ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ

6/14

ՆՈՒԻՐՈՒՄ

Աստուծոյ խոստումն է՝ “Զիս պիտի փնտռէք և պիտի գտնէք, երբ ձեր բոլոր սրտովը փնտռէք զԻս:” Երեմ. ԻԹ. 13: FF 45.1

Պէտք է որ մեր սիրտը բոլորովին Աստուծոյ տանք, ապա թէ ոչ մեր մէջ բնաւ տեղի չի կրնար ունենալ ան փոփոխութիւնը որով Անոր նմանութեանը պիտի վերանորոգուիք: Բնութեամբ մենք օտարացած ենք Աստուծմէ: Ս. Հոգին սա տեսակ խօսքերով կը նկարագրէ մեր վիճակը, “Յանցանքներու և մեղքերու մէջ մեռած.” “բոլոր գլուխը հիւանդ, ու բոլոր սիրտը մարած է.” “բնաւ ողջ տեղ չկայ:” Սատանային որոգայթէն բռնուած ենք՝ “իր կամքին ծառայելու:” Եփ. Բ. 1. Ես. 5, 6: Բ Տիմ. Բ. 26: Աստուած կը ցանկայ բժշկել մեզ, ազատել մեզ: Բայց որովհետև ասի ամբողջական փոխակերպութիւնը մը կը պահանջէ, վերանորոգում մը մեր համակ բնութեանը, պէտք է որ մենք բոլորովին Անոր յանձնենք: FF 45.2

Եսին դէմ պայքարը ամենամեծն է որ երբէք մղուած ըլլայ: Որպէս զի իր անձը բոլորովին Աստուծոյ կամքին հպատակեցնէ, մարդ կռուելու պէտք ունի. բայց իր հոգին պարտի Աստուծոյ հնազանդիլ՝ սրբութեամբ նորոգուիլ կարենալէ առաջ: Աստուծոյ կառավարութիւնը հիմնուած չէ՝ ինչպէս Սատանան կ՚ուզէ ցոյց տալ՝ կոյր հպատակութեան մը և անխորհուրդ վերհսկումի մը վրայ: Ան մտքին և խղճին կոչ կ՚ընէ. “Հիմա եկէ՛ք վիճաբանինք:” Ես. Ա. 18: Ահա հրաւէրը զոր Արարիչը կ՚ուղղէ Իր ստեղծած էակներուն: Աստուած չի բռնադատեր Իր արարածոց կամքը: Ան չէ կարող ընդունիլ մեծարանք մը որ յօժարամտաբար և իմաստնօրէն չի մատուցուիր: Լո՛կ բռնի հնազանդութիւն մը պիտի արգիլէր մտքի և նկարագրի ամէն ճշմարիտ զարգացում, պարզապէս մեքենայի մը վերածելով զմարդ: Այդպէս չէ Արարչին նպատակը: Ան կը ցանկայ որ մարդը, Իր արարիչ զօրութեանը գլուխ-գործոցը, հասնի՝ որքան կարելի է՝ ամենաբարձր զարգացման: Մեր առջև կը դնէ բարձրութիւնն երանութեան՝ որուն կ՚ուզէ որ հասնինք Իր շնորհքով: Մեզ կը հրաւիրէ անձերնիս Իրեն յանձնել՝ որպէս զի Իր կամքը կարենայ կատարել մեր մէջ: Մեզի կը մնայ ընտրել մեղքին ծառայութենէն ազատումը, մասնակցելու համար Աստուծոյ յանձնելով, պարտինք՝ ի հարկէ՝թողուլ ամէն ինչ որ մեզ Անկէ կը բաժնէ: Ասոր համար որ Քրկիչը կ՚ըսէ, “Ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար Իմ աշակերտս ըլլալ:” Ղուկ. ԺԴ. 33: Պէտք մէկդի թողուլ ամէն ինչ որ կրնայ մեր սիրտը հեռացնել Աստուծմէ: Մամոնան շատերու կուռքն է դարձած: Արծաթասիրութիւնը, հարստութեանց ցանկութիւնը՝ ոսկի շղթաներ են՝ զանոնք Սատանային կապող: Այլք՝ համբաւն ու աշխարհային պատիւը կը պաշտեն: Անձնասիրաբար կեանք վարելն ու պատասխանատուութենէ զերծ ապրիլը այլոց կուռքն է: Չենք կարող կէս մը Տէրոջն ու կէս մը աշխարհինն ըլլալ: Աստուծոյ զաւակները չենք դառնար մինչև որ բոլորովին Անոր չյանձնուինք: Կան մարդիկ որ կը կարծեն զԱստուած պաշտել, մինչդեռ իրենց անձնական ջանքերուն կը վստահին Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելու, ուղիղ նկարագիր մը կազմելու և իրենց փրկութիւնն ապահովելու համար: Սրտերնին չէ շարժած Քրիստոսի սիրոյն խորին մէկ զգացումէն, բայց անոնք կը ջանան Քրիստոնէական կեանքի պարտականութիւնները կատարել՝ որպէս թէ Աստուած ատի կը պահանջէ իրենցմէ՝ որպէս զի երկինքը շահին: Այդպիսի կրօնք մը ոչինչ չ՚արժեր Երբ Քրիստոս բնակի մարդուս սրտին մէջ, հոգին Իր սիրովն ու Իրեն հետ հաղորդ ըլլալու ուրախութեամբն այնպէս պիտի համակուի որ Անոր պիտի յարի. ու Անոր վրայ մտածելով՝ եսը պիտի մոռցուի: Սէր առ Քրիստոս պիտի գործելու շարժառիթն ըլլայ: Աստուծոյ ստիպող սէրը զգացողները չեն հարցներ թէ Անոր պահանջները գոհացնելու համար ո՛րքան քիչ բան կրնան տալ, ոչ ալ հետամուտ կ՚ըլլան Քրիստոնէական կեանքին ամենացած աստիճանը փնտռելու, այլ կը ջանան իրենց Քրկչին կամքին կատարեալ համաձայնութեանը հասնիլ: Անոնք ամէն ինչ կը թողուն յօժարակամ, և իրենց փնտռած առարկային արժէքին համեմատական հետաքրքրութիւն մը ցոյց կուտան: Առանց այդ խորունկ սիրոյն Քրիստոս դաւանիլը սոսկ սնամէջ շատախօսութիւն, չոր ձեւակերպութիւն և յոգնեցուցիչ աշխատութիւն է: FF 46.1

Կը զգա՞ս արդեօք թէ ամէն ինչ Քրիստոսի թողուլը մեծ զոհողութիւն մըն է: Սա հարցո՛ւմն ըրե դուն քեզի, “Քրիստոս ի՞նչ է տուած ինծի համար:” Աստուածորդին ամէն ինչ տուաւ — կեանք, սէր և տառապանք — մեր փրկութեանը համար: Ու կարելի՞ է որ մենք, այդպիսի մեծ սիրոյ մը անարժան առարկաներ, մեր սրտերը հեռու պահենք Անկէ: Մեր կեանքին մէջ ամէն վայրկեան Անոր շնորհացը օրհնութիւններուն ենք մասնակցեր, ու բո՛ւն իսկ այս պատճառով չենք կարող կատարելապէս ըմբռնել խորութիւնը տգիտութեան և թշուառութեան ուրկէ փրկուեցանք: Կրնա՞նք նայիլ Անոր՝ զոր մեր մեղքերը խոցեցին, և դեռ ուզենք արհամարհել Իր բոլոր սէրն ու զոհաբերութիւնը: Քառաց Տէրոջը անհուն խոնարհութիւնը նկատելով պէ՞տք է տրտնջենք՝ որովհետև կեանքը կրնանք մտնել միմիայն պայքարելով և անձերնիս խոնարհեցնելով: FF 48.1

Շատ մը հպարտ սրտերու հարցումն է, “Ի՞նչ պէտք է ինծի զղջալ և խոնարհիլ՝ Աստուծմէ ընդունուելուս վստահութիւնը կարենալ ունենալէ առաջ: Խնդրե՛մ՝ Յիսուսի դարձո՛ւր նայուածքդ: Անմեղ էր Ան, և՝ ատկէ աւելի՝ երկինքի Իշխանն էր Ան. բայց ի սէր մարդկութեան՝ Ինքզինքը մեղաւոր սեպեց: “Յանցաւորներուն հետ սեպուեցաւ, ու շատերուն մեղքը վերցուց ու յանցաւորներուն համար միջնորդութիւն ըրաւ:” Ես. ԾԳ. 12: FF 48.2

Բայց ի՞նչ թողուցած կ՚ըլլանք երբ ամէն ինչ տանք: — Մեղքով պղծուած սիրտ մըն է որ Յիսուսի կուտանք, որպէս զի Ան մաքրէ և սրբէ՝ զանի Իր արիւնովն ու փրկէ աննման սիրովը: Եւ դեռ մարդուս դժո՛ւար կուգայ ամէն ինչ թողուլ...: Ես ամօ՜թ կը զգամ այդ նկատմամբ լսել, ամօ՜թ կհամարեմ գրել...: FF 49.1

Աստուած մեզմէ չի պահանջեր թողուլ բան մը զոր պահել մեզի համար խիստ օգտակար է: Ամէն ինչ որ Ան կ՚ընէ, Իր զաւակներուն բարւոյն համար է: Իցի՜ւ թէ բոլոր անոնք որ Քրիստոսը չեն ընտրած, կարող ըլլային ըմբռնել թէ Ան անհունապէս լաւագոյն բաներ ունի իրենց պարգեւելու քան ինչ որ իրենք անձերնուն համար կը փնտռեն: Մարդ իր անձին ամենամեծ վնաս և անիրաւութիւն ըրած կ՚ըլլայ՝ երբ Աստուծոյ կամքին հակառակ խորհի կամ գործէ: Ո և է ճշմարիտ ուրախութիւն չի կրնար գտնուիլ այն ճամբուան վրայ՝ որ արգիլուած է Անկէ որ գիտէ թէ ո՛րն է լաւագոյնը, և որ ամէն ինչ ի բարին կը տնօրինէ Իր արարածոյ համար: Օրինազանցութեան ճամբան թշուառութեան և կործանման ճանապարհն է: FF 49.2

Մեծ սխալ մըն է ենթադրել թէ Աստուած կ՚ախորժի Իր զաւակներուն տառապիլը տեսնել: Բովանդակ Երկինք մարդուն երջանկութեանը կը շահագրգռուի: Մեր եկնաւոր Հայրը Իր արարածոց ոչ մէկուն առջև չի խափաներ ուրախութեան միջոցները: Աստուածային պահանջումները մեզ կը հրաւիրեն հրաժարիլ այն բաներէն որոնք տառապանք և յուսախաբութիւն կը պատճառեն մեզի, և որոնք մեր առջև կը փակեն երջանկութեան և երկինքի դուրռը: Աշխարհի Քրկիչը կ՚ընդունի մարդիկը այնպէս ինչպէս են իրօք, իրենց բոլոր կարօղութիւններովն, անկատարութիւններովն ու տկարութեամբը. ու Ան ոչ միայն պիտի մեղքէ մաքրէ և Իր արիւնովը փրկութիւն շնորհէ, այլ պիտի գոհացում տայ սրտի բաղձանքներուն բոլոր անոնց որ կը հաւանին Իր լուծը կրել և Իր բեռը տանիլ: Անոր նպատակն է խաղաղութիւն և հանգիստ հաղորդել բոլոր անոնց որ Իրեն կուգան կենաց հացին համար: Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միայն այն պարտականութիւնները որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութեանց բարձրութիւններու որոնց երբէք չէ կարող հասնիլ անհնազանդը: Հոգիին ճշմարիտ, ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը: FF 49.3

Շատեր՝ կը հարցնեն՝ “Ի՞նչպէս ես զիս Աստուծոյ յանձնեմ:” Կը ցանկաս դուն քեզ Անոր յանձնել, բայց տկար ես բարոյապէս, տարակոյսին գերի դարձած, ու մեղաւոր կեանքիդ սովորութիւններովը կը կառավարուիս: Խոստումներդ և որոշումներդ աւազէ չուաններու կը նմանին։ Չես կարող իշխել մտածումներուդ, դրդումներուդ և իղձերուդ վրայ: Խոստմնազանցութիւններուդ և վրիպած յանձնառութեանցդ գիտակցութիւնը կը տկարացնէ անկեղծութեանդ վրայ ունեցած վստահութիւնդ, և զգալ կուտայ քեզի թէ Աստուած չէ կարող ընդունիլ քեզ. բայց պէտք չէ յուսահատիս դուն: Կամքի ճշմարիտ ուժն է զոր հասկնալու պէտք ունիս: Ա՛յս է մարդուն բնութեանը մէջ կառավարիչ զօրութիւնը, այսինքն որոշելու կամ ընտրելու կարողութիւնը: Ամէն ինչ կամքին ուղիղ գործելէն կախում ունի: Ընտրելու կարողութիւնը Աստուած է տուեր մարդոց, իրենց կը մնայ զայն մարզել: Չես կարող փոխել սիրտդ, չես կարող՝ դուն քեզմէ՝ Աստուծոյ տալ անոր խանդաղատանքը. բայց կրնաս զԻնքը պաշտելն ընտրել: Կրնաս Անոր տալ կամքդ, յետոյ Ան պիտի գործէ քու մէջդ կամենալը և ընելը Իր հաճութեանը համեմատ: Այսպէս՝ համակ բնութիւնդ Քրիստոսի Հոգիին ազդեցութեանը տակ պիտի դրուի. զգացումներդ Անոր վրայ պիտի կեդրոնանան, խորհուրդներդ համաձայն պիտի ըլլան Անոր հետ: FF 50.1

Բարութեան և սրբութեան բաղձանքներ ունենալդ աղէկ. բայց եթէ այդչափով գոհ ըլլաս դուն, բանի մը պիտի չծառայեն անոնք: Շատեր պիտի կորսուին, յուսալով և փափաքելով հանդերձ Քրիստոնեայ ըլլալ: Անոնք կամքերնին Աստուծոյ հպատակեցնելու կէտին չեն հասնիլ: Քրիստոնեայ ըլլալ չեն ընտրեր հիմա: FF 51.1

Կամքին ուղիղ գործածութեամբը՝ կատարեալ փոփոխութիւն մը կրնայ յառաջ գալ կեանքիդ մէջ: Քրիստոսի հպատակեցնելով կամքդ, դուն քեզ կը կցորդես այն զօրութեան հետ որ վեր է ամէն իշխանութիւններէ և պետութիւններէ: Վերէն քեզի զօրութիւն պիտի հաղորդուի՝ հաստատուն պահելու համար քեզ, ու այպէս՝ միշտ Աստուծոյ յանձնելով ինքզինքդ, պիտի կարող ըլլաս ապրիլ նոր կեանքը՝ որ է հաւատքի կեանքը: FF 51.2