ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
ԱՍՏՈԻԾՈՅ ՍԷՐԸ ԱՌ ՄԱՐԴ
Բնութի՛ւն և յայտնութիւն՝ հաւասարապէս Աստուծոյ նկատմամբ կը վկայեն: Մեր երկնա֊ւոր Հայրը աղբիւրն է կեանքի, իմաստութեան և ուրախութեան: Դիտէ՛ բնութեան բիւրաւոր հրաշալի և գեղեցիկ բաները, և տե՛ս ի՜նչ զարմանալի կատարելութեամբ կը յարմարին անոնք ոչ միայն մարդուն՝ այլ և բոլոր կենդանի արարածոց պէտքերուն և երջանկութեանը: Արեւն ու անձրեւը, որ կր զուարթացնեն և կը զովացնեն երկիրը. լեռները և ծովերն ու դաշտերը, — ամէն բան մեզի Արարչին սէրը կը պատմէ: Աստուած է որ Իր բոլոր արարածոց ամենօրեայ պիտոյքները կը հոգայ։ Սաղմոսերգուն՝ այս հոգեյոյզ մտածումը հետագայ գեղեցիկ խօսքերով կ՚արտայայտէ.— FF 11.1
“Ամենուն աչքերը Քեզի կր սպասեն,
Ու ժամանակին անոնց կերակուրը Դուն անոնց կուտաս.
Քու ձեռքդ կր բանաս,
Ու ամէն կենդանիին փափաքր կր լեցնես:” (Սաղմ. ՃԽԵ, 15, 16:)
FF 11.2
Աստուած մարդը կատարելապէս սուրբ և երջանիկ ըրաւ. և գեղեցիկ երկիրը՝ Արարչին ճեռքէն ելած ատեն՝ ապականութեան ո և է արատ կամ անէծքի ամենա դոյզն ստուերր բնաւ չէր կրեր: Աստուծոյ օրէնքին — սիրոյ օրէնքին —զանցառութիւնն է որ յառաջ բերաւ ցաւ և մահ: Սակայն մեղքին յառաջ բերած տառաանքներուն մէջտեղ իսկ Աստուծոյ սէրը կր յայտնուի: Գրուած է թէ մարդուն պատճառով Աստուած անիծեց երկիրը (Ծննդ. Գ. 17): Քուշերն ու տատասկներր — դժուարութիւններն ու փորձութիւնները՝ որ անոր կեանքր տառապանքի և աշխատութեան կեանք մը կ՚ընեն — անոր բարւոյն համար սահմանուեցան, իբր մաս մը այն կրթութեան որ անհրաժեշտ էր Աստուծոյ խորհուրդին մէջ՝ բարձրացնելու համար զանի իր ապականեալ և ստորնացած վիճակէն՝ որուն մէջ ինկաւ մեղանչելուն պատճառով: Աշխարհ, թէև անկեալ, վիշտ և տառապանք չէ բոլոր: Բնութեան մեջ իսկ յոյսի և սփոփանքի աւետաբերներ կան: Տատասկներուն վրայ ծաղիկներ կր փթթին, և փուշերուն վրայ՝ վարդեր: FF 11.3
“Աստուած սէր է”: [Երկնահամ] այս բառերը գրուած կր տեսնենք դեռաբողբոջ ծաղկանց կոկոններուն՝ և մատաղածիլ խոտերուն վրայ: Սիրագեղգեղ թռչունք՝ որ իրենց զուարթ դայլայլիկներով օդը դաշնակութեամբ կը զեղուն. երփներանգ փափկիկ ծաղիկներն՝ որ իրենց անուշահոտ բոյրե րով մթնոլորտը կը խնկեն. անտառաց բարձրաբերձ ծառերն՝ իրենց կանաչագեղ սաղարթներով, — ամէնքն ալ մեր Աստուծոյն գորավագութ և հայրական հոգածութիւնն ու Իր զաւակներն երջանկացնելու փափաքը կր պատմեն մեզի։ FF 4.1
Աստուծոյ խօսքը կր յայտնէ Իր նկարագիրր: Ան Ի՛նքն իսկ յայտարարած է Իր անսահման սէրն ու կարեկցութիւնը: Երբ Մովսէս ըսաւ Անոր, “Կ՚աղաչեմ՝ Քու փառքդ ցուցո՛ւր ինծի,” Տէրը պատասխանեց, “Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ։” Ահա՛ այս է Իր փառքը: Տէրը Մովսէսին առջեւէն անցաւ՝ և աղաղակեց, “Տէր, Տէր Աստուած, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ և առատ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներու ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող:” Ել. ԼԳ. 18, 19: ԼԴ. 6,7: Անիկա “երկայնամիտ և բազումողորմ” է (Յովնան Դ. 2), “քանզի ողորմութիւնը կր սիրէ:” Միքիա Է. 18: FF 5.1
Աստուած մեր սրտերն Իրեն յանկոյց անթիւ նշաններով զոր դրած է երկինքի մէջ և երկրի վրայ: Բնութեան իրերուն՝ և մարդկային սրտին ճանչցած ամենէն խորին և խանդակաթ սիրոյ կապերու միջոցով՝ Ան ջանացած է Ինքզինքը յայտնել մեզի։ Այլ սակայն, այս բոլորին մէջ Անոր սիրոյն մէկ խիստ աղօտ ցոլքն ունինք սոսկ: Սիրոյ բոլոր այս ապացոյցներուն հակառակ՝ ամէն բարւոյ թշնամին մարդոց մտքերն ա՛յն աստիճան կուրցուց որ՝ ա՛լ զարհուրելով կր մօտենան Անոր, խիստ և աններող էակ մը նկատելով զԱնի: Սատանան մարդոց ներկայացուց զԱստուած իբր էակ մը որուն գլխաւոր ստորոգելիքն է ամենախիստ արդարութիւն, — խստապահանջ դատաւոը մը, քարսիրտ և հարստահարիչ պարտապահանջ մը: Ան զԱրարիչը նկարագրեց իբր էակ մը որ նախանձոտ աչքերով կր հսկէ՝ մարդոց սխալներն ու յանցանքները երեւան հանելու՝ որպէս զի կարենայ Իր դատաստաններովն այցելել զանոնք: Խաւարի այս միգամած քօղը փարատելու, և Աստուծոյ անսահման սէրը յայտնելու համար էր որ Յիսուս մարդոց մէջ ապրելու եկաւ: FF 5.2
Աստուածորդին իջաւ երկինքէն՝ Հա՛յրը ցուցնելու համար: “Մէկը երբէք զԱստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, Անիկա պատմեց:” Յով. Ա. 18: “Մէկը չի ճանչնար Հայրը՝ բայց Որդին, և ան՝ որուն Որդին կ՚ուզէ յայտնել:” Մատթ. ԺԱ. 27: Երբ աշակերտներէն մին ըսաւ Անոր, “Հայրր մեզի ցուցո՛ւր,” Յիսուս պատասխանեց, “Այսքան ժամանակ ձեզի հետ եմ՝ և զԻս չճանչցա՞ր՝ Քիլի՛պպոս. ան որ զԻս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ. և դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր:” Յովհ . ԺԴ . 8, 9: FF 6.1
Իր երկրաւոր պաշտօնը նկարագրելու ատեն՝ Յիսուս կ՚ըսէ, “Տէրը զԻս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու. զԻս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու. գերիներուն ազատութիւն և կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատ թող տալու:” Ղուկ. Դ. 18: Ա՛յս եղաւ ահա Իր գործը: Պտըտեցաւ՝ բարիք ընելով, և Սատանայէն տանջուածները բժշկելով: Ամբողջ գիւղեր կային՝ ուր ո և է տան մէջ հիւանդութեան հեծեծանք չէր լսուեր, վասն զի Անիկա անոնց մէջէն անցեր և բոլոր հիւանդներր բժշկեր էր: Իր գործը հաստատեց թէ Աստուծոյ Օծեալն էր Ինքը: Սէր, ողորմութիւն և կարեկցութիւն Իր կեանքին իւրաքանչիւր գործին մէջ երեւան կուգային: Իր սիրտը գորովալից համակրութեամբ կը զեղուր մարդոց որդիներուն հանդէպ: Ան մարդկային բնութիւնն զգեցաւ՝ որպէս զի մարդուն պէտքերուն կարենայ մերձենալ: Ամենէն աղքատ և ամենէն տրուպ մարդիկ չէին վախնար Անոր մօտենալու: Մանուկներն իսկ Իրեն կը յարէին: Կը սիրէին Անոր ծունգերուն վրայ ելլել և պիշ նայիլ Անոր խոհուն, սիրահամբոյր դէմքին։ FF 7.1
Յիսուս ճշմարտութենէն բա՛ռ մ՚իսկ զանց չըրաւ, այլ միշտ սիրով կ՚արտաբերէր զայն: Ժողովրդին հետ Իր յարաբերութեանցը մէջ ամենամեծ նրբադատութիւն՝ խոհեմ, ազնուաբարոյ ուշադրութիւն կը գործածէր: Ան խստաբարոյ չեղաւ երբէք, ու բնա՛վ պէտք չեղած ատեն խիստ խօսք մր չլսուեցաւ Իր բերնէն, ոչ ալ զգայուն սիրտ մը ցաւցուց ընդունայն: Մարդկային տկարութիւնը չպարսաւե՛ց ամենեւին: Ճշմարտութիւնը կը խօսէր, սակայն միշտ սիրով: Կը հրապարակէր կեղծաւորութիւնը, անհաւատութիւնը և անօրէնութիւնը. Բայց արցունքե՜ր կային իր ձայնին մէջ երբ կ՚արտաբերէր Իր սաստիկ յանդիմանութիւնները: Լացա՜ւ Իր սիրելի քաղաքին՝ Երուսաղէմի վրայ, որ մերժե՜ց ընդունիլ զԻնքը, — Ճամբան, Ճշմարտութիւնը և Կեանքը: Քաղաքը մերժե՜ր էր զԱնի, Քրկի՜չը, այլ Ինք միշտ գորովալի խանդաղատանքով նայեցաւ անոր վրայ: Անձնուրացութեան և այլոց բարելաւութեան հոգածու կեա՜նք մը ապրեցաւ Ան: Ամէն մէկ հոգի թանկագին էր յաչս Իրեն: Պահելով հանդերձ միշտ Իր աստուածային վեհութիւնը, յո՛յժ գորովալի նայուածքով կը խոնարհէր դէպ ի իւրաքանչիւր անդամն Աստուծոյ ընտանիքին: Բոլոր մարդոց մէջ կը տեսնէր ինկած հոգիներ՝ զոր փրկել իր պաշտօնն էր: FF 7.2
Այս եղաւ ահա՛ Իր բովանդակ կեանքին մէջ Յիսուսի ցոյց տուած նկարագիրը՝ որ և Աստուծոյ նկարագիրն է: Հօրը սրտէն է որ աստուածային կարեկցութեան գետը, Քրիստոսի մէջ ակներև, կը հոսի մարդոց որդիներուն վրայ: Յիսուս,գորովագութ և կարեկից Քրկիչը, Աստուած էր՝ “մարմինով յայտնուած:” Ա Տիմ. Գ. 16: FF 8.1
Ան մեզ փրկելու համար էր որ ապրեցաւ, տառապեցաւ և մեռաւ: “Ցաւերու մարդ”ը եղաւ՝ որպէս զի մասնակից ընէ մեզ յաւերժական ուրախութեան: Աս- տուած թոյլատրեց որ Իր սիրելի Որդին, շնորհքով ու Ճշմարտութիւնով լեցուն, երկինքին անպատում փառքը թողլով՝ մեղքով ապականած, և մահուան ու անէծքին խաւարովը մթագնած այս աշխարհը գայ։ Ան հաճեցաւ որ Յիսուս թողու Իր հայրական սիրոյ գիրկը, հրեշտակաց պաշտումր, նախատինք և ամօթ կրելու, անարգանաց և ատելութեան՝ և՛ վերջապէս մահու՜ան մատնուելու համար: “Մեր խաղաղութեան պատիժր Անոր վրայ եղաւ, և Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։” Ես. ԾԳ.5: Տե՛ս զԻնքը՝անապատին մէջ, Գեթսեմանի՜ին մէջ, խաչի՜ն վրայ։ Աստուծոյ անարատ Որդին Իր վրայ առաւ մեղքին բեռը։ Ինքը՝ որ մէկ էր Հօրը հետ, Իր հոգիին մէջ զգաց ահաւոր անդունդը զոր մեղքը կը բանայ Աստուծոյ և մարդուն միջև։ Ու այդ զգացումը սա ցաւագին աղաղակը խլեց Անոր շրթներէն, “Աստուած Իմ, Աստուած Իմ, զԻս ինչո՞ւ թողուցիր:” Մատթ. ԻԷ. 46: Մեղքին բեռը, անոր ա- հաւոր ծանրութեանն ու այդ պատճառով հոգիին Աստուծմէ բաժնուելուն զգացումն էր որ խորտակեց Աստուածորդւոյն սիրտը...: FF 8.2
Բայց այդ մեծ զոհաբերութիւնը չկատարուեցաւ՝ որպէս զի Հօրր սրտին մէջ սէր ստեղծուի մարդուն համար, և որպէս զի զանի փրկելու տրամադրէ զԻնքը. ո՛չ, ո՛չ։ “Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը՝ մինչև Իր միածին Որդին տուաւ:” FF 10.1
Յովհ. Գ. 16: Հայրը մեզ կր սիրէ՝ ոչ թէ այդ մեծ քաւութեան պատճառով, այլ Ինք պատրաստեց այդ քաւութիւնը՝ քանզի մեզ կը սիրէ: Քրիստոս եղաւ միջնորդը՝ որով Ան կրնար Իր անսահման սէրը տարածել անկեալ աշխարհի մը վրայ: “Աստուած Քրիստոսով աշխարհը Իրեն հետ հաշտեցուց”: Բ Կոր. Ե. 19: Աստուած տաոապեցա՜ւ Իր Որդւոյն հետ...: Գեթսեմանիի ոգևարի գալարատա՜նջ վայրկեաններուն, Գողգոթայի մահուան արհաւիրքի՜ պահերուն՝ Անսահման Սիրոյ սիրտը մեր փրկութեան գինր վճարեց...: FF 10.2
Յիսուս ըսաւ, “Հայրը անոր համար զԻս կը սիրէ՝ վասն զի Ես Իմ կեանքս կուտամ՝ որպէս զի նորէն առնեմ զանիկա:” Յովհ. Ժ. 17: Այսինքն “Հայրը ձեզ շատ սիրելուն համար՝ զԻս ա՛լ աւելի կը սիրէ, քանզի ձեզ փրկելու համար կեանքս տուի: Ինքզինքս ձեր տեղը դնելով և ձեր Երաշխաւորն ըլլալով, ձեր պարտքերն ու օրինազանցութիւնները վրաս առնելով՝ Իմ Հօրս աւելի սիրելի դարձայ. Որովհետև՝ Իմ զոհաբերութեամբս, Աստուած կրնայ, արդար մնալով, արդարացնել Յի- սուսի հաւատքէն եղողը:” Հռովմ. Գ. 26: FF 10.3
Աստուածորդի՛ն միայն կարող էր մեզ փրկել. քանզի Ի՛նքը միայն՝ որ Հօրը գիրկն էր՝ կրնար յայտնել զԱնի: Ա՛ն միայն՝ որ կը ճանչնար Աստուծոյ սիրոյն բարձրութիւնն ու խորութիւնը, կարող էր ճանչցնել այդ սէրը: Անկեալ մարդուն համար Քրիստոսի կատարած անսահման զոհաբերութիւ՛նը միայն կրնար կորսուած մարդկութեան հանդէպ Հօրը տածած սէրն արտայայտել: FF 12.1
“Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը՝ մինչև Իր միածին Որդին տուաւ:” Ան զԱնի տուաւ՝ ոչ միայն մարդոց մէջ ապրելու, անոնց մեղքերը կրելու և զոհուելու անոնց համար, այլ անկեալ ցեղին պարգեւեց զԱնի: Քրիստոս պէտք էր նոյնացնէր Ինքզինքը մարդկութեան շահերուն և կարօտութեանցը հետ: Անիկա որ մէկ էր Հօրը հետ, հաճեցաւ անքակտելի կապերով միանալ մարդոց որդիներուն հետ: Յիսուս “Ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք:” Եբր. Բ. 11: Ան մեր Զոհը, մեր Միջնորդը, մեր Եղբայրն ըլլալով՝ Հօրը աթոռին առջեւ կը ներկայանայ մեր մարդկային կերպարանքով, ու ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ պիտի մէկ ըլլայ Իր փրկած մարդկութեան հետ — Որդի մարդոյ: Ու այս բոլորը՝ որպէս զի մարդը կարենար բարձրանալ մեղքին աւերումէն և ապականութենէն, կարենար ցոլացնել Աստուծոյ սէրը՝ և մասնակցիլ սրբութեան ուրախութեանը: FF 12.2
Մեր փրկութեանը համար վճարուած գինը, մեր երկնաւոր Հօրր մեզի հա՛մար Իր Որդին մահուան մատնելովն ըրած անսահման զոհաբերութիւնը՝ պէտք Էր որ բարձր գաղափար տար մեզի այն վիճակին վրայ որուն կրնանք հասնիլ Քրիստոսի միջոցով: Երբ ներշնչեալ առաքեալը Յովհաննէս տեսաւ կորստեան մօտ եղող մարդկութեան հանդէպ Հօ՛րը տածած սիրոյն բարձրութիւնը, խորութիւնն ու լայնութիւնը, պաշտումով ու յարգանքով համակուեցաւ ու այդ խանդակաթ սիրոյն սաստկութիւնը մարդկային լեզուով բացատրելու անկարող զգալով ինքզինքը, կը հրաւիրէ աշխարհը՝ նկատելու զայն: “Տեսէ՛ք”, կ՚ըսէ, “Հայրը ի՛նչպիսի սէր շնորհեց մեզի՝ որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիք ըսուինք:” Ա Յովհ. Գ. 1: Ասի ի՜նչ արժէք կուտայ մարդուն: Մարդոց որդիքը՝ օրինազանցութեամբ՝ Սատանային հպատակ կր դառնան: Քրիստոսի քաւիչ պատարագին հաւատալով՝ Ադամին զաւակներն Ասաուծոյ որդիք կրնան րլլալ: Մարդկային բնութիւնն զգենլով՝ Քրիստոս կը բարձրացնէ մարդկութիւնը: Անկեալ մարդիկ, Քրիստոսի հետ հաղորդակցութեան մէջ դրուելով, կրնան իրօք արժանանալ՝ “Աստուծոյ որդիք” անունին: FF 12.3
Բաղդատութենէ յո՜յժ գեր ի վեր է այսպիսի սէր մը: Երկնաւոր Թագաւորին զաւակնէ՜ր ըլլալ. անգի՛ն խոստում. Ի՜նչ անսպառ նիւթ ամենախորին խոկմանց: Անքննելի սէ՜րն Աստուծոյ՝ աշխարհի մը համար որ չսիրե՜ց զԻնքը...: Այս նիւթին խորհրդածութիւնը կը նուաճէ հոգին, կը գերէ միտքը՝ զայն Աստուծոյ կամքին հպատակեցնելով: Որքան աւելի ջանանք ճանչնալ աստուածային նկարագիրը խաչին լոյսովը, այնքան աւելի կը տեսնենք ողորմութիւն, քաղցրութիւն և ներողութիւն՝ միացած արդարութեան և իրաւանց հետ, ու այնքան աւելի յստակօրէն կը տեսնենք անթիւ ապացոյցեր անսահման սիրոյ մը, և կաթոգի արգահատանքի մը՝ որ կը գերազանցէ մօր մը խանդաղատանքն իր անառակ զաւկին համար: FF 13.1
“Ամէն մարդկային կապ կրնայ խզուիլ,
Բարեկամ՝ բարեկամի անհաւատարմանալ,
Մայրեր կրնան իրենց որդիքը սիրելէ դադրիլ,
Երկինք, երկիր վերջապէս տեղափոխուիլ. Բայց ո եւ է փոփոխութիւն չի՛ կրեր Եհովային սէրը։”
FF 13.2