ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ

3/14

ՄԵՂԱՒՈՐԸ ՔՐԿՉԻ ՄԸ ՊԷՏՔ ՈԻՆԻ

Մարդը` սկիզբէն օժտուած էր ազնիւ կարողութիւններով և հաւասարակշռեալ մտքով մը: Իր էութեամբ կատարեալ էր ան և Աստուծոյ հետ ներդաշնակ։ Մաքուր էին իր խորhուրդներն, և սուրբ՝ իր դիտաւորութիւնները: Բայց՝ անհնազանդութեամբ` անոր կարողութիւնները վատթարացան, և եսականութիւնը սիրոյ տեղը բռնեց իր սրտին մէջ: Անոր բնութիւնը օրինազանցութեամբ ա՛յն աստիճան տկարացաւ որ՝ ալ անկարելի՛ եղաւ իրեն, իր իսկ կարողութեամբ, չարին զօրութեանը դիմադրել: Սատանային գերի դարցաւ ան, և յաւէտ անոր ձեռքեուն մէջ պիտի մնար՝ եթէ Տէրը մասնաւոր կերպով չմիջամտէր: Մոլորչին նպատակն էր խափանել մարդուն ստեղծմանն ատեն Աստուծոյ ունեցած խորհուրդը, և երկիրը լեցնել աղէտքով և աւերմունքով, և յետոյ՝ ցոյց տալ թէ այդ բոլոր չարիքն Աստուծոյ մարդ ստեղծելու գործին արդիւնք է: FF 22.1

Իր անմեղ վիճակին մէջ՝ մարդը կ՚ապրէր երջանիկ հաղոդակցութեամբ մը Անոր հետ՝ “որուն մէջ ծածկուած են իմաստութեան և գիտութեան բոլոր գանձերը։” Կող. Բ. 3: Բայց ան՝ մեղքէն յետոյ՝ այլևս չէր կարող իր հաճոյքը սրբութեան մէջ գտնել, ու ջանաց պահուիլ Աստուծոյ երեսէն: ԱյսպԷս է տակաւին չվերածնած սրտին վիճակը: Աստուծոյ սրտին հետ մի- աբան չիբաբախեր ան, և ուստի Անոր հետ հաղոդակցելուն մէջ ո և է հաճոյք չի գտներ: Մեղաւորը Աստուծոյ առջեւ չէր կարող երջանիկ ըլլալ. սուրբ էակներու ընկերակցութենէն պիտի խոյս տար ան: Եթէ իրեն թոյլ տրուէր երկինքի սեմէն մտնել, հոն պիտի ո և է հաճոյք չգտնէր։ Անշահախնդիր սիրոյ ոգին որ հոն կը տիրէ — ուր իւրաքանչիւր սիրտ Անսահման Սիրոյ սրտին կը համապատասխանէ — իր հոգիին ո և է զգայուն թելը չպիտի թրթռացնէր: Իր խորհուրդներն, իր շահերն ու իր շարժառիթները՝ անհամաձայն պիտի ըլլային անոնց հետ որ հիմն են հոն բնակող սրբոց գործերուն: Երկինքի մեղեդիին մէջ աններդաշնակ խազ մը պիտի ըլլար ան: Երկինք տանջավայր մը պիտի ըլլար իրեն համար. պիտի միայն բաղձար հեռանալ ներկայութենէն Անոր՝ որ երկինքի լոյսն է, և անոր ուրախութեանց կեդրոնը: Աստուծոյ կողմէն ինքնահաճ վճիռ մը չէ որ ամբարիշտներն երկինքէն կ՚արտաքսէ. անկէ դուրս կը ձգուին անոնք՝ քանզի անյարմար են անոր բնակիչներուն ընկերակցութիւնը վայելելու: Աստուծոյ փառքը անոնց համար մաշող կրակ մը պիտի ըլլար: Անոնք ուրախութեամբ պիտի բնաջինջ ըլլալ ցանկային՝ որպէս զի կարենային պահուիլ ներկայութենէն Անոր որ մեռաւ զիրենք փրկելու համար: FF 22.2

Անկարելի է որ՝ մենք մեզի՝ ճողոպրինք մեղքին խորխորատէն որուն մէջ ընկղմեր ենք: Մեր սրտերը չար են, ու մենք չենք կարող զանոնք փոխել: “Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել. բնա՛ւ մեկը չի կրնար:” “Մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրէնքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ:” Յոբ ԺԴ. 4. Հռովմ. Ը. 7: Դաստիարակութիւնը , մտաւոր մշակութիւնը, կամքին կրթութիւնը, մարդկային ջանքեր՝ իրենց ուրոյն սահմանն ունին, բայց հոս չեն կարող բան մ՚ընել: Կրնան մարդուս վարքին մէջ առերեւոյթ փոփոխութիւն մը յառաջ բերել, բայց սիրտը փոխելու, կեանքին աղբերակները մաքրելու անկարող են: Մարդը մեղաւորութենէն սրբութեան փոխուելու համար՝ պէտք է որ զօրութիւն մը ներգործէ ի ներքուստ, և նորոգ կեանք մը տրուի իրեն երկինքէն: Քրիստո՛ս է ահա այդ զօրութիւնը: Անոր շնո՛րհքը միայն կարող է կենդանացնել հոգիին անկենդան կարողութիւնները և զայն դէպ Աստուած՝ սրբութեան դարձնել: Քրկիչը կ՚ըսէ, “Եթէ մարդ մը վերէն չի ծնանի,” —եթէ ան չունենայ նոր սիրտ մը, նոր ըղձանքներ, նոր դիտաւորութիւններ և նոր շարժառիթներ՝ որ զինքը նորոգ կեանքի մը առաջնորդեն, — “չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել:” Յովհ. Գ. 3: Աղետաբեր պատրանք մըն է այն գաղափարը թէ մարդուս կը բաւէ լոկ իր մէջ ի բնէ գտնուած բարին զարգացնել: “Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բա- FF 14.1

ները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են. ու չի կրնար ալ գիտնալ. քանզի հոգեւոր կերպով կը քննուին:” “Դուն մի զարմանար որ քեզի ըսի, Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ:” Ա Կոր. Բ. 14. Յովհ. Գ. 7: Քրիստոսի մասին գրուած է, “Կեանքը Անով էր, ու կեանքը մարդոց լոյսն էր:” “Անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքին տակ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուելու:” Յովհ. Ա. 4: Գործք. Դ. 12: FF 16.1

Չի՛ բաւեր տեսնել Աստուծոյ սիրալիր բարութիւնը, ոչ ալ Անոր նկարագրին բարեացակամութիւնն ու հայրական գորովը: Չի՛ բաւեր որոշել Իր օրէնքին իմաստութիւնն ու արդարութիւնը, և տեսնել որ ան սիրոյ յաւիտենական սկզբունքին վրայ է հիմնուած: Պօղոս առաքեալ տեսաւ այս բոլորը՝ երբ աղաղակեց, “Հաւանութիւն կուտամ օրէնքին թէ բարի է.” “Օրէնքը սուրբ է, ու պատուիրանքը սուրբ և արդար ու բարի:” Բայց իր հոգիին դառնութեամբն ու յուսահատութեամբը աւելցուց, “Ես մարմնաւո՜ր եմ, մեղքի տակ ծախուած:” Սրբութեան եւ արդարութեան կը բաղձար հասնիլ, ու զայդ իրականացնելու անզօր զգալով ինքզինքը, կ՚աղաղակեր, “Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ զիս պիտի ազատէ այս մահացու մարմինէն:” Հռովմ. Է. 16, 12, 14, 24: Այս աղաղակն է ահա՛ զոր արձակած են ամէն տեղերու և բոլոր ժամանականերու մէջ յոգնած եւ բեռնաւոր հոգիներ: Ու ամէնուն սա պատասխանը միայն, “Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ աշխարհի մեղքը կը վերցընէ:” Յովհ. Ա. 29: FF 16.2

Աստուծոյ Հոգին ջանացած է խել մը խորհրդապատկերներով լուսաբանել այս ճշմարտութիւնը և զայն յստակ կերպով պարզել անոնց որ կը բաղձան իրենց մեղաւորութեան բեռը թօթափել: Երբ Յակոբ՝ իր Եսաւ եղբայրը խաբելէ վերջ՝ հեռացաւ հայրենի տունէն, ընկճուած էր իր յանցաւորութեանն զգացումին տակ: Միս մինակ և տարագիր, բաժնուած բոլոր այն բաներէն որ կեանքը սիրելի էին դարձուցեր, իր հոգին ճնշող գլխաւոր խորհուրդն այն վախն էր թէ իր մեղքը զինքն Աստուծմնէ անջատեր էր, և Երկինք երես էր դարձուցեր իրմէ: Խորին տրտմութեամբ կ՚երկննայ չոր գետնին վրայ, ուրիշ բան չունենալով իր շուրջը՝ բայց միայն ամայի լեռներ, և գլխուն վերև՝ աստեղազարդ երկինքը: Երբ քունը կը տանի, տարօրինակ լոյս մը աչքին կը զարնէ. և ահա՛, իր պառկած դաշտին մէջ մեծ սանդուխ մը՝ որ մինչև երկինքին դուրը ձգուած կը թուէր, և ուրկէ Աստուծոյ հրեշտակները կ՚ելլէին և կ՚իջնէին. մինչ՝ վերի փառքէն կը լսուէր Աստուծոյ ձայնը որ սփոփանք և յոյս կ՚աւետէր: Ահա այսպէս՝ Յակոբ գիտցավ թէ ինչ բանի պէտք ունէր իր հոգին, — Քրկչի՛ մը: Ան ուրախութեամբ և երախտագիտութեամբ տե- սաւ յայտնուած ճամբայ մը՝ որով ինքը՝ մեղաւոր մը՝ կրնար վերստին հաղորդ ըլլալ Աստուծոյ հետ: Անոր երազին խորհրդաւոր սանդուխը կը ներկայացնէ Յիսուսը, միա՛կ միջնորդ հաղորդակցութեան Աստուծոյ և մարդուն միջև: FF 16.3

Ասի ան միևնոյն խորհրդապատկերն է՝ որուն ակնարկեց Յիսուս ՝ Նաթանայէլի հետ խօսած ատեն՝ երբ ըսաւ, “Այսուհետև պիտի տեսնէք երկինքը բացուած՝ և Աստուծոյ հրեշտակները որ կ՚ ելլեն և կ՚ իջնեն Որդւոյ մարդոյ վրայ:” Յովհ. Ա. 51: Մարդը՝ ապստամբելով՝ օտարացաւ Աստուծմէ. երկիրը բաժնուեցաւ երկինքէն: Այլևս ո և է հաղորդակցութիւն անկարելի եղաւ զանոնք բաժնող անդունդին պատճառով: Բայց Քրիստոսով՝ աշխարհ վերստին երկինքին հետ կապուեցաւ: Իր արժանաւորութիւններովը՝ Քրիստոս կամուրջ մ՚եղաւ մեղքին բացած անդունդին վրայ, այնպէս որ սպասարկու հրեշտակներ կրնան հաղորդակցիլ մարդուն հետ: Քրիստոս կը միացնէ անկեալ մարդը՝ որ տկար է և անկարող, անսահման զօրութեան Աղբիւրին հետ: FF 18.1

Բայց ի զո՜ւր մարդիկ յառաջդիմութիւն կ՚երազեն, ի զո՜ւր ամենայանդուգն ջանքեր կ՚ընեն մարդկութիւնը բարձրացնելու՝ եթէ անոնք զանց կ՚նեն անկեալ ցեղին համար յոյսի և օգնութեան միա՜կ աղբիւրը...: “Ամէն բարի տուրք և ամէն կատարեալ պարգեւ” (Յակ. Ա. 17) Աստուծմէ է: Առանց Անոր՝ չկա՛յ նկարագրի ճշմարիտ բարձրութիւն: Ու Աստուծոյ տանող միակ ճամբան Քրիստոս Է: “ԵՍ եմ”, կ՚ըսէ, “Ճամբան, Ճշմարտութիւնը, և Կեանքը. մէկը Հօրը քով չգար՝ եթէ ոչ Ինծմով:” Յովհ. ԺԴ. 6: FF 18.2

Աստուծոյ սիրտը Իր երկրաւոր զաւակներուն համար կը խանդաղատի սիրով մը որ մահուանէ աւելի զօրաւոր է: Ան Իր Որդին տալով՝ ամբողջ երկինքը շնորհեց մեզի մէկ պարգեւով: Քրկչին կեանքը եւ մահն ու միջնորդութիւնը, հրեշտակներուն սպասարկութիւնը, Հոգիին բարեխօսութիւնը, Հօրը ամէն բանէ վեր և ամէն բանով գործելը, երկնաւոր էակներուն անընդհատ հոգածութիւնը, — այս բոլորը մարդուն համար է: FF 19.1

Ո՜հ, մեզի համար կատարուած սա զարմանահրաշ զոհաբերութիւնը նկատենք յարաժամ: Ջանա՜նք գնահատել բոլոր հոգածութիւնն ու կորովը զոր Երկինք կը վատնէ՝ կորսուածները վերաշահելու և զանոնք Հօրը բնակարանը վերադարձընելու համար: Աւելի զօրաւոր շարժառիթները և աւելի ազդու միջոցներ կարելի չէր գործածել. գերազանց վարձքը՝ բարի գործերու համար, երկինքի վայելքը, հրեշտակներու ընկերակցութիւնը, Աստուծոյ և Իր Որդւոյն հաղորդութիւնն ու սէրը, մեր բոլոր կարողութեանց զարգացումն ու ընդարձակումը յաւիտենական բովանդակ դարերուն մէջ, — բոլոր ասոնք բաւական գրգիռ և խրախոյս չե՞ն միթէ մեզ մղելու՝ որ սրտանց սիրալիր ծառայութիւն մատուցանենք մեր Արարչին և Քրկչին: FF 19.2

Եւ, միւս կողմէն, Աստուծոյ դատաստանները՝ մեղքին դէմ վճռուած, անխուսափելի հատուցումը, մեր նկարագրին վատթարացումը, և վերջնա կան նումը՝ ներկայացուած են Աստուծոյ խօսքին մէջ՝ Սատանային ծառայելէն մեզ զգուշացնելու համար: FF 19.3

Աստուծոյ ողորմութիւնը պետք չէ՞ որ յարգենք: Ի՞նչ աւելի կրնար ընել Ան: Ապա ուրեմն մեր անձերն ուղիղ յարաբերութեան մէջ դնենք Անոր հետ՝ որ մեզ անպատում սիրով սիրեց: Օգտուինք մեր ձեռքին տակ դրուած միջոցներէն, որպէս զի կարող ըլլանք Անոր պատկերին նմանիլ, և վերընդունուիլ հրեշտակներուն ընկերակցութեանը, և Հօրը և Որդւոյն միաբանութեանն ու հաղորդակցութեանը մէջ։ FF 20.1