ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւը: Ինտո՞ր սրբանայ պիտի մեղաւորը: Միայն Քրիստոսի միջոցով է որ կարող ենք Աստուծոյ հետ հաշտուիլ և հասնիլ սրբութեան. բայց ի՞նչպէս երթալու ենք Քրիստոսի: Շատեր,Պէնտէկոստէի օրը մեղքի համար համոզուող ամբոխին նման՝ կը հարցնեն, “Ի՞նչ ընենք:” Այդ հարցման ի պատասխան՝ Պետրոսի առաջին բառն եղաւ՝ “Ապաշխարեցէ՛ք:” Ոուրիշ առթիւ. մ՚ալ, քիչ յետոյ, ըսաւ, “Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի եկէ՛ք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուին:” Գործք. Բ. 38: Գ. 19: Ճշմարիտ ապաշխարութիւնը կը պարունակէ մեղքի համար ցաւ և անկէ դարձ մը: Մեղքէն չպիտի կրնանք հրաժարիլ յաւէտ՝ մինչև որ նախ չտեսնենք անոր մեղապարտութիւնը. մինչև սրտանց չդառնանք անկէ, մեր կեանքին մէջ իրական բարեփոխութիւն յառաջ չպիտի գայ: FF 21.1
Շատեր կան որ չեն հասկնար ապաշխարութեան ճշմարիտ բնութիւնը: Ուրիշ շատեր ալ՝ մեղանչած ըլլալնուն կը ցաւին. և նոյն իսկ արտաքուստ կը բարեփոխուին, որովհետեւ չար գործերնուն աղետաբեր հետեւանքէն կը վախնան: Բայց ատի Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ապաշխարութիւն չէ: Այդպիսիներ աւելի իրենց գլխուն գալու տառապանքին՝ քան թէ բո՛ւն իսկ մեղքին համար է որ կ՚ողբան: Ահա այդ ցաւն էր որ ունեցաւ Եսաւ՝ երբ իր անդրանկութեան իրաւանց իսպառ կորսուիլը տեսաւ: Բաղաամ, իր ճամբուն վրայ սուր ի ձեռին կեցող հրեշտակէն սարսափահար, կեանքը կորսնցնելու վախէն միայն ճանչցաւ իր յանցանքը. բայց մեղքին համար ճշմարիտ զղջում չէր ունեցածը, ոչ դիտաւորութեան փոփոխութիւն, և ոչ զզուանք՝ չարէն: Յուդա Իսկարիովտացին իր Տէրը մատնելէ վերջ՝ աղաղակեց, “Մեղա՜յ որ անմեղ արիւն մատնեցի:” Մատթ. ԻԷ, 4: FF 22.1
Այդ խոստովանութիւնը իր մեղապարտ հոգիին խորէն բռնի դուրս ելաւ՝ իր դատապարտութեանը ահաւոր զգացումէն և Աստուծոյ դատաստանին զարհուրելի ակնկալութենէն: Իր գլխուն գալիք աղէտքները ահուդողի մատնեցին զինքը, սակայն իր հոգիին մէջ խորին և սրտաբեկ կսկիծը չունէր թէ Աստուծոյ անարատ Որդին էր մատնած, եւ ուրացած՝ Իսրայէլին Սուրբը: Քարաւոն, Աստուծոյ դատաստաններուն տակ ընկճուած ատեն կը ճանչնար իր մեղքը, ա՛լ աւելի պատուհասներու չենթարկուելու համար, և սակայն կը սկսէր Երկինքին դէմ խրոխտալ՝ պատուհասները դադրելուն պէս: Ասոնք բոլորը մեղքին հետեւանքներուն համար կ՚ողբային, բայց բո՛ւն մեղքին համար չէր իրենց ցաւը: FF 22.2
Բայց երբ սիրտը Աստուծոյ Հոգիին ազդեցութեանը տակն ըլլայ, խիղճը կ՚արթննայ, ու մեղաւորը կը սկսի տեսնել Աստուծոյ օրէնքին խորութիւնն ու սրբութիւնը, օրէնք՝ որ հիմն է Անոր կառավարութեանը երկինքի մէջ և երկրի վրայ: Այն լոյսը “որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ,” (Յովհ. Ա. 9), կը լուսաւորէ հոգիին խորերը, եւ խաւարին գաղտնիքը ի վեր կը հանէ: Յայնժամ մեղքին համոզումը կը գրաւե միտքն ու սիրտը: Մեղաւորը՝ Եհովային արդարութեանն զգացումովը կը համակուի, և՝ իր յանցաւորու- FF 23.1
թիւնովն ու անմաքրութեամբը՝ սրտերը Քննողին առջեւ երեւնալու ահուդողովը կը բռնուի: Ան կը տեսնէ Աստուծոյ սէրը, սրբութեան գեղեցկութիւնը, մաքրութեան ուրախութիւնը, և կը բաղձայ մաքրուիլ և Երկինքի հետ հաղորդ ըլլալ: FF 24.1
Իր անկումէն յետոյ՝ Դաւիթի աղօթքը մեղքի համար ճշմարիտ ցաւին բնոյթը կը լուսաբանէ: Անոր զղջումը անկեղծ էր և խորին: Ան բնաւ ջանք չըրաւ պարտըկելու իր մեղապարտութիւնը. սպառնացող դատաստանէն փախչելու փափաքը չէր որ ներշնչեց իր աղօթքը: Դաւիթ տեսաւ իր անօրէնութեանը մեծութիւնը. իր հոգիին աղտը տեսնելով՝ զզուեցաւ իր մեղքէն: Ոչ միայն թողութեան համար աղօթեց, այլ սրտի մաքրութեան համար ալ: Սրբութեան ուրախութեանը կը բաղձար, — Աստուծոյ հետ վերստին միաբան և հաղորդ ըլլալու: Ահա՛ իր հոգիին աղաղակը. — FF 24.2
“Երանի՜ անոր՝ որուն յանցանքներուն թողութիւնը եղաւ, ու անոր մեղքերը ծածկուեցան: FF 24.3
Երանի՜ ան մարդուն՝ որ Տէրը անօրէնութիւնը չի սեպեր անոր, FF 24.4
Ու որուն հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ:” FF 24.5
“Ողորմէ՛ ինծի ո՛վ Աստուած՝ Քու ողորմութեանդ համեմատ. FF 24.6
Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ՛ իմ յանցանքներս:... FF 24.7
Վասն զի ես կը ճանչնեմ իմ յանցաքներս, ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է: FF 24.8
Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս, ու մաքուր ըլլամ. զիս լուա՛, ու ձիւնէն աւելի ճերմակ ըլլամ:... Ո՛վ Աստուած՝ իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ՛։ FF 24.9
Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր, ու Քու Սուրբ Հոգիդ ինձմէ մի հաներ: FF 25.1
Քու փրկութեանդ ցնծութի՛ւնը ինծի ետ դարձո՛ւր. FF 25.2
Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատե զիս:... FF 25.3
Ո՛վ Աստուած՝ իմ փրկութեանս Աստուածը, փրկէ՛ զիս արիւնհեղութենէն. FF 25.4
Ու լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի Քու արդարութեանդ վրայով:” (Սաղմ. ԼԲ. 1, 2: ԾԱ. 1-14:) FF 25.5
Այսպիսի զղջում մ՚արտայայտել՝ մարդու կարողութենէն վեր է. Քրիստոս միայն կրնայ տալ զայն. Ան որ բարձրը ելաւ՝ ու մարդոց պարգեւներ տուաւ: FF 25.6
Ճիշտ հո՛ս է որ շատեր կը սխալին, և հետեւապէս կը զրկուին այն օգնութենէն զոր Քրիստոս կը ցանկայ շնորհել իրենց: Անոնք կը կարծեն թէ չեն կարող Իրեն գալ՝ մինչև որ նախ չապաշխարեն, և թէ ապաշխարութիւնը իրենց մեղքերուն թողութեանը համար պատրաստութիւնը մը կ՚ըլլայ: Ճիշդ է որ ապաշխարութիւնը կը կանխէ մեղքերու թողութիւնը. քանզի կոտրած և խոնարհ սիրտն է միայն որ Քրկչի մը պէտքը կը զգայ: Բայց մեղաւորը պէ՞տք է սպասէ մինչև որ ապաշխարէ՝ Յիսուսի գալէ առաջ: Ապաշխարութիւնը պէ՞տք է արգելք մ՚ըլլայ մեղաւորին և Քրկչին միջև: FF 25.7
Ս. Գիրքը բնաւ չի սորվեցներ թէ մեղաւորը պարտի ապաշխարել՝ պատասխանելէ առաջ Քրիստոսի սա հրաւէրին, “Եկէ՛ք Ինծի՝ բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ, և ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ:” Մատթ. ԺԱ. 28, Քրիստոսէն ելած զօրութիւնն է՝ որ ճշմարիտ ապաշխարութեան կ՚առաջնորդէ մարդը: Պետրոս այս խնդիրը պարզեց Իսրայելցւոց առջև՝ երբ սա յայտարարութիւնն ըրաւ անոնց, “Աստուած զանիկա Իր աջ ձեռքովը Առաջնորդ ու Քրկիչ ըլլալու բարձրացուց՝ Իսրայելին ապաշխարութիւն և մեղքերու թողութիւն տալու:” Գործք. Ե. 31: Ինչպէս որ չենք կարող թողութիւն գտնել՝ առանց Քրիստոսի, նոյնպէս չենք կրնար ապաշխարել՝ առանց խիղճը արթնցնող Քրիստոսի Հոգիին: FF 26.1
Քրիստո՛ս աղբիւրն է ամէն ուղիղ դրդման: Ա՛ն է միայն որ կրնայ մեղքի դէմ թշնամութիւն դնել սրտներուս մէջ: Ճշմարտութեան և մաքրութեան համար ամէն մէկ տենչ, մեր մեղաւորութեան մասին ամէն մէկ համոզում՝ ապացոյց մըն է թէ Իր Հոգին կը ներգործէ կոր մեր սրտերուն վրայ: FF 26.2
Յիսուս ըսաւ, “Ես ալ՝ երբ երկրէ բարձրանամ, ամէնն ալ Ինծի պիտի քաշեմ:” Յովհ. ԺԲ. 32: Քրիստոս պէտք է որ յայտնուի մեղաւորներուն՝ իբր աշխարհի մեղքերուն համար մեռնող Քրկիչ: Ու երբ նայինք Գողգոթայի խաչին վրայ գամուած Աստուծոյ Գառին, փրկութեան խորհուրդը կը սկսի յայտնուիլ մեր մտքերուն, և Աստուծոյ բարութիւնը ապաշխարութեան կ՚առաջնորդէ մեզ: Մեղաւորներուն համար մեռնելով՝ Յիսուս այնպիսի սէր մը ցոյց տուաւ որ անըմբռնելի է. ու երբ մեղաւորը կը տեսնէ այդ սէրը, սիրտը կը շարժի, միտքը կը յափշտակուի, և հոգին զղջումով կը համակուի: FF 26.3
Իրա՛ւ է թէ մարդիկ երբեմն կ՚ամչնան մեղաւոր ընթացքնուն համար, և իրենց չար սովորութիւններէն ոմանք կը թողուն, դէպ ի Քրիստոս յարած ըլլալնուն գիտակից ըլլալէ առաջ: Բայց ամէն անգամ որ անոնք կը ջանան բարեփոխուիլ, արդարութիւն գործելու անկեղծ փափաքէ մը մղուած, Քրիստոսի զօրութիւնն է որ կը քաշէ զիրենք: Ազդեցութիւն մը՝ որուն անգիտակից են, իրենց հոգիին վրայ կը ներգործէ, ու իրենց խիղճը կ՚արթննայ՝ և արտաքին վարքը կը լաւանայ: Ու երբ Քրիստոս անոնց ակնարկը դարձնէ դէպ ի Իր խաչը՝ և նայիլ տալ Անոր զոր իրենց մեղքերը ծակեցին, պատուիրանքը կը խօսի իրենց խղճին: Կեանքերնուն չարութիւնը, սրտներնուն մէջ խորապէս արմատացած մեղքը կը յայտնուի իրենց: Անոնք Քրիստոսի արդարութեանը մասին կը սկսին խելամուտ ըլլալ՝ ու կ՚աղաղակեն, “Ի՜նչ ահռելի բան է եղեր մեղքը, ըստ որում այդպիսի զոհաբերութիւն մըն է պէտք եղեր՝ անոր ճիրաններէն փրկելու համար իր զոհերը: Այսչափ սէր, այսչափ տառապանք, ու այսչափ խոնարհութի՞ւն պէտք է եղեր, որպէս զի չկորսուէինք մենք, այլ յաւիտենական կեանք ունենայինք:” FF 27.1
Մեղաւորը կրնայ դիմադրել այդ սիրոյն Քրիստոսի յարիլը մերժել. բայց եթէ չընդդիմանայ, պիտի յարի Անոր. փրկութեան խորհուրդին գիտութիւնը զինքը խաչին ոտքը պիտի աանի՝ ապաշխարելով իր մեղքերուն համար՝ որոնք պատճառ եղան Աստուծոյ սիրելի Որդւոյն տառապանքներուն: FF 28.1
Աստուածային միեւնոյն Հոգին՝ որ բնութեան մէջ կը գործէ, կը խօսի մարդոց սրտերուն անբացատրելի տենչ մը ստեղծելով հոն բանի մը համար զոր անոնք չունին: Աշխարհի բաները չեն կարող գոհացնել իրենց բաղձանքը: Աստուծոյ Հոգին զանոնք կը քաջալերէ որոնելու այն բաներն որ միայն կրնան խաղաղութիւն և հանգիստ պարգեւել, — Քրիստոսի շնորհքը, սրբութեան ցնծութիւնը: Տեսանելի և անտես ազդեցութիւններով՝ մեր Քրկիչը անդադար կը ջանայ մարդոց խորհուրդները մեղքին սին ու չգոհացնող հաճոյքներէն դարձնել դէպ ի այն օրհնութիւնները զոր անոնք կրնան Իրմով ձեռք բերել: Այն բոլոր հոգիներուն որոնք ի զո՜ւր կը ջանան, այս աշխարհիս ծակոտ գուբերեն խմել, աստուածային սա պատգամը կ՚ուղղեի “Ո՛վ որ ծարաւ է՝ թող գայ, և ան որ կ՚ուզէ՝ կենաց ջուրը ձրի առնէ:” Յայտ. ԻԲ. 17: FF 28.2
Ո՜վ դուն՝ որ սրտանց կը հառաչես լաւագոյն բանի մը քան ինչ որ աշխարհս կրնայ տալ, գիտցի՛ր թէ այդ հառաչդ Աստուծոյ ձայնն է՝ հոգիիդ խօսող: Խնդրէ՝ Անկէ որ քեզի ապաշխարութիւն տայ, և քեզի յայտնէ Յիսուսը Իր անսահման սիրովն ու կատարեալ մաքրութեամբը: Ք րկչին կեանքին մէջ Աստուծոյ օրէնքին սկզբունքները — սէր առ Աստուած և առ մարդ — կատարելապէս երեւցան օրինակով: Բարութիւն և անշահախնղիր սէր, — ահա՛ աս էր Իր բուն հոգին: Երբ Անոր կը նայինք, երբ մեր Ք րկչէն ճառագայթող լոյսը վրանիս կ՚իյնայ, ո՛հ այն ատեն է որ կը տեսնենք մեր սրտերուն անիծապարտ մեղաւորութիւնը...: FF 28.3
Կրնանք՝ Նիկոդեմոսի պէս՝ խաբած ըլլալ ինքզինքնիս՝ թէ մեր կեանքը անմեղադրելի է եղած, թէ մեր բարոյական նկարագիրը մաքուր է, ու կարծել թէ պէտք չունինք սրտներնիս Աստուծոյ առջեւը խոնարհեցնելու ինչպէս հասարակ մեղաւորներ. բայց երբ Քրիստոսի լոյսը ծագի՜ մեր հոգիին մէջ, պիտի տեսնենք ի՜նչքան պիղծ ենք եղեր. պիտի որոշ տեսնենք մեր շարժառիթներուն եսականութիւնը և Աստուծոյ դէմ թշնամութիւնը՝ որ մեր կեանքին իւրաքանչիւր արարքը աղտոտեր է: Յայնժամ պիտի գիտնանք որ մեր արդարութիւնը իրա՛ւ աղտոտ քուրջերու պէս է եղեր (Եսայի ԿԴ. 6), և թէ Քրիստոսի արի՜ւնը միայն կրնայ մեզ մաքրել մեղքին աղտէն, և մեր սրտերը Անոր նմանութեանը փոխակերպել: FF 29.1
Աստուծոյ փառքին մէկ շողը, Քրիստոսի մաքրութեան մէկ նշոյլը, հոգիին խորը թափանցելով՝ ցաւագին կերպով երեւան կը հանէ պղծութեան ամէն մէկ արատ, և մարդկային նկարագրին տձեւութիւնն ու թերութիւնները մերկապարանոց մէջտեղ կը հանէ: Ի յայտ կը բերէ անսուրբ ցանկութիւնները, սրտին անհաւատութիւնը, շրթներուն պղծութիւնը: Աստուծոյ օրէնքը խափանելովը՝ մեղաւորին անհնազանդութիւնը իր աչքին կը պարզուի, և իր հոգին Աստուծոյ Հոգիին խորաթափանց ազդեցութեանը տակ կը խոնարհի ու կը տառապի: Ան ինքզինքէն կը զզուի՝ Քրիստոսի մաքրամաքուր, անարատ նկարագրին ի տես: FF 30.1
Երբ Դանիէլ մարգարէն իրեն ղրկուած երկնաւոր պատգամաւորը շրջապատող փառքը տեսաւ, իր տկարութեանը և անկատարութեանն զգացումին տակ ընկճուեցաւ: Ու այդ հրաշալի տեսիլին իր վրայ ըրած ազդեցութիւնը նկարագրելով՝ կ՚ըսէ, “Վրաս ուժ չմնաց, և իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ, ու ա՛լ ուժ չունեցայ:” Դան. Ժ 8: Այսպէս յուզուած հոգին՝ պիտի իր եսականութիւնն ատէ, իր անձնասիրութենէն խորին զզուանք պիտի զգայ, և պիտի փնտռէ՝ Քրիստոսի արդարութիւնով՝ սրտի մաքրութիւնը որ համաձայն է Աստուծոյ օրէնքին և Քրիստոսի նկարագրին: FF 30.2
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ թէ “Օրէնքին արդարութեանը կողմանէ,” — արտաքին արարքներու նկատմամբ, — “անարատ էի:” Քիլ. Գ. 6: Բայց երբ օրէնքին հոգեւոր հագամանքը որոշակի նկատի առաւ, ինքզինքը մեղաւոր տեսաւ: Օրէնքին տառէն դատելով ինքզինքը, ինչպէս կ՚ընեն մարդիկ արտաքին կենցաղին նկատմամբ, մեղքէն ետ կեցեր էր ան. բայց երբ այդ օրէնքին սուրբ պատուիրանքներուն խորքը նայեցաւ՝ ու ինքզինքը տեսաւ այնպէս ինչպէս Աստուած կը տեսնէր զանի, խոնարհութեամբ ծռելով իր յանցանքը խոստովանեցաւ: “Առանց օրէնքի ատեն մը կենդանի էի,” կ՚ըսէ, “բայց երբ պատուիրանքը հասաւ, մեղքը ողջնցաւ ու ես մեռայ:” Հռովմ: Է, 9: Երբ օրէնքին հոգեւոր բնոյթը տեսաւ, մեղքը բու՛ն իսկ իր տգեղութեամբն երեւցաւ, ու ան այլևս կորսնցուց իր վրա լաւ կարծիքը: FF 30.3
Աստուած բոլոր մեղքերը ալ հաւասար չի նկատեր. Անոր առջեւը յանցաւորութեան տարբեր աստիճաններ կան՝ ինչպէս որ մարդոց առջև. բայց ի՛նչքան ալ աննշան թուի այս կամ այն յանցանքը յաչս մարդոց, ոչ մէկ մեղք պզտիկ չէ յաչս Աստուծոյ: Մարդուն դատողութիւնը մասնակի, անկատար է. բայց Աստուած իրերը կը դատէ այնպէս ինչպէս են իրօք: Գինեմոլը կ՚անարգուի, և իրեն կ՚ըսուի որ իր մեղքը պիտի երկինքէն զրկե զինքը: Մինչ՝ հպարտութիւն, եսասիրութիւն և ցանկութիւն անդատապարտելի կը մնան շատ յաճախ: Բայց ասոնք մեղքեր են որ մասնաւորապէս ատելի յաչս Աստուծոյ. քանզի հակառակ են Իր նկարագրին բարութեանը, այն անշահախնդիր սիրոյն՝ որ անմեղ տիեզերքին բարոյական մթնոլորտը կը կազմէ: Այն մարդը որ խոշոր մեղքի մը մէջ կ՚իյնայ, կրնայ իր անարզութեան և թշուառութեան զգացումն ունենալ, և հասկնալ որ պէտք ունի Քրիստոսի շնորհքին. բայց հպարտութիւնը ո և է պէտք չ՚զգար, այնպէս որ սրտին դռնակը կը փակէ Քրիստոսի դէմ, և այն անհուն օրհնութեանց դէմ զոր Ան տալու եկաւ: FF 31.1
Խեղճ մաքսաւորը որ կ՚աղօթէր՝ “Աստուա՛ծ, ողորմէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս,” Ղուկ. ԺԸ. 13, ինքզինքը կը նկատէր իբր խի՜ստ մեղաւոր մէկը, և այլք նոյնպէս մեղաւորը կը նկատէին զանի. բայց ան զգաց իր կարօտութիւնը, ու իր մեղապարտութեանն զգացումին տակ ընկճուած, ամօթահար և վշտաբեկ, Աստուծոյ առջև ներկայացաւ՝ Անկէ գթութիւն խնդրելու համար: Անոր սիրտը բաց էր՝ որպէս զի Աստուծոյ Հոգին իր շնորհացը գործը կարենար կատարել և մեղքէն ազատել զինքը: Իսկ Քարիսեցիին գոռոզ և իր անձին արդարութիւնովը տոգորուած աղօթքը ցոյց տուաւ որ անոր սիրտը փակուած էր Ս. Հոգիին ազդեցութեանը դէմ: Անիկա այնքան հեռացեր էր Աստուծմէ՝ որ այլեւս չէր տեսներ իր հոգիին աղտը՝ որ այն ատեն միայն կը յայտնուի՝ երբ դէմ առ դէմ կը դրուի աստուածային սրբութեան կատարելութեանը: Ո և է պէտք չ՚զգաց, և հետեւապէս ոչինչ չընդունեցաւ. FF 32.1
Եթէ մեղաւորութիւնդ կը տեսնես դուն, մի՛ սպասեր ինքզինքդ լաւագոյն ընելու: Քանի՜ քանիներ կան որ կը խորհին թէ բաւական լաւ չեն Քրիստոսի գալու համար: Կը կարծես որ քու իսկ ջանքերովդ պիտի կրնա՞ս լաւագոյն դառնալ: “Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպացին իր մորթը, կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ որ դուք ալ չարութիւն ընելու սորված ըլլալով՝ կարենաք աղէկութիւն ընել:” Երեմ ԺԳ 23: Մեր օգնութիւնը միայն Աստուծմէ է: Պէտք չէ սպասենք որ համոզումնիս աւելի հաստատուն դառնայ, կամ պատեհութիւնը աւելի նպաստաւոր ըլլայ, կամ աւելի սուրբ խառնուածք ունենանք: Մենք մեզմէ ոչինչ կրնանք ընել: Պէտք է Քրիստոսի երթանք այնպէս ինչպէս ենք: FF 32.2
Բայց ոչ ոք թող ինքզինքը չխաբէ խորհելով որ Աստուած Իր մեծ սիրովն ու ողորմութեամբը Իր շնորհքը մերժողներն իսկ պիտի փրկէ: Մեղքին խիստ մեղապարտութիւնը խաչին լոյսովը միայն կրնայ տեսնուիլ Անոնք որ կը պնդեն թէ Աստուած այնքան բարի է որ մեղաւորները չի մերժեր Գողգոթային թող նային: Քանզի որովհետև ուրիշ միջոց չկար որով մարդ կարող ըլլար փրկուիլ վասն զի առանց այդ զոհաբերութեան անկարելի էր մարդկային ազգին փախչիլ մեղքին ապականիչ ազդեցութենէն, և վերստին հաղորդ ըլլա սուրբ էակներու հետ. — որովհետև անկարելի՜ էր անոր վերստին մասնակցիլ հոգեւոր կեանքի, — ահա՛ ասոր համար էր որ Քրիստոս Իր վրայ առաւ անհնազանդին մեղապարտութիւնը, և մեղաւորին տեղը տառապեցաւ: Աստուածորդւոյն սէրն ու չարչարանքը և մահը բոլոր կը վկայեն մեղքին ահաւոր մեծութեանը, և կը յայտարարեն թէ անհնա՜ր է անոր իշխանութենէն ազատիլ, և թէ չկայ ո և է յոյս գերագոյն կեանքի մը՝ եթէ ոչ հոգիին Քրիստոսի հպատակութեամբը: FF 33.1
Անզեղջները երբեմն ինքզինքնին կ՚արդարացնեն՝ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներու մասին ըսելով, “Ես ալ անոնց չափ բարի եմ: Անոնք ինձմէ աւելի անձնուրաց, ժուժկալ, կամ շրջահայեաց չեն իրենց վարմունքին մէջ: Անոնք ալ հաճոյք և զուարճութիւն կը սիրեն ինծի չափ:” Այսպէս՝ իրենց պարտականութեանը մէջ թերանալնին կը չքմեղացնեն իրենք՝ այլոց պակասութիւնները մէջ բերելով: Բայց այլոց մեղքերն ու թերութիւնները ոչ ոք պիտի չարդարացնեն. քանզի Աստուած մեզի չէ տուեր անկատար, մարդկային օրինակ մը: Աստուծոյ անարատ Որդին մեզի շնորհուած է իբր տիպար. ու անոնք որ կը գանգատին Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներու ապօրէն ընթացքին մասին, իրե՛նք պարտին անբասիր կեանք մը ապրիլ, և ազնիւ ու բարի օրինակ հանդիսանալ: Եթէ այդպիսիները ըմբռներ են թէ ի՛նչ պարտի ըլլալ Քրիստոնեայ մը, այդ պարագային մէջ իրենց մեղքը աւելի ծանր եղած չըլլա՞ր. քանզի իրենք գիտեն եղեր արդարութեան ինչ ըլլալը, և սակայն չեն ուզեր կոր զայն ի գործ դնել: FF 34.1
Զգո՛յշ եղիր յապաղելէ: Մեղեքերէդ հրաժարելու և Յիսուսի միջոցով սրտի մաքրութիւն փնտռելու գործը մի՛ ձգձգեր: Ճիշտ հո՛ս է որ հազարաւորներ մոլորեր են՝ իրենց յաւիտենական կորստեան երթալով: Այստեղ մարդկային կեանքին ինչքան կարճ՝ և ո՛ր աստիճան անստոյգ ըլլալուն վրայ չէ որ պիտի ծանրանամ. բայց ահաւո՜ր վտանգ մը կայ — վտանգ՝ որ շատ քիչ է հասկցուած — Աստուծոյ Հոգիին պաղատող ձայնին զիջանիլը յետաձգելու և մեղքի մէջ ապրիլն ընտրելու մէջ. քանզի ա՛յդ իսկ է իրօք յապաղումը: Մեղքը, ի՛նչքան ալ աննշան համարուի, եթէ գործադրուի, յաւիտենա- կան կորստեան պատճառ կ՚ըլլայ: Ինչ որ չյաղթենք, պիտի մեզ յաղթէ և մեր կորուստը գործէ: FF 34.2
Ադամ և Եւա իրենք զիրենք համոզեցին թէ արգիլուած պտուղէն ուտելու պէս ջնջին բանէ մը այնքան աղետաբեր հետեւանքներ յառաջ չէին գար՝ ինչպէս Աստուած յայտարարած էր: Բայց այդ ջնջին բանը Աստուծոյ անփոփոխելի և սուրբ օրէնքին զանցառութիւնն էր, որ մարդը զատեց Աստուծմէ և մահը մտցուց աշխարհ, անպատու՜մ ցաւերով ողողելով զայն: Ու դարերու ընթացքին մէջ տառապանքի շարունակական աղաղակը բարձրացաւ մեր այս երկրէն, ու բովանդակ արարչութիւնը երկունքի մէջ ըլլալով կը հեծէ՝ մարդուն անհնազանդութեան հետեւանօք: Երկինք նաև զգացած է Աստուծոյ դէմ մարդուն ապստամբութեան հետեւանքները: Գողգոթան յիշատակարան մըն է այն զարմանալի զոհաբերութեան որ հարկ եղաւ քաւելու համար աստուածային օրէնքին զանցառութիւնը: Թեթև բան չնկատենք ուրեմն մեղքը: FF 35.1
Իւրաքանչիւր օրինազանցութիւն, ամէն մէկ մերժում Քրիստոսի շնորհքին՝ կամ անոր հանդէպ ցոյց տրուած անփութութիւնը քեզի կը հակազդէ կը խստացնէ սիրտդ, կը վատթարացնէ կամքդ, կը բթացնէ իմացողութիւնդ, ու ոչ միայն նուազ հակամէտ կ՚ընէ քեզ հնազանդելու այլ և նուազ կարող Աստուծոյ Ս. Հոգիին գորովագութ հրաւէրներուն պատասխանելու: FF 35.2
Շատեր խռոված խիղճերնին կը հանդարտեցնեն, այն մտքով թէ կրնան ուզած ատեննին փոխել իրենց չար ընթացքը թէ աստուածային ողորմութեան հրաւէրները կրնան արհամարհել ու տակաւին ազդուիլ կրկին ու կրկին: Անոնք կը կարծեն թէ շնորհաց Հոգին արհա- մարհելէ և ազդեցութիւննին Սատանային կողմը նետելէ վերջ, ահաւոր ծայրայեղութեան վայրկեանի մը՝ կրնան ընթացքնին փոխել: Բայց ատի դիւրին գործ չէ: Բովանդակ կեանքի ընթացքին մէջ ստացուած փորձառութիւնն ու դաստիարակութիւնը այնպէս կաղապարեր են նկարագիրը՝ որ շատ քիչեր կը ցանկան յայնժամ Յիսուսի պատկերն ընդունիլ: FF 35.3
Նո՛յն իսկ նկարագրի թերութիւն մը, մեղապարտ փափաք մը՝ որուն յամառաբար կը յարի մարդ, կրնայ՝ ժամանակի ընթացքին մէջ՝ չեզոքացնել աւետարանին բոլոր զօրութիւնը: Կանխամտածմամբ գործուած ամէն մեղք՝ կը զօրացնէ հոգիին ատելութիւնն առ Աստուած: Այն մարդը՝ որ յանդուգն անհաւատութիւն կամ տխմար անտարբերութիւն ցոյց կուտայ աստուածային ճշմարտութեան հանդէպ, իր ցանածը կը քաղե սոսկ: Ամբողջ Ս. Գրքին մէջ չկայ աւելի ահաւոր ազդարարութիւն մը չարութիւնն առ ոչինչ գրելու դէմ՝ քան Իմաստունին հետագայ խոսքը թէ՝ “Մեղաւորը իր մեղքին չուաններովը պիտի բռնուի:” Առակ. Ե. 22: FF 36.1
Քրիստոս պատրաստ է մեղքէն ազատելու մեզ, բայց Ան չի բռնադատեր մեր կամքը. և եթէ յամառ օրինազանցութեամբ մեր կամքը միշտ չարին հակամէտ ըլլայ, ու մենք չցանկանք ազատիլ, եթե չուզենք ընդունիլ Իր շնորհքը, ի՞նչ աւելի կարող է ընել Ինք: Մենք մեզ կը կործանենք՝ յամառաբար Անոր սէրը մերժելով: “Ահա հիմա՛ է ընդունելի ժամանակը. ահա հիմա՛ է փրկութեան օրը:” “Այսօր եթէ Անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք:” Բ կոր. Զ. 2: Երբ. Գ. 7, 8: FF 36.2
“Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին,” FF 36.3
Ա Թադ ԺԶ 7 — մարդկայի՛ն սրտին իր ուրախութեան և տրտմութեան հակասական յուզումներովը, — մոլար ու անառա՜կ սրտին բոյն այնքան պղծութիւններու և խաբէութեանց: Ան գիտէ անոր շարժառիթները խորհուրդներն ու դիտաւորութիւնները: Համակ աղտոտ հոգիովդ Անո՛ր գնա Սաղմոսերգուին պէս պարզէ՛ զանի Ամենատես Աչքին առջև գոչելով, “փորձէ՛ զիս՝ ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածմունքներս և նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէջ եմ և զիս դէպ ի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ՛:” Սաղմ ՃԼԹ 23, 24: FF 46.1
Շատեր մտաւոր կրօնք մը կ՚ընդունին աստուած պաշտութեան կերպարանք մը՝ մինչ իրենց սիրտը չէ մաքրուած: Թող աղօթքդ ըլլայ “Ո՛վ Աստուած իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ, և իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ՛” Սաղմ ԾԱ. 10: Քու հոգիիդ հետ հաւատարմօրէն վարուէ՛: Եռանդուն և յարատեւող եղի՛ր այնպէս ինչպէս պիտի ըլլայիր եթէ մահկանացու կեանքդ վտանգի մէջ ըլլար: Ահա՛ հարց մը որ պէտք է որոշուի — և յաւիտենապէ՜ս որոշուի —Աստուծոյ և քու հոգիիդ միջև: Ենթադրուած յոյս մը և ոչի՛նչ աւելի աղետաբեր պիտի ըլլայ քեզի: FF 46.2
Աղօթքով քննէ՛ Աստուծոյ Խօսքը Այդ Խօսքը քեզի կը յայտնէ Աստուծոյ օրնեքին ինչպէս և Յիսուսի կեանքին մէջ, մեծ սկզբունքները սրբութեան առանց որուն “ոչ մէկը պիտի տեսնէ Տէրը:” Եբր ԺԲ 14: Ան մեղքի նկատմամբ կը համոզէ և յստակօրէն փրկութեան ճամբան կը ցուցնէ: Ուշադի՛ր եղիր անոր՝ իբր Աստուծոյ ձայնին՝ հոգիիդ խօսող: FF 46.3
Երբ կը տեսնես մեղքին մեծութիունը երբ կը տես նես ինքզինքդ այնպէս ինչպէս ես իրօք, մի՛ յուսահատիր: Մեղաւորները փրկելու համար էր որ եկաւ Յիսուս: Ոչ թէ մենք ենք որ պիտի հաշտեցնենք զԱստուած մեզի հետ, այլ՝ — ո՜վ անքննելի սէր — “Աստուած էր որ Քրիստոսով աշխարհը Իրեն հետ հաշտեցուց:” Բ Կոր. Ե. 19: Ան գորովալի սիրովն Իրեն կը քաշէ Իր մոլորած զաւակներուն սրտերը: Չկան երկրաւոր ծնողքներ՝ որ կարենան այնքան համբերել իրենց զաւակներուն յանցանացը և պակասութեանցը որքան Աստուած կը համբերէ անոնց զորս կ՚ ուզէ փրկել: Ոչ ոք պիտի կարող ըլլար աւելի՛ քաղցրութեամբ վերաբերուիլ օրինազանցին հետ: Մարդկային շրթներ երբէ՛ք չարտաբերեցին աւելի գողտր պաղատանք՝ մոլորածներուն ուղղուած: Աստուծոյ բոլոր խոստումներն ու Իր բոլոր ազդարարութիւններն անպատում սիրոյ մը յայտարարութիւններն են լոկ: FF 46.4
Երբ Սատանան գայ քեզի ըսելու թէ մեծ մեղաւոր մըն ես դուն, Քրկչի՛դ նայէ, և Անոր արժանիքներուն մասին խօսէ՛: Անոր լոյսին նայիլդ է որ քեզի պիտի օգնէ: Ճանչցի՛ր մեղքդ, բայց ըսէ՛ թշնամիին՝ թէ “Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու,” Ա Տիմ. Ա. 15, և թէ դուն կրնաս փրկուիլ Անոր անսահման սիրովը: Յիսուս հարցում մ՚ ըրաւ Սիմոնին՝ երկու պարտատէրներու- վրայօք: Մէկը պզտիկ գումար մը կը պարտէր իր տիրոջը, իսկ միւսը մեծկակ գումար մը. բայց ան՝ երկուքին ալ պարտքը շնորհեց անոնց, ու Յիսուս հարցուց Սիմոնին թէ ո՛ր պարտատէրը պիտի ա՛ւելի սիրէր իր տէրը: Սիմոն պատասխանեց. “Որուն որ շատ շնորհեց:” Ղուկ. Է. 43: Մենք մեծ մեղաւորներ էինք, բայց Քրիստոս մեռաւ՝ որպէս զի մեր մեղքերը ներուին մեզի: Անոր կատարած զոհաբերութեան արժանաւորութիւնները բաւական են ներկայացուելու Հօրը՝ ի նպաստ մեզի: Անոնք որոնց շատ ներեց, պիտի աւելի սիրեն զԻնքն ու աւելի մօտ կենան Իր աթոռին առջև՝ փառաբանելու զԱնի՝ Իր սիրոյն և անսահման զոհաբերութեանը համար: Ո՛րքան աւելի լաւ ըմբռնենք Աստուծոյ սէրը, ա՛յնքան աւելի լաւ պիտի հասկնանք մեղքին յանցապարտութիւնը: Երբ ըմբռնել սկսինք Քրիստոսի կատարած անսահման զոհաբերութիւնն ի նպաստ մեզի, մեր սիրտը պիտի կակղանայ և զղջումով համակուի: FF 37.1