ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑԸ
Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է. հիները անցան, և ահա ամէն բան նոր եղաւ:” Բ Կորն. Ե. 17: FF 61.1
Մարդ մը թերեւս անկարող ըլլայ ըսել իր դարձի գալուն ճիշդ ատենը կամ տեղը, կամ անոր բոլոր պարագաները նկարագրել մի առ մի. բայց ատի չի հաստատեր որ դարձի եկած չըլլայ ան: Քրիստոս ըսաւ Նիկոդեմոսին, “Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ, և անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կուգայ կամ ո՛ւ, կ՚երթայ. այսպէս ալ է այն ամէնը որ Հոգիէն կը ծնանի:” Յովհ. Գ. 8: Ինչպէս է հովը, որ չերեւար, բայց որուն արդիւնքները յստակօրէն կը տեսնուին և կը զգացուին, այսպէս է և Աստուծոյ Հոգին՝ իր ներգործութեամբը մարդկային սրտին վրայ: Վերածնիչ այն զօրութիւնը, զոր ոչ ոք կարող է տեսնել, նորոգ կեանք մը կը ծնուցանէ հոգիին մէջ. նոր էակ մը կը ստեղծէ Աստուծոյ պատկերին պէս: FF 61.2
Մինչ Ս. Հոգիին գործը լռին է և անզգալի, իր արդիւնքները բացայայտ են: Եթէ սիրտը նորոգուեր է Աստուծոյ Հոգիէն, կեանքը պիտի վկայէ այդ մասին: Թէպէտև մենք ոչինչ կարող չենք ընել մեր սրտերը փոխելու կամ Աստուծոյ հետ հաշտուելու համար. թէպէտ մենք մեզի կամ մեր բարի գործերուն բնա՛ւ պէտք չէ վստահինք, մեր կեանքը պիտի յայտնէ թէ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի կոր մեր մէջ: Քոփոխութիւն մը պիտի տեսնուի՝ նկարագրին, սովորութիւններուն և զբաղմուքներուն մէջ: Ատոնց անցեալին և ներկային միջև եղած հակապատկերը պիտի յստակ ըլլայ և որոշ: Նկարագիրը կը յայտնուի՝ ոչ թէ պատահական բարի կամ չար գործքերէ, այլ սովորական խօսքերու կամ գործերու ձգտումէն: FF 62.1
Ճիշդ է որ մարդ կարող է առերեւոյթ կիրթ վարմունք մ՚ունենալ՝ առանց Քրիստոսի վերանորոգիչ զօրութեանը: Ազդեցիկ ըլլալու փառասիրութիւնը և իր նմաններէն յարգուելու տենչը կրնան բարեկարգ կեանք մը յառաջ բերել: Անձնապատուութիւնը կրնայ գէշ բաներէ ետ կեցնել մեզ: Անձնասէր սիրտ մը կրնայ վեհանձն գործեր կատարել: Արդ ի՞նչ միջոցով կարելի պիտի ըլլայ մեզի՝ որոշել որո՞ւ կողմը կը գտնուինք: FF 62.2
Ո՞վ ունի մեր սիրտը: Որո՞ւ հետ են մեր խորհուրդները: Որո՞ւ մասին կը սիրենք խօսիլ: Որո՞ւ նկատմամբ կը տածենք մեր ամենաջերմ գուրգուրանքն ու մեր ամենալաւ կորովները: Եթէ Քրիստոսինն ենք մենք, մեր մտածումներն Անոր հետ են. ու մեր ամենաքաղցր խորհրդածութիւններն Անոր նկատմամբ են: Անո՛րը կը նկատենք ամէն ինչ որ ունինք և ենք: Կը բաղձանք Իր պատկերին նմանիլ, Իր հոգին շնչել, Իր կամքը կատարել և հաճելի ըլլալ Անոր՝ ամէն բանի մէջ: FF 62.3
Անոնք որ Քրիստոս Յիսուսով նոր ստեղծուածներ կը դառնան, Հոգիին պտուղը պիտի ցոյց տան, “սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն:” Գաղ. Ե. 22, 23: Այլեւս նախկին ցանկութիւններուն համեմատ պիտի չքալեն անոնք, այլ Աստուածորդւոյն հաւատքովը Իր քայլերուն պիտի հետեւին, Իր նկարագիրը պիտի ցոլացնեն, ու պիտի իրենք զիրենք մաքրեն ինչպէս որ Անիկա մաքուր է: Այն բաները՝ զոր ատենով կ՚ատէին, հիմա կը սիրեն. և այն բաները՝զոր երբեմն կը սիրէին, հիմա կ՚ատեն: Գոռոզն ու ամբարտաւանը կը դառնայ հեզ և խոնարհ:Սնամիտն ու իշխանականը կ՚ըլլայ լուրջ և քաղցրաբարոյ: Գինեմոլը՝ ժուժկալ, և խառնակեացը՝ մաքուր կ՚ըլլայ: Աշխարհի սին սովորութիւններն ու նորաձեւութիւնները մէկդի կը թողուին: Քրիստոնեայք “արտաքին զարդ”ը չեն փնտռեր, այլ “սրտին ծածուկ մարդը, անկեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը:” Ա. Պետ. Գ. 3, 4: FF 63.1
Ճշմարիտ ապաշխարութիւնն այն է որ բարենորոգում յառաջ կը բերէ: Երբ մեղաւորը գրաւը ետ տայ, յափշտակածը հատուցանէ, իր մեղքերը խոստովանի, և զԱստուած ու իր նմանները սիրէ, յայնժամ կրնայ վըստահ ըլլալ որ մահէն կեանքի փոխուած է: FF 63.2
Երբ, իբր մոլորեալ ու մեղապարտ էակներ, Քրիստոսի գանք՝ և Իր ներող շնորհքին հաղորդ ըլլանք, սէր կը բղխի սրտերնուս մէջ: Յայնժամ ամէն ծանրութիւն մեզի թեթեւ կուգայ. քանզի քաղցր է Քրիստոսի դրած լուծը: Պարտականութիւնը՝ ուրախութիւնը կը դառնայ, և զոհողութիւնը՝ հաճոյք: Այն ճամբան որ առաջ խաւարամած կը թուէր, կ ողողուի Արդարութեան Արեգակին ճաճանչներովը: FF 64.1
Քրիստոսի նկարագրին սիրելիութիւնը պիտի տեսնուի Իր հետեւողներուն քով: Ան Իր հաճոյքը Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ կը գտնէր: Սէր առ Աստուած, և նախանձաւորութիւն Անոր փառքին համար, — ահա՛ ասոնք էին մեր Քրկչին կեանքին երկու գլխաւոր ազդակները: Սէրն էր որ կը գեղեցկացնէր և կ՚ազնուացնէր Անոր բոլոր գործերը: Սէրը Աստուծմէ է: Չվերածնած սիրտը չէ կարող ծնուցանել կամ արտադրել զայն: Ան կը գտնուի միայն այն սրտին մէջ ու Յիսուս կը թագաւորէ: “Մենք կը սիրենք, քանզի առաջ Ան մեզ սիրեց:” Ա. Յովհ. Դ. 19: Աստուածային շնորհքով վերանորոգուած սրտին մէջ՝ սէրը բոլոր գործքերուն պատճառն է: Ան կը բարեփոխէ նկարագիրը, կը կառավարէ շարժառիթները, կ՚իշխէ կիրքերուն վրայ, կը նուաճէ թշնամութիւնը, և կ՚ազնուացնէ զգացումները: Այդ սէրը՝ հոգիին մէջ սնուցուելով՝ կը քաղցրացնէ կեանքը, և ազնուացուցիչ ազդեցութիւն մը կը սփռէ իր շուրջը: FF 64.2
Երկու սխալներ կան որոնց դէմ Աստուծոյ զաւակները — մանաւանդ անոնք, որ նոր կ՚ապաւինին Անոր շնորհքին — մասնաւորապէս պարտին զգոյշ կենալ: Առաջինը, որուն վրայ արդէն ծանրացանք, իրենց գործերուն նայիլն է, վստահելով բանի մը զոր անոնք կրնան ընել՝ Աստուծոյ հետ հաշտուելու համար: Ո՛վ որ ջանք կ՚ընէ սուրբ ըլլալ ի՛ր իսկ գործերով՝ օրէնքը պահելով, անկարելիութեան մը կը ձեռնարկէ: Ամէն ինչ որ մարդ կրնայ ընել առանց Քրիստոսի՝ եսասիրութեամբ և մեղքով է ապականած: Քրիստոսի շնորհքն է միայն՝ հաւատքի միջոցով՝ որ մեզ կրնայ սրբացնել: FF 65.1
Միւս ոչ նուազ վտանգաւոր սխալն ալ այն է որ Քրիստոսի հաւատալով՝ մարդիկ Աստուծոյ օրէնքը պահելէն ազատ կը կացուցուին. և թէ քանի որ հաւատքով Քրիստոսի շնորհքին հաղորդ կ՚ըլլանք, մեր գործերը ո և է առնչութիւն չունին մեր փրկութեանը հետ: FF 65.2
Բայց հոս պէտք է նկատի առնես որ հնազանդութիւնը լոկ արտաքին հաճոյակատարութիւն մը չէ, այլ սիրոյ ծառայութիւն մը: Աստուծոյ օրէնքը բուն իսկ Իր բնութեանը արտայայտութիւնն է, սիրոյ մեծ սկզբունքին մարմնացումը, և հետեւապէս հիմը Անոր կառավարութեան երկինքի մէջ և երկրի վրայ: Եթէ մեր սրտերը վերանորոգուած են Աստուծոյ նմանութեամբը, եթէ աստուածային սէրը հաստատուեր է մեր հոգիին մէջ, ո՞չ ապաքէն Աստուծոյ օրէնքը պիտի գործադրենք մեր կեանքին մէջ: Երբ սիրոյ սկզբունքը հաստատուի սրտին մէջ, երբ մարդ վերանորոգուի զինքը Ստեղծողին պատկերին պէս, նոր ուխտին խոստումը պիտի կատարուի, “Իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք:” Եբր. Ժ. 16: Ու եթէ օրէնքը գրուած է սրտին մէջ, ո՞չ ապաքէն պիտի կանոնաւորէ կեանքը: Հնազանդութիւնը — սիրոյ ծառայութիւնը և հպատակութիւնը — ճշմարիտ նշանն է աշակերտութեան: Ս. Գիրքը կ՚ըսէ, “Աս է Աստուծոյ սէրը որ Անոր պատուիրանքները պահենք:” “Ան որ կ՚ըսէ թէ Ես զԱնիկա ճանչցայ, ու Անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է, ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ:” Ա. Յովհ. Ե. 3. Բ. 4: Քոխանակ մարդը ազատ կացուցանելու հնազանդութենէ, հաւատքն է՝ ու միայն հաւատքը՝ որ մեզ հաղորդ կ՚ընէ Քրիստոսի շնորհքին. ու այդ շնորհքն ալ մեզ կարող կ՚ընէ հնազանդելու: FF 65.3
Մեր հնազանդութիւնովը չէ որ փրկութիւն կը ստանանք. քանզի փրկութիւնը Աստուծոյ ձրի պարգեւն է, որ հաւատքով կը ստացուի: Բայց հնազանդութիւնը հաւատքին պտուղն է: “Գիտէք որ Անիկա անոր համար յայտնուեցաւ որ մեր մեղքերը վերցնէ, ու Իր մէջ մեղք չկայ: Ամէն ով որ Անոր մէջ կը կենայ՝ մեղք չի գործեր. ան որ մեղք կը գործէ, զԱնիկա տեսած չէ ու զԱնիկա ճանչցած չէ:” Ա. Յովհ. Գ. 5, 6: Ահա՛ բուն փորձաքարը:Եթէ Քրիստոսի մէջ կենանք, եթէ Աստուծոյ սէրը մեր մէջ բնակի, մեր զգացումները, մեր խորհուրդները, մեր գործերը՝ համաձայն պիտի ըլլան Աստուծոյ կամքին հետ որ արտայայտուած է Իր սուրբ օրէնքին պատուիրանքներուն մէջ: “Որդեակներ, մէկը ձեզ չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ, արդար է, ինչպէս որ Անիկա արդար է:” Ա. Յովհ. Գ. 7: Արդարութիւնը կը սահմանուի կանոնովն Աստուծոյ սուրբ օրէնքին, ինչպէս արտայայտուած է Սինայի վրայ տրուած տասը պատուիրանքներուն մէջ: FF 66.1
Քրիստոսի վրայ եղած անուանական այն հաւատքը որ մարդիկն ազատ կը կացուցանէ Աստուծոյ հնազանդելու պարտաւորութենէն, հաւատք չէ, այլ յանձնապաստանութիւն: “Դուք շնորհքով փրկուած էք, հաւատքի միջոցով:” Բայց “հաւատքը, եթէ հետը գործ չունենայ, ըստ ինքեան մեռած է:” Եփ. Բ. 8. Յակ. Բ, 17: Յիսուս՝ աշխարհ գալէ առաջ՝ ըսաւ Իր մասին, “Ո՛վ Աստուած, Քու կամքդ կատարելու փափաքեցայ, ու Քու օրէնքդ Իմ ներսիդիս է:” Ու երկինք համբառնալէն անմիջապէս առաջ նորէն յայտարարեց, “Ես Իմ Հօրս պատուիրանքները պահեցի, ու Անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ:” Գիրքը կ՚՚ըսէ, “Ասով գիտենք թէ զԱնիկա կը ճանչնանք եթէ Անոր մէջ կը բնակի, այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս որ Անիկա քալեց:” Յովհ. ԺԵ. 10. Ս. Յովհ. Բ. 3-6: “Քրիստոս ալ մեզի համար չարչարուեցաւ, ու մեզի օրինակ մը թողուց՝ որպէսզի Իր շաւիղներուն հետեւինք:” Ա Պետ. Բ. 21: FF 67.1
Յաւիտենական կեանքի պայմաններն այսօր են ինչ որ եղած են միշտ, — ինչ որ էին Եդեմի մէջ, մեր նախածնողաց անկումէն առաջ, — կատարեալ հնազանդութիւն Աստուծոյ օրէնքին, կատարեալ արդարութիւն: Եթէ յաւիտենական կեանքը ուրիշ ո և է պայմանով շնորհուէր, յայնժամ բովանդակ տիեզերքին երջանկութիւնը պիտի վտանգուէր: Դուռ պիտի բացուէր մեղքին համար, իր բոլոր աղէտներովն ու թշուառութիւններովն ի միասին, որոնք պիտի յաւերժանային: FF 67.2
Ադամին համար հնար էր՝ իր անկումէն առաջ արդար նկարագիր մը կազմել՝ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելով: Բայց ան չըրաւ զայդ, ու իր մեղքին պատճառով՝ մեր բնութիւնները վատթարացան, և մենք անկարող ենք ինքզինքնիս արդարացնել: Մեղաւոր ու պիղծ ըլլալով՝ չենք կարող կատարելապէս հնազանդիլ սուրբ օրէնքի մը: Մենք մեզմէ չունինք արդարութիւն որով կարող ըլլանք Աստուծոյ օրէնքին պահանջումները գոհացնել: Բայց Քրիստոս մեզի համար ազատման միջոց մըն է պատրաստած: Ան երկրի վրայ ապրեցաւ՝ միեւնոյն նեղութեանց մէջտեղը որոնց մենք կը հանդիպենք. ու ապրեցաւ՝ առանց մեղանչելու: Մեզի համար մեռաւ, ու հիմայ կ՚առաջարկէ մեր մեղքերն Իր վրայ առնել, և Իր արդարութիւնը մեզի տալ: Եթէ դուն քեզ Անոր տաս, և զինքն ընդունիս իբր քու Քրկիչդ, յայնժամ, ի՛նչքան ալ մեղապարտ եղած ըլլայ կեանքդ, Անոր սիրոյն համար արդար կը սեպուիս դուն: Քրիստոսի նկարագիրը քու նկարագրիդ տեղը կը բռնէ, ու դուն Աստուծոյ առջեւը կ՚ընդունուիս բնաւ չմեղանչածի պէս: FF 68.1
Աւելի՛ն կայ. Քրիստոս կը փոխէ սիրտդ. անոր մէջ կը բնակի հաւատքի միջոցով: Քրիստոսի հետ այս կապակցութիւնդ պահէ՛ դուն հաւատքով, ու միշտ Անո՛ր յանձնէ կամքդ, ու որքան ատեն որ ասի ընես դուն, Ան քու մէջդ պիտի ներգործէ կամենալը և ընելը Իր հաճութեանը համեմատ: Ուստի կրնաս ըսել, “Ես որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ, Աստուծոյ Որդւոյն հաւատքովը կ՚ապրիմ, Ան որ զիս սիրեց, ու Իր անձը մատնեց ինծի համար:” Գաղ. Բ. 20: Այսպէս ըսաւ Յիսուս Իր աշակերտներուն, “Չէ թէ դուք էք որ կը խօսիք, այլ ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի:” Մատթ. Ժ. 20: Արդ, քու մէջդ ներգործող Քրիստոսի հետ միեւնոյն ոգին պիտի ցոյց տաս, և միեւնոյն գործերը գործես, — գործեր արդարութեան, և գործեր հնազանդութեան: FF 68.2
Ուրեմն մեր մէջ ոչինչ ունինք որով կարենանք պարծենալ: Հպարտանալու ո և է տեղ չունինք: Մեր յոյսին միակ հիմը Քրիստոսի արդարութեան մէջ է՝ որ մեզի կը սեպուի, և այն արդարութեան մէձ՝ որ յառաջ կուգայ Հոգիին մեր մէջ և մեր միջոցով գործելովը: FF 69.1
Երբ հաւատքի մասին կը խօսինք, զանազանութիւն մը կայ զոր պէտք է ի մտի ունենանք: Տեսակ մը դաւանանք կայ՝ որ բոլորովին կը տարբերի հաւատքէն: Աստուծոյ գոյութիւնն ու զօրութիւնը, Անոր խօսքին ճշմարտութիւնը՝ այնպիսի իրողութիւններ են որ նոյն իսկ Սատանան և իր հրեշտակները չեն կարող իրապէս ուրանալ: Ս. Գիրքը կ՚ըսէ որ “Դեւերն ալ կը հաւատան և կը սարսափին:” Յակ. Բ. 10: Բայց ատի հաւատք չէ: Բուն հաւատքը — այն որ սիրով ի գործ կը դրուի և կը մաքրէ հոգին — ոչ միայն Աստուծոյ Խօսքը կը դաւանի,այլ Անոր կամքին կը հպատակի. սիրտը Անոր կը հնազանդեցնէ, և սիրոյ զգացումներն Անոր վրայ կը սեւեռէ: Այս հաւատքին միջոցով՝ հոգին Աստուծոյ պատկերին կը վերանորոգուի: Ու այն սիրտը որ իր չվերածնած վի- ճակին մէջ չի հնազանդիր Աստուծոյ օրէնքին, մանաւանդ չի կրնար ալ, հիմա անոր սուրբ պատուէրները կատարելուն մէջ կը գտնէ իր ցնծութիւնը,և Սաղմոսերգուին հետ կ՚աղաղակէ, “Ո՜րքան կը սիրեմ Քու օրէնքդ, ան է ամէն օր իմ ուրախութիւնս:” Սաղմ. ՃԺԹ. 97: Ու օրէնքին արդարութիւնը կը կատարուի մեր մէջ՝ “որ մարմնաւոր կերպով չենք քալեր, այլ հոգեւոր կերպով:” Հռոմ. Ը. 1: FF 69.2
Կան մարդիկ որ ճանչցած են Քրիստոսի ներողամիտ սէրը, և որոնք իրապէս կը ցանկան Աստուծոյ զաւակներ ըլլալ, բայց և այնպէս կը տեսնեն որ նկարագիրնին անկատար է, անմեղադրելի չէ իրենց կեանքը, ու պատրաստ են տարակուսելու թէ արդեօք Ս. Հոգին վերանորոգա՞ծ է սրտերնին: Այդպիսիներուն ես կ՚ըսեմ, Յուսահատութեամբ մի՛ լքուիք: Շատ անգամներ Յիսուսի ոտքերուն քով պիտի ծնրադարենք ու արտասուենք մեր պարտազանցութիւններուն և սխալանացը համար. սակայն պէտք չէ յուսահատինք: Եթէ թշնամիէն յաղթուինք իսկ, Աստուծմէ երեսէ ձգուած, մոռցուած ու մերժուած չենք: Ո՛չ. Քրիստոս Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաև կը բարեխօսէ մեզի համար: Սիրելի առաքեալը Յովհաննէս կ՚ըսէ, “Այս բաները կը գրեմ ձեզի որ մեղք չգործէք, և եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը:” Ա. Յովհ. Բ. 1: Ու մի՛ մոռնար Քրիստոսի սա խօսքը, “Հայրը ձեզ կը սիրէ:” Յովհ. ԺԶ. 27: Ան կը ցանկայ Իրեն մօտեցնել քեզ, և Իր մաքրութիւնն ու սրբութիւնը ցոլացած տեսնել քու մէջդ: Եւ եթէ ուզես դուն քեզ Իրեն յանձնել, Ան որ քու մէջդ գործ մը սկսեց, մինչև Յիսուս Քրիստոսի օրը պիտի կատարէ: Աղօթէ՛ աւելի ջերմեռանդօրէն. հաւատա՛ աւելի հաստատօրէն: Երբ մեր անձնական զօրութեանը վրայէն վստահութիւննիս վերցնենք, մեր Քրկչին զօրութեանը վստահինք, և օրհնենք զԱնիկա որ մեր երեսին փրկութիւնն է: FF 70.1
Ո՛րքան մօտ երթաս Յիսուսի, ա՛յնքան յանցապարտ պիտի երեւաս դուն քու աչքերուդ. քանզի տեսութիւնդ պիտի աւելի յստակ ըլլայ, ու անկատարութիւններդ պիտի աչքի զարնեն՝ իբր լայն և յստակ հակապատկեր Անոր կատարեալ բնութեանը: Ասի ապացոյց մըն է թէ Սատանային խաբէութիւններն իրենց զօրութիւնը կորուսած են, և թէ Աստուծոյ Հոգիին կենդանանար ազդեցութիւնը կ՚արթնցնէ կոր քեզ: FF 71.1
Յիսուսի համար խորունկ սէր չէ կարող բնակիլ սրտի մը մէջ որ իր մեղապարտութեանն զգացումը չունի: Քրիստոսի շնորհքովը փոխուած հոգին պիտի սքանչանայ Անոր աստուածային նկարագրին վրայ. բայց եթէ մեր բարոյական տձեւութիւնները չենք տեսներ, ատի աներկբայ ապացոյցն է թէ Քրիստոսի հրապոյրին և վսեմութեանը նկատմամբ գաղափար չենք ունեցած: FF 71.2
Ո՛րքան նուազ համարում ունենաք մենք մեր վրայ, ա՛յնքան աւելի պիտի ըմբռնենք մեր Քրկչին անհուն մաքրութիւնն ու հրապոյրը: Մեր մեղապարտութեանն զգացումը մեզ կը նետէ գրկին մէջ Անոր որ կարող է ներել մեզի, ու երբ հոգին՝ զգալով իր անկարողութիւնը՝ Քրիստոսը փնտռէ, Ան ինքզինքը պիտի յայտնէ զօրութիւնով: Ո՛րքան աւելի մեր կարօտութեանն զգացումը մեզ մղէ Անոր մօտ և Աստուծոյ Խօսքին, ա՛յնքան աւելի պիտի բարձր գաղափարներ կազմենք Իր նկարագրին մասին, ու պիտի աւելի կատարեալ կերպով ցոլացնենք Իր պատկերը: FF 71.3