ենք Անոր խօսքը, առաջնորդ մը ուն- ինք ուղղելու մեր ճամբան. ինչ որ ալ ըլլայ մար վարանքը, ապահով խորհրդատու մը ունինք. ինչ որ ալ ըլլայ մեր տրտմութիւնը, զրկանքը կամ առանձնոութիւնը, համակրող բարեկամ մը ունինք: ԼԱ 86.2
Եթէ մեր տգիտութեան մէջ սխալ քայլեր առնենք , Փրկիչը մեզ չի լքեր: Երբեք պէտք չունինք ինքզինքնինս միայնակ զգալու: Հրեշտակներ մեր ընկերներն են: Մխիթարիչը զոր Քրիստոս խոստացավ Իր անունովը զրկել, մեր մէջ կբնակի: Դէպի Աստուծոյ քաղաքը առաջնորդող ճամբուն վրայ չկան դժուարութիւններ որոնց չկարենան յաղթել անոնք որ Իրեն կ՛ապաւինին: Չկան տրտմութիւն մը, նեղութիւն մը, մարդկային տկարութիւն մը որու համար Ան դարման մը նախատեսած չըլլայ: ԼԱ 87.1
Ոչ ոք պէտք ունի ինքզինքը լքելու սրտաբեկութեան եւ վհատութեան մէջ: Սատանան կրնայ գալ ձեզի անգութ թելադրութեամբ թէ՝ ձեր պարագան յուսահատական է, թէ դուք անփրկանաւորելի (irredeemable) էք: Բայց ձեզի համար յոյս կայ Քրիստոսով: Աստուած չի պատուիրեր մեզ յաղթել մեր անձին զօրութեամբ: Ան կը խնդրէ որ Իր քովը մօտենանք: Ինչ որ ալ ըլլան դժուարութիւնները որոնց մէջ կը տքնինք, դժուարութիւններ որոնք կը ճնշեն մեր հոգին ու մարմինը: Ան կը սպասէ մեզ ազատ կացուցանելու համար: ԼԱ 87.2
Ան որ մարդկութիւն առաւ Ինքզինքին վրայ գիտէ համակրիլ մարդկութեան տառապանքներուն: Քրիստոս ոչ միայն կը ճանչնայ իւրաքանչիւր անռձ եւ անոր մասնաւոր կարոտութիւններն ու փորձութիւնները, այլ գիտէ բոլոր պարագաները որ կը յուզեն եւ կը շփոթեցնեն հոգին: Իր ձեռքը կարեկից գուրգուրանքով տարածուած է դէպ ի իւրաքանչիւր տառապող զաւակ: Անոնք որ ամենէն աւելի կւ տառապին, աւելի մեծ չափով կը վայելեն Իր համակրանքն ու գութը: Ան կը կարեկցի մեր տկարութիւներուն եւ կը փափաքի որ մեր շփոթութիւններն ու նե- ղութիւնները դնենք Իր ոտքերուն առջեւ, եւ զանոնք թողունք հոն: ԼԱ 87.3
Խելացութիւն չէ որ մենք մեզի նայինք եւ մեր յուզումներով զբաղինք: Եթէ այսպէս ընենք, թշնամին դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ պիտի ներկայացնէ որոնք կը տկարացնեն հաւատքը եւ կը փճացնեն քաջութիւնը: Սերտօրէն ուսումնասիրել մեր յուզումները եւ ընթացք տալ մեր զգացումներուն կը նշանակէ հիւրընկալել տարակոյս, եւ ինքզինքնիս մատնել վարանումներու: Պէտք է մեր նայուածքը դարձնենք եսէն դէպի Յիսուս: ԼԱ 88.1
Երբ փորձութիւններ յարձակին ձեր վրայ, երբ հոգեր, շոթութիւններ եւ խաւար թուին շրջապատել ձեր հոգին, նայեցէ՛ք այն տեղին ուր վերջին անգամ տեսաք լոյսը: Քրիստոսի սիրոյն ու Իրեն պաշտպանող հոգածութեան տակ մնացէք: Երբ մեղղքը կը պայքարի տիրապետելու սիրտին, կ՛ընկճէ հոգին եւ կը ծանրաբեռնէ խղճմտանքը, երբ անհաւատութիւնը կ՛աղօտացնէ միտքը, յիշեցէ՛ք որ Քրիստոսի շնորհքը բաւական է նուաճելու մեղքը եւ վանելու խաւարը: Փրկչին հետ հաղորդութեան մտնելով խաղաղութեան բնագաւառին մէջ մուտք կը գործենք: ԼԱ 88.2
«Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ,
Եւ իրեն յուսացնողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատա-
պարտուի»: Սաղմոս 34:22
ԼԱ 88.3
«Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ,
Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան»: Առակաց 14:26
ԼԱ 88.4
«Բայց Սիօն ըսաւ, Եհովա զիս թողուց,
Ու Տէրը զիս մոռցաւ:
Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ.
Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ:
Ահա ես քեզ իմ ձեռքերուս մէջ նկարագրեցի»: Եսայի 49:14-16
ԼԱ 88.5
«Մի վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ.
Մի զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ.
Քեզ պիտի զօրացնեմ եւ քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ,
Ու իմ արդարութեանց աջովը քեզ պիտի բռնեմ»: Եսայի 41:10
ԼԱ 89.1
«Ձեզ որովայնէ կը կրնեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.
Մինչեւ ձեր ծերութիւնը անգամ ես նոյն եմ,
Ու մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ.
Ես ստեղծեցի ու ես պիտի վերցնեմ,
Ես պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ»: Եսայի 46:3 ,4
ԼԱ 89.2
Ոչինչ աւելի կը ձգտի յառաջացնելու մարմինի ու հոգիի առողջութիւն քան որքան երախտագիտութեան եւ գովութեան հոգի մը: Աղօթելու չափ դրական պարտականութիւն մըն է դիմադրել մելամաղձոտութեան նաեւ դժգոհութեան խորհուրդներու եւ զարգացումներու: Եթե մտադրած ենք երկինք երթալ, ի՞նչպէս կրնանք իբրեւ սգաւորներուխումբ մը հեծեծանքով ու տրտնջալով յառաջանալ մեր Հօրը բնակարանը տանող ճամբուն վրայ: ԼԱ 89.3
Ինքզինքնին Քրիստոնեայ դաւանողներէն անոնք որ տեւականապէս կը գանգատին եւ որ կը թուի խորհիլ թէ զուարթութիւն եւ երջանկութիւն մեղք են , չունին հարազատ կրօնք : Անոնք որ ցաւագին հաճոյք մը կը զգան ամէն բանի համար որ թախծալի է բնական աշխարհին մէջ , անոնք որ լաւագոյն կը համարեն մեռած տերեւներու վրայ նայիլ քան թէ քաղել գեղեցիկ կենսունակ ծաղիկներ , անոնք որ ոեւէ գեղեցկութիւն չեն տեսներ վեհ լեռներու բարձրութեանց եւ կենսալի կանաչութեամբ զարդարուած հովիտներու վրայ , անոնք որ կը գոցեն իրենց զգայարանքները զուարթ ձայնին դէմ որ բնութեան մէջ իրենց կը խօսի , որ քաղցր է եւ երաժշտական` լսող ականջին համար — ասոնք ամէնքն ալ զուրկ են Քրիստոսէ : Այսպիսիները իրենց վրայ կը հաւաքեն թախծութիւն եւ մթութիւն , երբ կրնային ունենալ պայծառութիւն , նոյնիսկ Արդարութեան Արեգակին ծագումը իրենց սիրտերուն մէջ Անոր ճառագայթներուն վրայ բժշկութեամբ : ԼԱ 89.4
Յաճախ միտքը կրնայ մթագնիլ ցաւի պատճառաւ: Այն ատեն մի փորձէք խորհիլ : Գիտէք թէ Յիսուս կը սիրէ ձեզ: Կը հասկնայ ձեր տկարութիւնը : Դուք կրնաք Իր կամքը կատարել պարզապէս Իր բազուկներուն մէջ հանգչելով : ԼԱ 90.1
Բնութեան օրէնքներէն մէկն է որ մեր մտածումներն ու զգացումները կը քաջալերուին եւ կը զօրանան երբ զանոնք կ’արտաբերենք : Մինչ բառերը մտածումներ կ’ արտայայտեն , ճշմարիտ է նաեւ որ մտածումները բառերու կը հետեւին : Եթէ աւելի շատ արտայայտենք մեր հաւատքը , աւելի շատ հրճուինք օրհնութիւններուն համար զորս գիտենք թէ ստացած ենք , - Աստուծոյ մեծ ողորմութիւնն ու սէրը , - ալ աւելի հաւատք պիտի ունենանք եւ աւելի մեծ ուրախութիւն : Ոչ մէկ լեզու կրնայ արտայայտել , ոչ մէկ սահմանաւոր միտք կրնայ ըմբռնել , օրհնութիւնը որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ բարութեան եւ սիրոյն գնահատութենէն : Նոյնիսկ երկրիս վրայ կրնանք ունենալ ուրախութիւն , իբրեւ աղբիւր մը — անսպառ , որովհետեւ իր մէջ կ’ընդունի հեղեղները որ կը հոսին Աստուծոյ գահէն : ԼԱ 90.2
Ուրեմն դաստիարակե’նք մեր սիրտերն ու շրթները գովաբանելու զԱստուած Իր անզուգական սիրոյն համար: Դաստիարակե’նք մեր անձերը ըլլալու յուսալից , եւ մնալու այն լոյսին մէջ որ կը փայլի Գողգոթայի խաչէն : Եր- բեք պէտք չէ’ մոռնանք որ երկնաւոր Թագաւորին զաւակներն ենք , որդիներն ու աղջիկները զօրաց Տէրոջը : Մեր արտօնութիւնն է Աստուծոյ ապաւինութեամբ խաղաղ հանգիստ մը վայելել : ԼԱ 90.3
«Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սիրտերուն մէջ թագաւորէ , … ու գոհացող եղէք» : Կողոս . 3:15: Մոռնալով մեր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները , գովենք զԱստուած Իր անուան փառքին համար ապրելու առիթի մը համար : Իւրաքանչիւր նոր օրուան թարմ օրհնութիւնները թող զովութիւն արթնցնեն մեր սիրտերուն մէջ Իր սիրազեղ հոգածութեան այս նշանակներուն համար : Երբ առաւօտուն ձեր աչքերը կը բանաք , շնորհակալ եղէք Աստուծոյ որ ձեզ պահած է գիշերուան միջոցին : Շնորհակալ եղէք Անոր` ձեր սիրտին մէջ Իր խաղաղութեան համար : Առաւօտուն , կէսօրին եւ գիշերը թող երախտագիտութիւն բարձրանայ երկինք իբրեւ անուշահոտութիւն մը : ԼԱ 91.1
Երբ մէկը հարցնէ թէ ինչպէս կը զգաք , մի’ փորձէք խորհիլ ցաւալի բան մը ըսելու որպէս զի համակրութիւն շահիք : Մի’ խօսիք ձեր թերահաւատութեան եւ ձեր տրտմութիւններուն եւ վիշտերուն մասին : Փորձիչը հաճոյք կը զգայ այսպիսի բառեր լսելով : Երբ կը խօսիք տխուր նիւթերու վրայ , զանի կը փառաւորէք : Պէտք չէ որոճանք Սատանային` մեզի յաղթելու մեծ զօրութեան վրայ : Յաճախ ինքզինքնիս անոր ձեռքերուն մէջ կը դնենք խօսելով իր ոյժին վրայ : Փոխանակ այսպէս ընելու , խօսինք Աստուծոյ մեծ զօրութեանը վրայ կապելու մեր շահերը Իր շահերուն հետ : Քրիստոսի անզուգական զօրութեա’նը վրայ խօսեցէք եւ Իր փա’ռքը պատմեցէք : Բոլոր երկինք շահագրգռուած է մեր փրկութեամբ : Աստուծոյ հրեշտակները , հազարք հազարաց եւ բիւրքրիւրուց , պաշտօն առած են սպասաւորելու անոնց որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն : Անոնք մեզ կը պահպանեն չարէն , եւ ետ կը մղեն խաւարին ոյժերը որ կը հետամտին մեզ կործանել : Պատճառ չունինք շնորհապարտ ըլլալու ամէն վայրկեան , շնորհապա’րտ նոյնիսկ երբ ակներեւ դժվարութիւններ ըլլան մեր ճամբուն վրայ : ԼԱ 91.2
Թող գովութիւն եւ գոհաբանութիուն արտայայտուի երգով : Երբ կը փորձուինք , փոխանակ մեր զգացումներուն ընթացք տալու , գոհաբանական երգ մը բարձրացնենք հաւատքով առ Աստուած : ԼԱ 92.1
Երգը զէնք մըն է զոր միշտ կրնանք գործածել վհատութեան դէմ : Մինչ այսպէս մեր սիրտը կը բանանք Փրկչին ներկայութեան լոյսին , պիտի ունենանք առողջութիւն եւ Իր օրհնութիւնը : ԼԱ 92.2
«Գոհացէք Տէրոջմէն , վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է :
Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները,
Զորոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն» : Սաղմոս 107 : 1,2
ԼԱ 92.3
«Երգեցէ’ք անոր , սաղմոս ըսէք անոր,
Պատմեցէ’ք անոր բոլոր հրաշքները :
Անոր սուրբ անունովը պարծենցէք .
Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ»: Սաղմոս 105 : 2,3
ԼԱ 92.4
«Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէք . վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիսոս Յիսուսով ձեր վրայ « : Ա . Թեսաղոնիկեցւոց 5 :18 : Այս պատուէրը ապահովութիւն մըն է թէ`նոյնիսկ այն բաները որ կ’երեւին մեզի հակառակ ըլլալ , մեր բարւոյն համար պիտի գործեն : Աստուած պիտի չի յանձնարարէր մեզ շնորհապարտ ըլլալ բանի մը համար որ մեզի պիտի վնասէր : ԼԱ 92.5
Հիւանդներուն ապաքինման ամենաստոյգ արգելքներէն մին է ուշադրութեան կենդրոնացումը իրենց անձին վրայ : Շատ անկարներ կը խորհին թէ ամէն ոք պարտի համակրութիւն ցուցնել եւ օգնութիւն ընձեռել իրենց , մինչ ինչ որ անոնք կը կարօտին , դարձնել է իրենց ուշադրութիւնը իրենց անձերէն , եւ հոգալ ուրիշները: ԼԱ 92.6
Յաճախ աղօթք կը խնդրուի նեղեալներու, վշտակիրներու եւ յուսահատներու համար. եւ ճիշտ է ասիկա: Պէտք է աղօթենք ոի Տէրը լոյս ծագեցնէ խաւարած միտքերու մէջ, եւ մխիթարէ տրտմալի սիրտը: Բայց Աստուած կ’ընդունի աղօթքները անոնց համար որոնք ինքզինքնին կը դնեն Իր օրհնութիւններուն անցքին վրայ: Մինչ աղօթք կը մատուցանենք վշտակիրներու համար, պէտք է քաջալերենք զանոնք օգնել փորձելու անոնց որ իրենցմէ աւելի կարօտ են: Խավարը պիտի փարատի անոնց սիրտերուն մէջէն մինչ կը փորձեն օգնել ուրիշներուն: Երբ կը հետամտինք մխիթարել ուրիշները այն մխիթարութեամբ որով մխիթարուած ենք, օրհնութիւնը ետ կը դառնայ մեզի: ԼԱ 93.1
Եսայիի յիսուն եւ ութերորդ գլուխը դեղագիր մըն է մարմինի եւ հոգիի հիւանդութեանց համար: Եթէ կը փափաքինք առողջութիւն եւ կեանքի ճշմարիտ հաճոյքը ունենալ, պէտք է կիրարկենք սա համարներուն մէջ տրուած կանոնները: Իրեն ընդունելի ծառայութեան եւ անոր օրհնութիւններուն նկատմամբ Տէրը կ’ըսէ` ԼԱ 93.2
«Քու հացդ անօթիին բաժնես,
Եւ թափառական տնանկները տունդ ընդունիս,
Երբ մերկ կը տեսնես` զանիկա հագուեցնես,
Ու քու մարմինէդ քեզ չպահես:
Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի,
Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի,
Եւ քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ,
Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ քեզ պիտի պաշտպանէ»: Եսայի 58:7,8
ԼԱ 93.3
Բարի գործեր կրկնապէս օրհնութիւն են, որովհետեւ օգտակար կ’ըլլան թէ’ բարիքը ընողին եւ թէ’ զայն ըն- դունողին: Ուղիղ եղածը ընելուն գիտակցութիւնը հիւանդացած մարմիններու եւ միտքերու համար լաւագոյն դեղերէն մին է: Երբ միտքը ազատ է եւ երջանիկ` լաւ կատարուած պարտականութեան զգացումով մը եւ ուրիշներուն երջանկութիւն տալուն գահունակութիւնովը, ասոր հետեւանք եղող, զուարթացնող եւ բարձրացնող ազդեցութիւնը նոր կեանք կը բերէ ամբողջ էութեան: ԼԱ 93.4
Թող անկարները , փոխանակ տեւականապէս համակրութիւն պահանջելու, հետամուտ ըլլան զայն ուրիշներուն տալու: Թող ձեր տկարութեան, տրտմութեան եւ վիշտին բեռը նետուի կարեկից Փրկչին վրայ: Բացէ’ք ձեր սիրտը Անոր սիրոյն, եւ թո’յլ տուէք որ ան ուրիշներուն վրայ հոսի: Յիշեցէ’ք որ ամէնքն ալ դժուարաւ տանելի նեղութիւններ եւ դժուարաւ դիմադրելի փորձութիւններ ունին, եւ դուք կրնաք բան մը ընել թեթեւցնելու անոնց բեռերը: Երախտագիտութի’ւն յայտնեցէք ձեր ունեցած օրհնութեանց համար, գնահատութի’ւն ցուցուցէք ձեր ընդունած հոգածութեանց համար: Սիրտերնիդ զեղո’ւն պահեցէք Աստուծոյ թանկագին խոստումներովը, որպէս զի կարենաք այս գանձէն արտաբերել բառեր որոնք մխիթարութիւն մը եւ զօրութիւն պիտի ըլլան ուրիշներուն: Ասիկա ձեզ պիտի շրջապատէ մթնոլորտով մը որ պիտի ըլլայ օգտակար եւ ազնուացնող: Ձեր նպատակը թող ըլլայ օրհնել ձեր շուրջինները, եւ պիտի գտնէք օգտակար ըլլալու կերպեր թէ’ ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ թէ’ այլոց: ԼԱ 94.1
Եթէ անոնք որ վատառողջութենէ կը տառապին մոռնային ինքզինքնին ուրիշներու համար իրենց շահագրգռութեան մէջ, եթէ անոնք կատարէին Տէրոջը պատուէրը ծառայելու իրենցմէ աւելի տկար եղողներուն, պիտի ըմբռնէին ճշմարտութիւնը մարգարէական խոստումին թէ` «Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի, ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի»: ԼԱ 94.2