ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ԱՃՈՒՄ
Սրտի փոփոխութիւնը՝ որով Աստուծոյ որդիք կը դառնանք՝ Ս. Գրքին մէջ ծնանելու նմանցուած է: Դարձեալ՝ բաղդատուած է հողագործին ցանած բարի սերմին ծլելուն: Նմանապէս անոնք որ նոր դարձի եկած են Քրիստոսի, “նորածին մանուկներու” նման պէտք է աճին՝ արանց և կանանց հասակին բարձրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով: Ա Պետ. Բ. 2: Եփես. Դ. 15: Կամ՝ արտին մէջ ցանուած բարի սերմին նման՝ պէտք է աճին անոնք և պտուղ բերեն: Եսայի կ՚ըսէ որ “անոնք արդարութեան բեւեկնիներ պիտի կոչուին՝ զոր Տէրը տնկեր է Իր փառքին համար:” Ես. ԿԱ. 3: Այսպէս՝ բնութենէն լուսաբանութիւններ քաղուած են, մեզի օգնելու համար աւելի լաւ ըմբռնելու հոգեւոր կեանքին խորհրդաւոր ճշմարտութիւնները: FF 72.1
Մարդուն բոլոր իմաստութիւնն ու հանճարը կարող չէն կեանք արտադրել բնութեան մէկ ամենափոքր առարկայի մէջ: Աստուծոյ հաղորդած կեանքովն է միայն՝ որ թէ՝ բոյս թէ՛ անասուն կրնան ապրիլ: Նմանապէս Աստուծոյ կեանքովն է միայն որ հոգեւոր կեանքը կը ծնանի մարդոց սրտերուն մէջ: Մինչև որ մարդ մը “վերէն չծնանի,” Յովհ. Գ. 3, չէ կարող մասնակցիլ այն կեանքին զոր Քրիստոս տալու եկաւ: FF 73.1
Ինչպէս է կեանքի մասին, այնպէս է և աճման նկատմամբ: Աստուած է որ կոկոնը կը ծաղկեցնէ և ծաղիկը պտուղի կը փոխէ: Իր զօրութեամբ է որ սերմը կ՚ուռճանայ. “առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետև լեցուն ցորենը հասկին մէջ:” Ու Ովսէէ մարգարէն Իսրայէլի մասին կ՚ըսէ որ “անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի:” “Ցորենի պէս պիտի կենդանանան, ու որթի պէս պիտի ծաղկին:” Մարկ. Դ. 28: Ովսէէ ԺԴ. 5, 7: Ու Յիսուս կ՚ըսէ մեզի, “Նայեցէ՛ք դաշտի շուշաններուն, ի՛նչպէս կ՚աճին:” Ղուկ. ԺԲ. 27: Տունկերն ու ծաղիկները կ՚աճին՝ ոչ թէ իրենց մտահոգութեամբը կամ ջանքովը, այլ ստանալով ինչ որ Աստուած մատակարարած է անոնց կեանքին համար: Տղան չէ կարող՝ իր մտահոգութեամբն ու զօրութեամբը՝ իր հասակը բարձրացնել: Ոչ ալ դուն կարող ես՝ քու մտատանջութեամբդ կամ ջանքովդ՝ հոգեւոր աճում ձեռք բերել: Տունկն ու տղան կ՚աճեն՝ զիրենք շրջապատող բաներէն ստանալով ինչ որ պէտք է իրենց գոյութեանը համար, — օդ, արև և սնունդ: Բնութեան այդ պարգեւներն ինչ որ են անասունին կամ բոյսին համար, այն է Քրիստոս Իրեն յուսացողներուն համար: Ան իրենց “յաւիտենական լոյս”ն է, “արև ու վահան է:” Ես . Կ. 19: Սաղմ. ՁԴ. 11: “Իսրայէլին ցօղի պէս” պիտի ըլլայ: “Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ:” Ովսէէ ԺԴ. 5: Սաղմ. ՀԲ. 6: Ան կենդանի ջուրն է, “Աստուծմէ տրուած հացը՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ, և աշխարհի կեանք կուտայ:” Յովհ. Զ. 33: FF 73.2
Իր Որդւոյն աննման պարգեւովը՝ Աստուած աշխարհը շրջապատած է շնորհաց մթնոլորտով մը ա՛յնքան իրական՝ որքան մեր երկրագունդը պատող օդը: Ամէն անոնք որ կ՚ուզեն այդ կենսատու մթնոլորտը շնչել, պիտի ապրին և աճին՝ մինչև հասնին Քրիստոս Յիսուսով արանց և կանանց հասակին: FF 74.1
Ինչպէս ծաղիկը արեւուն կը դառնայ, որպէս զի անոր ճառագայթները գեղեցկութիւն և համաչափութիւն տան իրեն, նոյնպէս մենք պարտինք Արդարութեան Արեգակին դառնալ՝ որպէս զի երկնային լոյսը կարենայ փայլիլ մեր վրայ, և մեր նկարագիրները զարգանան Քրիստոսի նմանութիւնովը: FF 74.2
Յիսուս միևնոյն բանը կը սորվեցնէ՝երբ կ՚ըսէ, “Իմ մէ՛ջս կեցէք, ու Ես ձեր մէջը: Ինչպէս որ ճիւղը չի կրնար ինքնիրեն պտուղ տալ, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ Իմ վրաս հաստատուած չըլլաք:... Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել:” Յովհ. ԺԵ. 4, 5: Սուրբ կեանք մը ապրելու համար այնքան կախեալ ես Քրիստոսէն, որքան ճիւղը կախեալ է մայր-որթէն՝ աճելու և պտուղ տալու համար: Առանց Անոր կեանք չունիս դուն: Քորձութեան դիմադրելու կամ շնորհաց և սրբութեան մէջ աճելու համար զօրութիւն չունիս: Բայց Անոր մէջ կենալով՝ կրնաս յաջողիլ: Կեանքդ Անկէ առնելով՝ ոչ պիտի ցանքիս ոչ ալ անպտուղ դառնաս: Ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի մը պէս պիտի ըլլաս: FF 74.3
Շատեր կը կարծեն թէ պարտին իրենց վերածնունդի գործը գոնէ մասամբ առանձին կատարել: Անոնք Քրիստոսի են յուսացեր՝ մեղքերնուն թողութեանը համար, բայց հիմա կը ջանան ուղղութեամբ ապրիլ՝ իրենց անձնական զօրութիւնովը: Բայց ամէն այդպիսի ջանք պիտի ամուլ մնայ: Յիսուս կ՚ըսէ, “Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել:” Շնորհաց մէջ մեր աճումը, մեր ուրախութիւնը, մեր օգտակարութիւնը բոլոր կախեալ են Քրիստոսի հետ մեր միութենէն: Ամեն օր և ամէն ժամ Անոր հետ հաղորդ ըլլալով, — Անոր մէջ կենալով, — է որ պիտի կարող ըլլանք աճիլ շնորհաց մէջ: Ան ոչ միայն մեր հաւատքին առաջնորդն է, այլ և կատարողը: Քրիստոս է և պիտի ըլլայ միշտ առաջինն ու վերջինը: Ան մեզի հետ պէտք է ըլլայ ոչ միայն մեր կեանքին սկիզբն ու վերջը, այլ ճամբուն մէջ ամէն մէկ քայլի: Դաւիթ կ՚ըսէ, “Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի, որովհետև իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ:” Սաղմ. ԺԶ. 8: FF 75.1
“Ինչպէ՞ս պիտի կրնամ Քրիստոսի մէջ կենալ”՝ պիտի հարցնես: —Միեւնոյն կերպով որ նախ ընդունեցար զԻնքը: “Ինչպէս ընդունեցաք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, Անո՛վ քալեցէ՛ք:” “Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի:” Կող. Բ. 6: Եբր. Ժ. 38: Դուն քեզ Աստուծոյ տուիր՝ ամբողջովին Իրենն ըլլալու, Իրեն ծառայելու և հնա- զանդելու համար. ու Քրիստոսը ընդունեցար իբր քու Քրկիչդ: Չէիր կարող՝ դուն քեզի՝ քաւել մեղքերդ, կամ փոխել սիրտդ. բայց ինքզինքդ Աստուծոյ տուած ըլլալով՝ հաւատացիր թէ Ան՝ ի սէր Քրիստոսի՝ այս բոլորը կատարեց քեզի համար: Հաւատքով Քրիստոսինն եղար դուն, ու հաւատքով պիտի Անոր մէջ աճիս, — տալով ու առնելով: Պէտք է որ տաս ամէ՛ն ինչ, — սիրտդ, կամքդ, ծառայութիւնդ, — ինքզինքդ Անոր տաս՝ Իր պահանջումներուն հնազանդելու համար. ու առնես ամէնը, — Քրիստոսը՝ ամէն օրհնութեան լիութիւնը, որպէս զի Ան քու սրտիդ մէջ բնակի և ըլլայ զօրութիւնդ, արդարութիւնդ և յաւիտենական օգնականդ, — որպէս զի հնազադնելու կարողութիւն տայ քեզի: FF 75.2
Առաւօտուն Աստուծո՛յ նուիրէ դուն քեզ. ասի է՛ն առջի գործդ ըրէ: Թող աղօթքդ ըլլայ՝ “Ո՛վ Տէր, ըրէ՛ որ քեզի պատկանիմ բոլորովին. բոլոր ծրագիրներս ոտքերուդ քով կը դնեմ ես: Քու ծառայութեանդ մէջ գործածէ՛ զիս այսօր: Իմ մէ՛ջս բնակէ, և թող Քեզմով ընեմ ամէն ինչ:” Ասի ամենօրեայ խնդիր մըն է: Ամէն առաւոտ՝ դուն քեզ Աստուծոյ նուիրէ՛ այդ օրուան համար: Քու բոլոր ծրագիրներդ Անո՛ր հպատակեցուր, Իր նախախնամութեան ցոյց տալիք ուղղութեանը համեմատ զանոնք գործադրելու կամ մէկդի ձգելու համար: Այսպէս՝ օր ըստ օրէ կրնաս Աստուծոյ յանձնել կեանքդ՝ որ երթալով պիտի Քրիստոսի կեանքին նմանի: FF 76.1
Քրիստոսի մէջ ապրուած կեանք մը հանգստաւէտ կեանք մըն է: Մարդ թերեւս յափշտակեալ զգացումներ չունենայ, բայց պէտք է ունենայ մնայուն, խաղաղաւէտ վստահութիւն մը: Յոյսդ քու մէջդ չէ. Քրիստոսի մէջ է: Տկարութիւնդ Իր զօրութեանը կը միանայ. Տգիտու- թիւնդ Իր իմաստութեանը, անհաստատութիւնդ Իր տոկուն կարողութեանը: Ուստի պէտք չէ դուն քեզի նայիս, միտքդ պէտք չէ սեւեռի քու եսիդ վրայ, այլ Քրիստոսի՛ նայէ դուն: Թող մտածումդ հանգչի Իր սիրոյն և Իր նկարագրին գեղեցկութեանն ու կատարելութեանը վրայ: Քրիստոս՝ Իր անձնուրացութեանը մէջ, Քրիստոս՝ Իր խոնարհութեանը մէջ, Քրիստոս՝ Իր սրբութեանն ու մաքրութեանը մէջ, Քրիստոս՝ Իր աննման սիրոյն մէջ, — ահա՛ հոգիիդ նկատելիք նիւթը: ԶԱնի սիրելով, զԱնի օրինակելով, բոլորովին Անոր վստահելով է որ պիտի Իր նմանութեանը փոխակեպուիս դուն: FF 76.2
Յիսուս կ՚ըսէ, “Իմ մէ՛ջս կեցէք:” Այս խօսքը՝ հանգստի, տեւականութեան և վստահութեան գաղափարը կուտայ: Ան նորէն կը հրաւիրէ, “Եկե՛ք Ինծի, ... ու ձեզ պիտի հանգչեցնեմ:” Մատթ. ԺԱ. 28. 29: Սաղմոսերգուին հետագայ խօսքը միեւնոյն իմաստը կ՚արտայայտէ, “Տէրո՛ջը համբերէ, ու Անո՛ր սպասէ:” Եսայի եւս սա վստայութիւնը կուտայ, “Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ և ապաւինութեամբ կ՚ըլլայ:” Սաղմ. ԼԷ. 7: Ես. Լ. 15: Այս հանգիստը անգործութեան մէջ չի կայանար, քանզի Քրկչին հրաւէրին մէջ հանգիստի խոստումը աշխատութեան կոչին է միացած: “Իմ լուծս ձե, վրայ առէք... ու ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք:” Մատթ. ԺԱ. 29: Այն մարդը որ կատարելապէս կը վստահի Քրիստոսի, Անոր համար գործելու մէջ պիտի խիստ եռանդուն և գործունեայ ըլլայ: FF 77.1
Երբ մարդուս միտքը իր եսին վրայ կանգ կ՚առնէ, կը հեռանայ Քրիստոսէն՝ որ աղբիւրն է զօրութեան և կեանքի: Ատոր համար է որ Սատանան յարատև կերպով կը ջանայ մեր ուշադրութիւնը դարձնել Քրկչէն, ու այսպէս հոգիին Անոր հետ ունեցած միութիւնը և հաղորդակցութիւնն արգիլել: Ան պիտի ջանայ միտքդ դարձնել աշխարհի հաճոյքներուն, կեանքի հոգերուն ու անձկութիւններուն և հնհնուքներուն, այլոց պակասութեանցը կամ քու իսկ թերութիւններուդ և անկատարութեանցդ: Զգուշացի՛ր, մի՛ գուցէ անոր հնարքներէն խաբուիս: Շատեր՝ որ իրապէս խղճամիտ են, և որոնք Աստուծով համար ապրիլ կը ցանկան, շատ յաճախ թշնամիէն կ՚առաջնորդուին՝ իրենց յանցանքներուն և տկարութեանցը վրայ կանգ առնելու, և այսպէս՝ զանոնք անջատելով Քրիստոսէն, ան կը յուսայ յաղթանակը տանիլ: Պետք չէ որ մեր եսին վրայ կեդրոնանաք ու թողունք որ անձկութիւն և վախ մեզ պաշարեն թէ արդեօք պիտի փրկուի՛նք: Այս բոլորը հոգինիս կը դարձնէ մեր զօրութեան աղբիւրէն: Հոգիիդ պաշտպանութիւնը Աստուծո՛յ յանձնէ, ու Անո՛ր յուսա: Յիսուսի վրայ խօսէ՛, ու Ան թող խոկմանցդ նիւթն ըլլայ: Թող Անոր մէջ անհետանայ եսդ: Վանէ՛ ամէն տարակոյս. փարատէ՛ վախերդ: Ըսէ՛ Պօղոս առաքեալին հետ, “Այլեւս կենդանի եմ, չէ թէ ես՝ այլ Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդւոյն հաւատքովը կ՚ապրիմ, Ան որ զիս սիրեց՝ ու Իր անձը ինծի համար մատնեց:” Գաղ. Բ. 20: Հանգստացի՛ր Աստուծոյ մէջ: Ան կարող է Իրեն յանձնած բանդ պահել: Եթէ Իր ձեռքերուն մէջ դնես ինքզինքդ, Ան քեզ բոլորովին յաղթող պիտի հանդիսացնէ Անով որ քեզ սիրեց: FF 78.1
Երբ Քրիստոս մարդկային բնութիւնն զգեցաւ, մարդկութիւնը Իրեն կապեց սիրոյ այնպիսի կապով մը որ ո և է զօրութեամբ չի խորտակուիր եթէ ոչ մարդուն ի՛ր իսկ կամքովը: Սատանան շարունակ մեզի պիտի ներկայացնէ հրապոյրներ՝ այդ կապը մեզի խորտակել տալու համար. — մեզ Քրիստոսէն զատելու համար: Այս բանին մէջ է որ պէտք ունինք հսկելու, պայքարելու, աղօթելու՝ որպէս զի ոչինչ կարենայ մեզի ուրիշ տէր մը ընտրել տալ. քանզի միշտ ազատ ենք զայդ ընելու: Բայց թող մեր աչքերը Քրիստոսի վրա՛յ սեւեռենք միշտ, ու Ան պիտի մեզ պահպանէ: Յիսուսի նայելով՝ ապահով կ՚ըլլանք: Ոչինչ կրնայ մեզ Իր ձեռքէն խլել: Շարունակ անոր նայելով՝ “կը փոխուինք փառքէ փառք՝ որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն:” Բ. Կոր. Գ. 18: FF 79.1
Ահա՛ այսպէս էր որ առաջին աշակերտները իրենց սիրելի Քրկչին նմանեցան: Երբ անոնք լսեցին Քրիստոսի խօսքերը, զգացին թէ պէտք ունէին Անոր: Քնտռեցին զԻնքը, գտան զԱնի, և Անոր հետեւեցան: Անոր հետ էին տան մէջ, սեղանին բոլորտիքը, առանձինն և ի հրապարակի: Անոր հետ էին՝ ինչպէս աշակերտներ իրենց ուսուցչին հետ, ամէն օր սուրբ ճշմարտութեան դասեր ըսելով Իր [մեղրածոր] շրթներէն: Անոր կը նայէին՝ ինչպէս ծառաներ իրենց տիրոջը՝ պարտականութիւննին սորվելու համար: Այդ աշակերտները “մեզի պէս կրից ենթակայ” (Յակ. Ե. 17) մարդիկ էին: Անոնք միեւնոյն պայքարներն ունէին մղելու մեղքին դէմ. Միեւնոյն FF 79.2
շնորհքին պէտք ունէին՝ սուրբ կեանք մը ապրելու համար: FF 80.1
Նո՛յն իսկ Յովհաննէս, սիրելի աշակերտը, որ ամենէն աւելի ցոլացուց Քրկչին նմանութիւնը, նկարագրի այդ քաղցրութիւնը չունէր ի բնէ: Ան ոչ միայն յանձնապաստան էր ու փառասէր, այլև յախուռն ու ոխակալ: Բայց երբ Աստուած մարդուն նկարագիրը յայտնուեցաւ իրեն, ան տեսաւ իր անձին անկատարութիւնը, և այդ գիտակցութեամբ խոնարհեցաւ: Զօրութիւնը և համբերութիւնը, կարողութիւնը և քաղցրութիւնը, մեծվայելչութիւնը և հեզութիւնը՝ զոր ինքը կը նկատէր Աստուածորդւոյն ամենօրեայ կեանքին մէջ, հիացմամբ և սիրով կը համակէին իր հոգին: Օր ըստ օրէ դէպ ի Քրիստոս կը ձգտէր անոր սիրտը, մինչև որ իր Վարդապետին համար ունեցած սիրոյն մէջ անհետացաւ իր եսը: Անոր վրիժառու, փառասէր բնութիւնը Քրիստոսի շինիչ զօրութեանը հպատակեցաւ: Սուրբ Հոգւոյն վերածնիչ ազդեցութիւնը նորոգեց իր սիրտը: Քրիստոսի սիրոյն զօրութիւնը անոր մէջ նկարագրի փոփոխութիւն մը գործեց: Այս է ահա Յիսուսի հետ միանալու ստոյգ արդիւնքը: Երբ Քրիստոս բնակի մարդուս սրտին մէջ, անոր բնութիւնը բոլորովին կը փոխուի: Քրիստոսի Հոգին և սէրը կը կակղացնեն սիրտը, կը նուաճեն հոգին, և դէպ ի Աստուած ու դէպ ի երկինք կը բարձրացնեն մտածումներն ու փափաքները: Երբ Քրիս տոս երկինք համբարձաւ, Անոր ներկայութեանը զգացումը տակաւին Իր աշակերտներուն հետ էր: Անձնական ներկայութիւն մըն էր՝ սիրալիր և լուսալից: Յիսուս, Քրկիչը, որ անոնց հետ պտըտեր, խօսեր և աղօթեր էր, որ յոյսի և սփոփանքի խօսքեր ուղղեր էր անոնց սրտերուն, մինչ խաղաղութեան պատգամը Իր շրթներուն վրայ էր դեռ, անոնց քովէն երկինք էր յափշտակուած, ու հրեշտակներու բազմութիւնը զԻնքն ընդունած ատեն՝ Իր ձայնին շեշտերը ետ էին դարձեր անոնց, — “Ահա՛ ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը:” Մատթ. ԻԸ. 20: Ան երկինք էր ելած մարդկային կերպարանքով: Անոնք գիտէին թէ Աստուծոյ աթոռին առջև էր Ան, տակաւին իրենց Բարեկամն ու Քրկիչը. թէ Իր համակրանքը չէր փոխուած. թէ տառապող մարդկութեան հետ նոյնացած էր տակաւին: Ան Աստուծոյ առջև կը ներկայացնէր Իր թանկագին արեանը արժանիքը, ցոյց տալով Իր վիրաւորեալ ձեռքերն ու ոտքերը, ի յիշատակ այն գնոյն զոր վճարեր էր Իր փրկածներուն համար: Գիտէին թէ Ան երկինք էր ելած ՝ իրենց համար տեղեր պատրաստելու, և թէ նորէն պիտի գար՝ ու զիրենք Իր քովն առնէր: FF 80.2
Երբ՝ համբարձումէն յետոյ՝ մէկտեղ եկան անոնք, փութկոտ էին իրենց աղերսները Հօրը ներկայացնելու՝ Յիսուսի անունովը: Հանդիսաւոր յարգանքով և երկիւղով ծնրադրեցին աղօթելու, կրկնելով սա խոստումը, “Իմ անունովս ինչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի. մինչև հիմա Իմ անունովս բան մը չխնդրեցիք. խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ:” Յովհ. ԺԶ. 23, 24: Անոնք հաւատքի ձեռքը հետզհետէ աւելի բարձր երկնցուցին՝ սա զօրաւոր փաստով, “Քրիստո՛ս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ՝ և Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաև մեզի համար բարեխօսութիւն կ՚ընէ:” Հռովմ. Ը. 34: Ու Պէնտէկոստէն անոնց բերաւ ներկայութիւնը Մխիթարիչին՝ որուն նկատմամբ Քրիստոս ըսեր էր, թէ “Անիկա ձեր մէջ պիտի ըլլայ.” և թէ “Աղէկ է ձեզի եթէ Ես երթամ. քանզի եթէ Ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չգար. հապա եթէ երթամ, զանիկա ձեզի կը ղրկեմ:” Յովհ. ԺԴ. 17: ԺԶ. 7: Այնուհետև Յիսուս Իր Հոգիովը շարունակ Իր զաւակնրուն սրտին մէջ պիտի բնակէր: Անոնց հետ Իր հաղորդակցութիւնը աւելի սերտ էր՝ քան երբ հետերնին էր անձամբ: Իրենց մէջ բնակող Քրիստոսի լոյսն ու սէրը և զօրութիւնը կ՚արտափայլէին անոնց միջոցով, այնպէս որ մարդիկ, տեսնելով, “կը զարմանային, ու իմացան որ անոնք Յիսուսի հետ էին:” Գործք. Դ. 13: FF 82.1
Ամէն ինչ որ էր Յիսուս առաջին աշակերտներուն, նո՛յնը կը ցանկայ ըլլալ այսօր Իր զաւակներուն համար. քանզի Իր վերջին աղօթքին մէջ, շուրջը հաւաքուած ունենալով Իր աշակերտներուն խմբակը, ըսաւ՝ “Ոչ միայն ասոնց համար կ՚աղաչեմ, հապա ասոնց խօսքով բոլոր ինծի հաւատացողներուն համար ալ:” Յովհ. ԺԷ. 20: FF 82.2
Յիսուս աղօթեց մեզի համար, ու խնդրեց որ մէկ ըլլանք Իրեն հետ, ինչպէս որ Ինքը մէկ էր Հօրը հետ: Ո՛հ, ի՜նչ միութիւն: Քրկիչը ըսեր էր Իր մասին, “Որդին Ինքիրմէն բան մը չի կրնար ընել.” “Հայրը որ Իմ մէջս կը բնակի, Ան կը գործէ այն գործքերը:” Յովհ. Ե. 19: ԺԴ. 10: Արդ, եթէ Քրիստոս կը բնակի մեր սրտերուն մէջ, պիտի մեր մէջ գործէ “կամենալը և ընելը Իր հաճութեանը համեմատ:” Քիլ. Բ. 13: Պիտի գործենք մենք ինչպէս Ան գործեց. պիտի միեւնոյն ոգին ցոյց տանք: Ու այսպէս՝ սիրելով զԻնքն ու Իր մէջը բնակելով, պիտի “ամէն բանի մէջ աճինք Անով որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս:” Եփես. Դ. 15: FF 83.1