ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Խիղճդ Ս. Հոգիէն արթննալուն պէս՝ կը սկսիս տեսնել մեղքին պժգալի բնութիւնը, անոր զօրութիւնը, յանցապարտութիւնը և յառաջ բերած աղէտները, ու ա՛լ գարշանօք կը նայիս անոր: Կը զգաս որ մեղքը բաժներ է քեզ Աստուծմէ, թէ չարին իշխանութեան գերի ես դարձեր: Ո՛րքան աւելի ջանք ընես ազատելու, ա՛յնքան աւելի կը զգաս անկարողութիւնդ: Շարժառիթներդ անմաքուր են. պիղծ է և սիրտդ: Կը տեսնես որ կեանքդ եսասիրութեամբ և մեղքով է համակուեր: Կը բաղձաս թողութիւն գտնել, մաքրուի, ազատ ըլլալ: Աստուծոյ հետ ներդաշնակ ըլլալու և Անոր նմանելու համար ի՞նչ կարող ես ընել: FF 52.1
Քեզի պէտք եղածը խաղաղութիւն է, — երկինքի թողութիւնն ու խաղաղութիւնը և սէրը հոգիիդ մէջ: Ստակով չես կարող գնել զայն, ձեռք ձգել, իմաստութիւնը չի կրնար հասնիլ անոր: Երբէք չես կարող յուսալ՝ քու իսկ ջանքերովդ՝ ձեռք անցունել զայն: Բայց Աստուած քեզի կը շնորհէ զայն իբր պարգև՝ “առանց ստակի և առանց գնոյ:” Ես ԾԵ. 1: Քո՛ւկդ է, եթէ միայն ուզես ձեռքդ երկնցնել ու պինդ բռնել զայն: Տէրը կ՚ըսէ, “Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս ճերմակ պիտի ըլլան. եթէ որդան կարմիրի պէս են, ասրի պէս պիտի ճերմկնան:” Ես. Ա. 18: “Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ, ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ:” Եզեկ. ԼԶ. 26: FF 52.2
Մեղքերդ խոստովանեցար, ու սրտանց մէկդի ձգեցիր զանոնք: Որոշեցիր ինքզինքդ Աստուծոյ տալ: Հիմա Անոր գնա՛, և խնդրէ՛ Իրմէ որ լուայ մեղքերդ և քեզի նոր սիրտ մը տայ: Ու յետոյ՝ հաւատա՛ որ ան կը կատարէ զայդ՝ քանզի խոստացեր է: Ասի այն դասն է զոր Յիսուս սորվեցուց՝ երբ երկրի վրայ էր, թէ պէտք է հաւատանք որ կ՚առնենք Աստուծոյ մեզի խոստացած պարգեւը՝ և թէ մերն է ան: Յիսուս կը բժշկէր հիւանդութիւնները բոլոր անոնց որ կը հաւատային Իր զօրութեանը. Ան կ՚օգնէր անոնց՝ տեսանելի բաներու մէջ, որպէսզի Իր վրայ վստահութիւն ունենային անտեսանելի բաներու համար. ու այսպէս՝ զանոնք կ՚առաջնորդէր հաւատալու թէ Ինք իշխանութիւն ունէր մեղքերու թողութիւն տալու: Ահա՛ ինչ որ Ան յստակօրէն յայտարարեց՝ անդամալոյծը բժշկած ատեն “Որպէս զի գիտնաք թե Որդին մարդոյ. իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ան ատեն անդամալոյծին ըսաւ), Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տո՛ւնդ գնա:” Մատթ. Թ. 6: Յովհաննէս աւետարանիչն ալ այսպէս կ՚ըսէ՝ Քրիստոսի հրաշքներուն վրայ խօսելով, “Ասոնք գրուեցան որ հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, և որ հաւատալով կեանք ունենաք Անոր անունովը” Յովհ. Ի. 31: FF 53.1
Ս. Գրքին պարզ պատմութենէն թէ ի՛նչպես Յիսուս հիւանդը բժշկեց, կրնանք սորվիլ ի՛նչպես պէտք է հաւատալ Անոր՝ մեղքերու թողութեան համար: Բեթհեզդայի անդամալոյծին պատմութիւնը նկատի առնենք: Խեղճ հիւանդը անօգնական էր մնացեր. երեսուն և ութը տարիէ ի վեր չէր գործածած իր սրունքները: Այսուհանդերձ Յիսուս հրամայեց Անոր, “Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու քալէ՛:” Հիւանդը կարող էր ըսել, “Տէ՛ր, եթէ կ՚ուզես զիս բժշկել, պիտի հնազանդիմ Քու խօսքիդ:” Բայց ո՛չ, ան հաւատաց Քրիստոսի խօսքին, հաւատաց թէ բժշկուած էր, ու մէկէն ճիգ մ՚ըրաւ. կամեցաւ քալել, ու քալեց: Քրիստոսի ըսածին պէս ըրաւ, ու Աստուած զօրութիւն տուաւ անոր: Մարդը կատարելապէս բժշկուեցաւ: FF 53.2
Նմանապէս մեղաւոր մըն ես դուն: Չես կրնար քաւել անցեալ մեղքերդ, չես կարող փոխել սիրտդ ու սրբացնել ինքզինքըդ: Բայց Աստուած կը խոստանայ այս բոլորն ընել քեզի համար Քրիստոսի միջոցով: Հաւատա՛ այդ խոստումին: Խոստովանէ՛ մեղքերդ, և Աստուծո՛յ յանձնէ ինքզինքդ: Անոր ծառայելու կա՛մք ըրէ. Ասի ընելուդ պէս, Աստուած պիտի Իր խօսքը կատարէ քեզի: Եթէ կը հաւատաս խոստումին, — եթէ կը հաւատաս որ մեղքերդ ներուած են քեզի ու մաքրուած ես դուն, — Աստուած կ՚իրականացնէ հաւատքդ. բժշկուած ես, չիշդ ինչպէս Յիսուս անդամալոյծին կարողութիւն տուաւ քալելու՝ երբ մարդը հաւատաց թէ բժշկուած էր: Ասի այսպէս է եթէ կը հաւատաս ասոր: FF 54.1
Բժշկուած ըլլալդ զգալու մի՛ սպասեր, այլ ըսէ՛, “Կը հաւատամ, այսպէս է, ոչ թէ որովհետև կը զգամ զայդ, այլ քանզի Աստուած խոստացեր է:” FF 55.1
Յիսուս կ՚ըսէ, “Ինչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք ու պիտի ըլլայ ձեզի:” Մարկ. ԺԱ. 24: Այս խոստումը պայման մը ունի, — այն է թէ Աստուծոյ կամքին համեմատ պէտք է խնդրենք: Բայց Աստուծոյ կամքը մեզ մեղքէն մաքրել է. մեզ Իր զաւակներն ընել ու մեզ կարող ընել սուրբ կեանք մ՚ապրելու: Ուստի կրնանք այդ օրհնութիւնները խնդրել, ու հաւատալ թէ կ՚առնենք զանոնք, և շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ որ առինք զանսնք: Մեր առանձնաշնորհումն է Յիսուսի դիմել ու մաքրուիլ, և օրէնքին առջեւը կենալ առանց ամօթահարութեան և խղճի խայթի: “Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր, այլ հոգեւոր կերպով:” Հռովմ. Ը. 1: FF 55.2
Այսուհետև դուն քու անձիդ տէրը չես. գնով ծախու առնուեցար: “Չէ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք,... այլ Քրիստոսի պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ ամբիծ ու անարատ գառի մը:” Ա. Պետ. Ա. 18, 19: Աստուծոյ հաւատալուդ այս պարզ արար- քով՝ Ս. Հոգին սրտիդ մէջ նոր կեանք մըն է ծնուցեր: Այլեւս դուն նորածին մանուկ մըն ես Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, ու Ան քեզի կը սիրէ՝ ինչպէս կը սիրէ Իր Որդին: FF 55.3
Հիմա որ դուն քեզ Յիսուսի տուիր, այլեւս ետ մի՛ դառնար, Անկէ մի՛ բաժնուիր, այլ օր ըստ օրէ ըսէ՛, “Ես Քրիստոսինն եմ. ինքզինքս Անոր եմ տուեր.” ու խնդրէ՛ Անկէ որ իր Հոգին տայ քեզի, ու Իր շնորհքովը պահէ քեզ: Ինչպէս որ ինքզինքդ Աստուծո տալով ու Անոր հաւատալով է որ Իր զաւակը կը դառնաս, այնպէս ալ պէտք է Անոր մէջ ապրիս: Առաքեալը կ՚ըսէ, “Ինչպես որ ընդունեցաք Յիսուս Քրիստոս Տէրը, Անո՛վ քալեցէք:” Կող. Բ. 6: FF 56.1
Կան մարդիկ որ կը կարծեն թէ պարտին փորձի ենթարկուիլ՝ և ապացուցանել Տէրոջը թէ բարեփոխուած են՝ Անոր օրհնութիւնը կարենալ հայցելէ առաջ: Բայց անոնք նոյն իսկ հիմա՛ կարող են հայցել Աստուծոյ օրհնութիւնը: Առանց Անոր շնորհքիքն և Քրիստոսի Հոգիին ի՞նչպես պիտի կրնան օգնել իրենց տկարութիւններուն, կամ չարին դիմադրել: Յիսուս կ՚ուզէ որ Իրեն գանք այնպէս ինչպէս ենք, մեղաւոր, անօգնական, բոլորովին Իրմէ կախեալ: Կրնանք Անոր գալ մեր բոլոր տկարութիւններովը, մեր յիմարութիւններովն ու մեղաւորութեամբը, և Իր ոտքն իյնալ զղջումով: Անոր փառքն է Իր սիրոյ թեւերովը շրջապատել մեզ, մեր վէրքերը կապել և ամէն անմաքրութենէ մաքրել մեզ: FF 56.2
Հո՛ս է որ հազարաւորներ կը սխալին. չեն հաւատար որ Յիսուս կը ներէ իրենց՝ անձնապէս, անհատապէս: Աստուծոյ խօսքին չեն վստահիր: Պայմաններն ընդունողնե՛րը միայն գիտեն թէ ամէն մեղքի համար ձրիապէս թողութիւն կը տրուի: Մէկդի՛ ըրէ դուն այն կասկածը թէ Աստուծոյ խոստումները քեզի չեն պատկանիր: Անոնք իւրաքանչիւր ապաշխարող օրինազանցի համար են: Քրիստոսի միջոցով զօրութիւն և շնորհք հայթայթուած են հրեշտակներու ձեռքով հաղորդուելու ամէն մէկ հաւատացեալ հոգիի: Ոչ ոք այնքան մեղաւոր է որ կարող չըլլայ զօրութիւն, մաքրութիւն և արդարութիւն գտնել Յիսուսի մէջ որ մեռաւ ամենուս համար: Ան կը սպասէ որ մեր վրայէն հանէ մեղքով արատաւորուած ու աղտոտած հանդերձները, և մեզի հագցնէ արդարութեան սպիտակ պատմուճանները. կը հրաւիրէ մեզ ապրիլ, և ոչ մեռնիլ: FF 56.3
Աստուած մեզի հետ չի վարուիր այնպէս ինչպէս մահկանացու մարդիկ կը վարուին իրարու հետ: Անոր խորհուրդները՝ ողորմութեան, սիրոյ և ամենագողտր կարեկցութեան խորհուրդներ են: Ան կ՚ըսէ, “Թող ամբարիշտը իր ճամբայէն՝ ու անօրեն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի և Տէրոջը դառնայ, ու Անիկա պիտի ողորմի անոր. ու մեր Աստուծոյն՝ քանզի Անիկա անոր պէս կը ներէ:” “Քու յանցանքներդ մէզի պէս, ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի:” Ես. ԾԵ. 7. ԽԴ. 22: FF 57.1
“Մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ՚ըսէ Տէր Եհովան. ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք:” Եզեկ. ԺԸ. 32: Սատանան միշտ պատրաստ է մեզմէ խլելու Աստուծոյ օրհնեալ խոստումները: Ան կը ցանկայ մեր հոգիէն կորզել յոյսի ամէն նշոյլ և լոյսի ամէն շող. բայց պետք չէ անոր թոյլ տաս զայդ ընել: Ականջ մի՛ տար փորձիչին, այլ ըսէ՛, “Յիսուս մեռաւ՝ որպէս զի ես ապրիմ: Ան կը սիրէ զիս՝ և չ՚ուզեր որ կորսուիմ: Գթած Հայր մը ունիմ երկնաւոր. ու թէպէտ չարաչար գործածեցի Իր սէրը, թէև վատնեցի ինծի պարգեւած օրհնութիւնները, պիտի ելլեմ երթամ իմ Հօրս՝ ու ըսեմ, Մեղանչեցի Երկինքին դէմ ու Քու առջեւդ, և ա՛լ արժանի չեմ Քու որդիդ ըսուելու. զիս Քու վարձկաններուդ մէկուն պէս ըրէ՛:” Առակը քեզի կ՚ըսէ թէ ի՛նչպես պիտի ընդունուի մոլորեալը. “Մինչդեռ ինքը շատ հեռու էր, իր հայրը տեսաւ զանիկս, ու գութը շարժեցաւ, և վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա:” Ղուկ. ԺԵ. 18-20: FF 58.1
Բայց նո՛յն իսկ այս առակը, ինքնին յուզիչ և սրր- տաշարժ, անզօր կը մնայ արտայայտելու երկնաւոր Հօրը անսահման գութը: Տէրը Իր մարգարէին միջոցով կը յայտարարէ, “Քեզ յաւիտենանակ սիրով սիրեցի. անոր համար ողորմութեամբ քեզ կանչեցի:” Երեմ. ԼԱ. 3: Մինչդեռ մեղաւորը՝ Հօրը տունէն հեռու՝ օտար երկրի մէջ կը փճացնէ իր ունեցածը, Հօրը սիրտը կը մորմոքի՜ անոր համար. ու Աստուծոյ դառնալու ամէն բաղձանք որ հոգիին մէջը կ՚արթննայ, Անոր Հոգիին գորովագութ հրաւերն է որ կը պաղատի՜, կ՚աղերսէ՜, դէպ ի Հօրը սիրոյ սիտը քաշելով մալորեալը: FF 58.2
Ս. Գրքին առատ խոստումները աչքիդ առջև ունենալով՝ դեռ կրնաս տարակոյսին տեղի տալ: Կրնաս հաւատալ թէ երբ խեղճ մեղաւորը անձկայ դարձի գալ, ու բաղձայ մէկդի ձգել իր մեղքերը. Տէրը խստօրեն արգիլէ զանի զղջումով Իր ոտքերում նետուելէ: Հեռո՛ւ քեզմէ այդպիսի խորհուրդներ: Ոչի՛նչ կարող է աւելի վնասել հոգիիդ քան այդպիսի աննպաստ գաղափար կազմել մեր երկնաւոր Հօրը նկատմամբ: Ան մեղքը կ՚ատէ, բայց կը սիրէ մեղաւորը, ու Ինքզինքը տուաւ յանձին Քրիստոսի, որպէս զի ամէն անոնք որ ուզեն կարող ըլլան փրկուիլ և յաւերժական երանութիւն ունենալ փառաց թագաւորութեանը մէջ: Կարելի՞ էր գործածել լեզու մը աւելի ազդու և աւելի գորովալի քան այն զոր Ինքն ընտրեց արտայայտելու համար հանդէպ մեզի տածած Իր սէրը: Ան կը յայտարարէ, “Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ. թէև անոնք մոռնան, բայց Ես քեզ պիտի չմոռնամ:” Ես. ԽԹ. 15: FF 59.1
Վեր նայէ՛, ո՜վ դուն որ կը տարակուսիս և կը դողաս. քանզի Յիսուս կ՚ապրի միջնորդութիւն ընելու մեզի համար: Շնորհակա՛լ եղիր Աստուծոյ Իր սիրելի Որդւոյն պարգեւին համար, ու աղօթէ՛ որ Ան ի զուր մեռած չըլլայ քեզի համար: Ս. Հոգին քե՛զ կը հրաւիրէ այսօր: Յիսուսի՛ եկուր բոլոր սրտովդ, ու պիտի կրնաս Անոր օրհնութիւնը խնդրել: FF 60.1
Խոստումները կարդացած ատենդ՝ յիշէ՛ որ անոնք արտահայտութիւնն են անճառելի սիրոյ և գթութեան: Անսահման Սիրոյ մեծ սիրտը դէպ ի մեղաւորը կը ձգտի անհո՜ւն գթով: “Անո՛վ փրկութիւն ունինք մենք Իր արեանը միջոցով. մեղքի թողութիւնը:” Եփես. Ա. 7: Այո՛, միայն հաւատա՛ որ Աստուած է օգնականդ: Ան կը ցանկայ Իր բարոյական պատկերը վերանորոգել մարդուն մէջ: Երբ Անոր մօտենաս խոստովանութեամբ և զղջումով, Ինքն ալ քեզի պիտի մօտենայ ողորմութիւնով և թողութեամբ: FF 60.2