ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ

5/14

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ

Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ. բայց զանոնք խոստովանողը ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ:” Առակ. ԻԸ. 13: FF 39.1

Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար և բանաւոր են: Տէրը դժուարին բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպեսզի կարող ըլլանք մեր մեղքերուն թողութիւնն առնելու: Պէտք չունինք երկար և տաժանելի ուխտագնացութիւններ ընելու, կամ ցաւագին ապաշխարանքներ քաշելու՝ հաճոյ ըլլալու համար երկինքի Աստուծոյն կամ քաւելու մեր անօրէնութիւնները. այլ ան որ կը խոստովանի և մէկդի կը ձգէ իր յանցանքը, ողորմութիւն կը գտնէ: FF 39.2

Առաքեալը կ՚ ըսէ, “Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք՝ և աղօ՛թք ըրեք իրարու համար որպէսզի բժշկուիք:” Յակ. Ե. 16: Մեղքերնիդ խոստովանեցէ՛ք Աստուծոյ, որ միայն կրնայ ներել զանոնք, և ձեր յանցանքները իրարու: Եթէ բարեկամդ կամ դրացիդ ցաւցուցեր ես, պէտք է ճանչնաս յանցանքդ ու անոր պարտականութիւնն է առատապէս ներել քեզի: Ու յետոյ՝ պարտիս ներում խնդրել Աստուծմէ, քանզի վիրաւորած եղբայրդ Անոր սեփականութիւնն է, ու անոր չարիք ընելովդ մեղանչեցիր իր Արարչին և Քրկչին դէմ: Ու պարագադ կը ներկայացնես միակ ճշմարիտ Միջնորդին, մեր մեծ Քահանայապետին առջև՝ որ “ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման՝ բայց առանց մեղքի,” և որ “մեր տկարութիւններուն կը կարեկցի,” Եբր. Դ. 15, եւ կարող է “ամէն անօրէնութենէ մաքրել մեզ:” FF 39.3

Անոնք որ իրենց հոգիները չեն խոնարհեցուցած Աստուծոյ առջև՝ յանցանքնին ճանչնալով, տակաւին չեն կատարած ընդունելութեան առաջին պայմանը: Եթէ փորձարկած չենք այն ապաշխարութիւնը որ զղջալու բան չէ, և ճշմարիտ խոնարհութեամբ ու կոտրած ոգիով չենք խոստովանած մեղքերնիս՝ ատելով մեր անօրէնութիւնը, ճշմարտապէս մեղքերու թողութիւն չենք խնդրած երբէք, եւ եթէ չենք խնդրած երբէք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը չենք գտած բնաւ: Միակ պատճառը թէ ինչո՞ւ չենք առներ մեր անցեալ մեղքերուն թողութիւնը, սա է որ չէնք ուզեր մեր սրտերը խոնարհեցնել և հնազանդիլ ճշմարտութեան խօսքին պայմաններուն: Շատ որոշ հրահանգներ են տրուած այս խնդրոյն նկատմամբ: Մեղքերու խոստովանութիւնը, հրապարակային ըլլայ թէ առանձին, պէտք է սրտանց ըլլայ և համարձակօրէն արտայայտուի: Մեղաւորին սրտէն բռնի դուրս գալու չէ ան: Անհոգ կամ անտարբեր կերպով մը պէտք չէ ըլլայ, ոչ ալ խլուի այնպիսի անձերէ որոնք չեն ճանչցած մեղքին ատելի հանգամանքը: Հոգիին խորերէն պոռթկացող խոստովանութիւնը՝ անշուշտ կը հասնի անսահման գթութեան Աստուծոյն: Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, “Տէրը մօտ է ան ամենուն որոնց սիրտը կոտրած է, և հոգիով խոնարհածները կ ՚ապրեցնէ:” Սաղմ. ԼԴ. 18: FF 40.1

Ճշմարիտ խոստովանութիւնը մասնաւոր հանգամանք մը ունի, և ինքնուրոյն մեղքեր կը ճանչնայ:Այդ մեղքերը կրնան այնպիսի բնոյթ մ ՚ունենալ՝ որ պէտք է Աստուծոյ առջև տարուին միայն. կրնան այնպիսի յանցանքներ ըլլալ՝ որ պէտք է խոստովանուին անո՛նց որ վնաս են կրած անոնցմով. կամ կրնան հրապարակային հանգամանք ունենալ՝ ու յայնժամ հրապարակաւ պէտք է խոստովանուին անոնք: Բայց ամէն խոստովանութիւն պէտք է որոշ ըլլայ ու շեշտակի, ճանչնալով բո՛ւն այն մեղքերը որոնց համար յանցաւոր է մարդ: FF 41.1

Սամուէլի օրով՝ Իսրայէլացիք հեռացան Աստուծմէ: Մեղքերնուն հետեւանքները կը կրէին անոնք, քանզի կորուսեր էին Աստուծոյ վրայ իրենց հաւատքը, կորուսեր՝ իրենց ազգը կառավարելու համար Անոր զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ճանչնալու կարողութիւննին, վստահութիւննին վերուցեր էին Իր դատը պաշտպանելու և արդարացնելու կարողութեանը վրայէն: Տիեզերքին մեծ Վեհապետէն երես դարձուցին անոնք, ու ցանկացին զիրենք շրջապատող ազգերուն պէս կառավարուիլ: Խաղաղութիւն գտնելէ առաջ՝ սա որոշ խոստովանութիւնն ըրին, “Մեր ամէն մեղքերուն վրայ աս չարութիւնն ալ աւելցուցինք որ մեզի թագաւոր մը ուզեցինք:” Ա Թագ. ԺԲ. 19: Պէտք էր խոստովանէին բո՛ւն այն մեղքը որուն նկատմամբ համոզուեր էին անոնք: Ապերախտութիւննին կը ճնշէր իրենց հոգին և զիրենք կը բաժնէր Աստուծմէ: FF 41.2

Առանց անկեղծ զղջումի և բարեփոխման խոստովանութիւն մը պիտի երբէք ընդունելի չըլլայ Աստուծոյ: Պէտք է արմատական փոփոխութիւն տեղի ունենայ մարդուս կեանքին մէջ. պէտք է մէկդի ընել ամէն ինչ որ անհաճոյ է Աստուծոյ: Ահա՛ այս պիտի ըլլայ մեղքին համար ճշմարիտ ցաւին հետեւանքը: Մեր կողմէն կատարուելիք գործը յստակօրեն պարզուած է մեզի, “Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք. Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործքերը մէկդի՛ ըրէք. չարութիւն գործելէն դադարեցէ՛ք, բարութի՛ւն ընել սորվեցէք. իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութի՛ւն ըրեք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւայրիին դատը պաշտպանեցէ՛ք:” Ես. Ա. 16, 17: “Երբ ամբարիշտը գրաւը ետ տայ, ու յափշտակածը հատուցանէ, և անօրէնութիւն չընելով կենաց կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի:” Եզեկ. ԼԳ. 15: Պօղոս առաքեալ՝ զղջման գործին մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ, “Դուք որ Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, ձեր մէջը ո՛րչափ ջանք գործեց, ո՛րչափ չքմեղութիւն, ո՛րչափ սրտմտութիւն, ո՛րչափ վախ, ո՛րչափ բաղձանք, ո՛րչափ նախանձաւորութիւն, ո՛րչափ վրեժխնդրութիւն: Ամէն կերպով ինքզինքիդ ցուցուցիք թէ այդ բանին մէջ մաքուր էք:” Բ Կոր. Է. 11: FF 42.1

Երբ մեղքը ընդարմացուցեր է բարոյական ըմբռնումները, մեղաւորը այլեւս չ՚որոշեր իր նկարագրին թերութիւնները, ոչ ալ իր գործած չարիքին ծանրութիւնը կ՚ըմբռնէ. ու եթէ Ս. Հոգիին համոզիչ զօրու- FF 42.2

թեանը չհպատակի, ան իր մեղքին նկատմամբ մասնակի կուրութեան մէջ կը մնայ: Անոր խոստովանութիւններն անկեղծ ու ճշմարիտ չեն: Ան ամէն անգամ որ յանցանք մը կը խոստովանի, իր չար ընթացքը չքմեղացնել կը փութայ, յայտարարելով որ եթէ այլ և այլ պարագաներ չըլլային, պիտի չըներ այս կամ այն բանը՝ որուն համար կը յանդիմանուի: FF 43.1

Երբ Ադամ և Եւա արգիլեալ պտուղէն կերան, ամօթի և վախի զգացումով համակուեցան: Միակ մտածումը զոր անոնք ունեցան նախ՝ այն էր թէ ի՛նչպէս չքմեղացնէին իրենց մեղքը և խուսափէին մահուան ահաբեկիչ վճիռէն: Երբ Տէրը իրենց մեղքին մասին հարցուց, Ադամ պատասխանեց, յանցանքը —մասամբ Աստուծոյ և մասամբ իր կենակցին վրա ձգելով, “Ան կնիկը որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան ինծի տուաւ ծառէն՝ ու ես կերայ:” Կինն ալ՝ իր կարգին՝ յանցանքը օձին վրայ նետեց՝ ըսելով, “Օձը խափեց զիս՝ ու ես կերայ:” Ծննդ. Գ. 12, 13: Ինչո՞ւ օձը ստեղծեցիր, ինչո՞ւ թոյլ տուիր որ դրախտը գայ: Ահա՛ ասոնք էին իր մեղքին չքմեղացման մէջ մուծուած հարցումները, Աստուծոյ վրայ ձգելով այսպէս՝ իրենց անկմանը պատասխանատութիւնը: Ինքնարդարացման ոգին՝ ստութեան հօրը սրտին մէջ ծագում առաւ և Ադամին բոլոր տղայոց և աղջկանց քով կը գտնուի: Այս տեսակ խոստովանութիւններ Աստուածային Հոգիէն չեն ներշնչուած, և ընդունելի պիտի չըլլան Աստուծոյ: Ճշմարիտ ապաշխարութիւնը մարդը պիտի մղէ իր վրայ առնելու իր յանցանքը և զայն ճանչնալու առանց խաբէութեան և կեղծաւորութեան: Խեղճ մաքսաւորին նման, չհամարձակելով երկինք վերցընել իր աչքերը, պիտի աղաղակէ, FF 43.2

“Աստուա՜ծ՝ ողորմէ՜ ինծի՝ մեղաւորիս.” ու անոնք որ կը ճանչնան յանցանքնին, պիտի արդարանան, քանզի Յիսուս Իր արեանն արժանաւորութիւնովը պիտի միջնորդէ ապաշխարող հոգիին համար:Աստուծոյ Խօսքին մէջ ճշմարիտ ապաշխարութեան և խոնարհութեան օրինակները կը յայտնեն խոստովանութեան ոգի մը՝ որուն մէջ մեղքը չքմեղացնելու կամ ինքնարդարացման ճիգ չի տեսնուիր բնաւ: Պօղոս առաքեալ ինքզինքն արդարացնելու ջանք չըրաւ ամենեւին. ան իր մեղքը կը նկարագրէ ամենամութ գոյներու տակ, ամենադոյզն ճիգ մ՚իսկ չընելով՝ իր յանցանքը թեթեւցնելու համար: Կ՚ըսէ, “Քահանայապետերէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի և անոնց սպաննուած ատենը ես հաւանութիւն տուի: Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն. ու անոնց դէմ կատղած՝ մինչև օտար քաղաքները կը հալածէի:” Գործք ԻԶ. 10, 11: Ու չի վարանիր յայտարարելու թէ՝ “Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու՝ որոնց գլուխը ես եմ:” Ա Տիմ. Ա. 15: FF 44.1

Ճշմարիտ զղջումով համակուած խոնարհ ու կոտրած սիրտը պիտի գնահատէ Աստուծոյ սէրը և Գողգոթային գինը, ու ինչպէս որդի մը խոստովանի սիրելի հօր մը, այնպէս ալ ճշմարտապէս ապաշխարող մեղաւորն իր բոլոր մեղքերը պիտի Աստուծոյ առջև բերէ: Ու գրուած է որ՝ “Եթէ խոստուվանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է Անիկա՝ մեր մեղքերուն թողութիւն տալու, ու մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու:” Ա Յովհ. Ա. 19: FF 44.2