ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ
Գլուխ 3—ՐՋԱՆԻԿԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԳԱՂՏՆԻՔԸ
Ան որ Եւան իբրեւ կողակից Ադամին տուաւ, Իր առաջին հրաշքը գործեց ամուսնական կոչունքի մը մէջ: Քրիստոս Իր հրապարակային պաշտօնին սկսաւ խնճոյքի սրահին մէջ ուր բարեկամներ եւ ազգականներ կը հրճուէին միասին: Այսպէսով Ան նուիրագործեց ամուսնութիւնը, ճանչնալով զայն իբրեւ կանոն մը զոր Ինքն իսկ հաստատած էր: Ան սահմանեց որ մարդիկ եւ կանայք միանան ամուսնական սուրբ կապով, կազմելու ընտանիքներ որոնց անդամները, պատուով պսակուած, ճանչցուին իբրեւ անդամներ վերին ընտանիքին: ԼԱ 22.1
Քրիստոս պատուեց ամուսնական յարաբերութիւնը զայն ընելով նաեւ խորհրդանշան մը Իր եւ Իր փրկեալներուն միջու եղած միութեան: Ինքն իսկ է Փեսան. Հարսը եկեղեցին է, որու մասին, իբրեւ Իր ընտրեալին, կ’ըսէ «Բոլորովին գեղեցիկ ես, ով իմ սիրուհիս, եւ քու վրադ արատ չկայ»: Երգ Երգոց 4:7: ԼԱ 22.2
Քրիստոս «սիրեց եկեղեցին, ու Իր անձը մատնեց անոր համար, որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ .... որ սուրբ ու անարատ ըլլայ: Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս»: Եփեսացւոց 5:25-28: ԼԱ 22.3
Ընտանեկան կապը ամենասերտը, ամենագորովալին եւ ամենանուիրականն է քան ոեւէ կապ երկրի վրայ: Ան սահմանուած էր օրհնութիւն մը ըլլալ մարդկութեան համար: Եւ արդարեւ օրհնութիւն մըն է հոն ուր ամուսնա- կան ուխտը կը կնքուի խելացութեամբ, Աստծոյ վախով,եւ պատշաճ նկատառումով անոր պատասխանատուութեանց: ԼԱ 22.4
Անոնք որ ամուսնանալ կը խորհին, պէտք է նկատի ունենան թէ ինչ պիտի ըլլայ նկարագիրն ու ազդեցութիւնը ընտանեկան յարկին զոր կը հիմնեն: Մինչ անոնք կը դառնան ծնողներ, նուիրական աւանդ մը կը վստահուի իրենց: Մեծ չափով անոնցմէ կախում ունի բարօրութիւնը իրենց զաւակներուն` այս աշխարհիս մէջ եւ անոնց երջանկութիւնը` հանդերձեալին մէջ: Մեծաւ մասամբ իրենք են որ կ`որոշեն թէ’ ֆիզիքական եւ թէ բարոյական դրոշմը որ փոքրիկները կ’ընդունին: Եւ ընտանիքին նկարագրէն կախում ունի ընկերութեան նկարագիրը. իւրաքանչիւր ընտանիքի ազդեցութեան ծանրութիւնն է որ կը ցուցնէ նժարին դէպի վեր բարձրանալը կամ դէպի վար իջնելը: ԼԱ 23.1
Կենակիցի մը ընտրութիւնը այնպէս պէտք է կատարուի որ ծնողներու եւ իրենց զաւակներուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր բարօրութիւնը լավագոյնս ապահովուի — այնպէս որ ծնողներն ու զաւակները կարողանան օրհնել իրենց նմանները եւ պատուել իրենց Արարիչը: ԼԱ 23.2
Ամուսնական կեանքի պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ առաջ, երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ գործնական կեանքի այնպիսի փորձառութիւն մը պէտք է ունենան որ պատրաստէ զիրենք անոր պարտականութիւններուն եւ դժվարութեանց: Կանխահաս ամուսնութիւններ պէտք չէ քաջալերուին: Ամուսնութեան պէս կարեւոր եւ հետեւանքներուն մէջ այնքան հեռահաս յարաբերութիւն մը պէտք չէ աճապարանքով կնքուի, առանց բաւականաչափ պատրաստութեան, եւ ֆիզիքական եւ մտաւոր կարողութեանց լաւ մը զարգանալէն առաջ: ԼԱ 23.3
Կողմերը կրնան աշխարհային հարստութիւն չունենալ, բայց պէտք է որ ունենան առողջութեան շատ աւելի մեծ օրհնութիւնը: Եւ շատ պարագաներու մէջ տարիք- ներու մեծ անհավասարութիւն մը պէտք չէ ըլլայ: Այս կանոնին զանցառութեան հետեւանօք երիտասարդ կողմին առողջութիւնը լրջօրէն կրնայ խաթարուիլ: Եւ յաճախ զաւակները զուրկ կը մնան ֆիզիքական եւ մտային զօրութենէ: Անոնք տարիքոտ ծնողէ մը չեն կրնար ընդունիլ իրենց երիտասարդ կեանքերուն պահանջած հոգածութիւնն ու ընկերակցութիւնը, եւ կրնայ ըլլայ որ կորսնցնեն հայր մը կամ մայր մը մահուամբ այնպիսի ատեն մը երբ սէր եւ առողջութիւն ամենաանհրաժեշտ են: ԼԱ 23.4
Միայն Քրիստոսավ է որ ամուսնական ուխտ մը կրնայ ապահովութեամբ կնքուիլ: Մարդկային սէրը իր ամենասերտ կապերը պէտք է քաղէ աստուածային սէրէ: Խորունկ, ճշմարիտ եւ անշահախնդիր սէրը միայն հոն կրնայ ըլլալ ուր Քրիստոս կը թագաւորէ: ԼԱ 24.1
Սէրը թանկագին պարգեւ մըն է, զոր կ’ընդունինք Յիսուսէ:Անբիծ եւ սուրբ սէրը զգացում մը չէ, այլ սկզբունք մը: Անոնք որ շարժուած են ճշմարիտ սէրով, ոչ անխոհական են ոչ ալ կոյր: Սուրբ Հոգիէն սորված ըլլալով անոնք զԱստուած կը սիրեն ամէն բանէ վեր եւ իրենց նմանները իրենց անձերուն պէս: ԼԱ 24.2
Անոնք որ ամուսնանալ կը խորհին, թող կշռեն իւրաքանչիւր զգացում եւ դիտեն նկարագրի իւրաքանչիւր զարգացում անոր մէջ որուն հետ կը խորհին միացնել իրենց կեանքերը: Դէպի ամուսնական ուխտ ամէն մէկ քայլ թող յատկանշուի համեստութեամբ, պարզութեամբ, անկեղծութեամբ եւ լուրջ նպատակով մը հաճեցնելու եւ պատուելու զԱստուած: Ամուսնութիւնը կ’ազդէ կեանքի մնացեալ մասին վրայ թէ’ այս աշխարհիս մէջ եւ թէ’ հանդերձեալին: Անկեղծ Քրիստոնեայ մը պիտի չկազմէ ոեւէ ծրագիր զոր Աստուած չկրնար վաւերացնել: ԼԱ 24.3
Եթէ աստուածավախ ծնողք ունենալու երջանկութիւնը ունեցած էք, անոնց խորհուրդ հարցուցէք: Պարզեցէ’ք անոնց առջեւ ձեր յոյսերն ու ծրագիրները, սորվեցէ’ք դասերը զորս անոնց կեանքի փորձառութիւնները ուսուցած են եւ զերծ պիտի մնաք շատ կսկիծներէ: Ամէն բանէ վեր, ձեզի խորհրդատու ըրէք Քրիստոսը: Աղօթքով ուսումնասիրեցէ’ք Անոր խօսքը: ԼԱ 24.4
Այսպիսի առաջնորդութեան մը տակ թող երիտասարդուհին ընդունի իբրեւ կեանքի ընկեր մէկը միայն որ ունի նկարագրի մաքուր ու առնական գիծեր, մէկը որ աշխատասէր է, յառաջադիմութեան տենջացող եւ պարկեշտ, մէկը որ կը սիրէ զԱստուած եւ կը վախնայ Անկէ: Թող երիտասարդը փնտռէ մէկը որ իր կողքին կենայ, եւ վերցնէ իր բաժինը կեանքի դժուարութիւններուն, մէկը որուն ազդեցութիւնը պիտի ազնուացնէ եւ նրբացնէ զինքը եւ որ զանի պիտի երջանկացնէ իր սիրոյն մէջ: ԼԱ 25.1
«Խոհեմ կինը Տէրոջմէն է»: «Էրկան սիրտը անոր վրայ վստահ է: ...Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ անոր բարիք կը բերէ»: «Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ, եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ. իր տանը ճամբաները կը քննէ, եւ ծուլութեան հացը չուտեր: Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն. անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով, Շատ աղջիկներ առաքինի եղան , բայց դուն ամենէն գերազանց եղար»: Ան որ այսպիսի կին մը կը շահի « կեանք կը գտնէ, եւ Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ»: Առակաց 19:14. 31:11, 12, 26- 29. 18:22: ԼԱ 25.2
Որքան ուշադրութեամբ եւ իմաստութեամբ կնքուած ըլլայ ամուսնութիւնը, սակաւաթիւ զոյգեր միայն լիուլի միացած են երբ ամուսնութեան արարողութիւնը կը կատարուի: Ամոլին ամուսնական կապով իրական միութիւնը հետագայ տարիներու գործն է: ԼԱ 25.3
Մինչ կեանքը շփոթութեան եւ հոգերու բեռերովը կը դիմաւորէ նորապսակ ամոլը, կ’ներեւութանայ վիպերգութիւնը որով երեւակայութիւնը կը շրջապատէ ամուսնութիւնը: Այր եւ կին կը սորվին մէկզմէկու նկարագիրը ինչ որ անկարելի էր սորվիլ իրենց նախընթաց ընկերակցութեան միջոցին: Ասիկա ամենափափուկ շրջանն է ի- րենց փորձառութեան մէջ: Անոնց բոլոր ապագայ կեանքին երջանկութիւնն ու օգտակարութիւնը կախում ունի հիմա անոնց բռնելիք ուղիղ ընթացքէն: Անոնք յաճախ մէկզմէկու մէջ կը տեսնեն չկասկածուած տկարութիւններ եւ թերութիւններ. բայց սիրտերը զորս սէրը միացուցած է պիտի զանազանեն նաեւ մինչեւ այն ատեն անծանօթ մնացած գերազանցութիւնները: Թող ամէնք ալ ջանան գտնել արժանիքնե’րը մանաւանդ քան պակասութիւնները: Յաճախ մեր իսկ կացքն է, զմեզ շրջապատող մթնոլորտը, որ կ’որոշէ ինչ որ մեզի պիտի յայտնուի ուրիշի մը մէջ: ԼԱ 25.4
Շատեր կան որ սիրոյ արտայայտութիւնը տկարութիւն մը կը նկատեն եւ կը բռնեն վերապահ վարմունք մը որ ետ կը մղէ ուրիշները: Այս հոգին կ’արգիլէ համակրութեան հոսանքը: Մինչ ընկերական եւ վեհանձն մղումները կը զսպուին, անոնք կը թառամին, եւ սիրտը կը դառնայ աւերակ եւ ցուրտ: Պէտք է զգուշանանք այս սխալէն: Սէրը առանց արտայայտութեան երկար չ’ապրիր: Ձեզի կապուած սիրտ մը սովամահ չըլլայ քաղցրութեան եւ համակրանքի պակասութեան պատճառաւ: ԼԱ 26.1
Թէպէտեւ դժուարութիւններ, շփոթութիւններ եւ վհատութիւններ կրնան ծագիլ, թող ո’չ այրը ո’չ ալ կինը հիւրընկալէ գաղափարը թէ իրենց միութիւնը սխալ մըն էր կամ յուսախաբութիւն մը: Վճռականօրէն որոշեցէ’ք մէկզմէկու համար ըլլալ ամէն ինչ որ կարելի է ըլլալ: Շարունակեցէ’ք առաջուան փափկանկատութիւնները: Ամէն կերպով քաջալերեցէ’ք մէկզմէկ կռուելու կեանքի պայքարները: Ուսումնասիրեցէ’ք յառաջացնել մէկզմէկու երջանկութիւնը: Թող փոխադարձ սէր եւ փոխադարձ համբերութիւն տիրէ: Այն ատեն ամուսնութիւնը , փոխանակ ըլլալու վախճանը սիրոյ, պիտի ըլլայ գրեթէ բուն իսկ սկիզբը սիրոյ: Ճշմարիտ բարեկամութեան ջերմութիւնը, սիրտը սիրտի կապող սէրը, նախաճաշակ մըն է երկինքի ուրախութեանց: ԼԱ 26.2
Ամէն ընտանիքի շուրջ նուիրական շրջափակ մը կայ որ պէտք է անխորտակելի պահուի: Ուրիշ ոչ մէկ անձ իրաւունք ունի այս շրջափակին մէջ գալու: Թող ո’չ այրը եւ ո’չ կինը թոյլատրէ ուրիշ մը` բաժնելու մտերմութիւնները որ միմյանց իրենց կը պատկանին: ԼԱ 26.3
Թող իւրաքանչիւրը սէր տայ յաւէտ քան թէ պահանջէ զայն: Մշակեցէ’ք զայն որ ազնուագոյն է ձեր մէջ, եւ աճապարեցէ’ք ճանչնալու լաւ յատկութիւնները իրարու մէջ: Գնահատուած ըլլալու գիտակցութիւնը հիանալի խթան մը եւ գոհունակութիւն մըն է: Համակրութիւն եւ յարգանք կը քաջալերեն գերազանցութեան ձգտումը, եւ սէրը ինքն ալ կ’աճի մինչ կը մղուի ազնուագոյն նպատակներու: ԼԱ 27.1
Ո’չ այրը ո’չ ալ կինը պէտք է մխրճէ իր անհատականութիւնը միւսինին մէջ: Իւրաքանչիւրը անձնական յարաբերութիւն ունի Աստուծոյ հետ: Իւրաքանչիւրը Անոր պէտք է հարցնէ « Ինչ է շիտակը», «ինչ է սխալը», «ինչպէս կրնամ լաւագոյն կերպով իրագործել կեանքի նպատակը»: Թող ձեր գորովին ճոխութիւնը հոսի դէպի Ան որ Իր կեանքը տուաւ ձեզի համար: Ամեն բանի մէջ Քրիստոսը ըրեք առաջին, վերջին եւ լաւագոյն: Մինչ Անոր համար ձեր սէրը կ’ըլլայ աւելի խորունկ եւ աւելի զօրաւոր, մէկզմէկու համար ձեր սէրը պիտի մաքրուի եւ զօրանայ: ԼԱ 27.2
Հոգին զոր Քրիստոս կը ցուցնէ մեզի հանդէպ, այն հոգին է զոր այր եւ կին պէտք է ցուցնեն մէկզմէկու հանդէպ: «Ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց», «սիրով վարուեցէք», «ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսի, նոյնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն: Այրեր, սիրեցէք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին, ու իր անձը մատնեց անոր համար»: Եփեսացւոց 5:2, 24, 25: ԼԱ 27.3
Ոչ այրը ոչ ալ կինը պէտք է ձեռնարկէ կամայական հակակշիռ ի գործ դնելու միւսին վրայ: Մ’ի փորձէք ստիպել զիրար տեղի տալու ձեր փափաքներուն: Չէք կրնար զայս ընել եւ պահել մէկզմէկու սէրը: Քաղցր եղէք, համբերող, հանդուրժող, զգուշաւոր եւ բարեկիրթ: Աստուծոյ շնորհիւ կրնաք յաջողիլ երջանկացնելու զիրար, ինչպէս որ խոստացաք ընել ձեր ամուսնական ուխտին մէջ: ԼԱ 27.4
Բայց յիշեցէ’ք որ երջանկութիւն պիտի չգտնուի երբ դուք ձեր մէջ ամփոփուիք, գոհանալով մէկզմէկու վրայ շռայլել ձեր բոլոր սէրը: Օգտագործեցէ’ք ամէն առիթ սատարելու համար ձեր շուրջը գտնուողներուն երջանկութեան: Յիշեցէ’ք որ ճշմարիտ ուրախութիւնը անշահախնդիր ծառայութեան մէջ միայն կը գտնուի: ԼԱ 28.1
Երկայնմտութիւն եւ անշահախնդրութիւն կը յայտնուին խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ ամէն անոնց որ Քրիստոսով նոր կեանքը կ’ապրին: Մինչ հետամուտ կ’ըլլաք ապրելու Անոր կեանքը, ջանալով յաղթել եսին եւ եսասիրութեան եւ սպասարկել ուրիշներու կարօտութեանց, պիտի շահիք յաղթանակ յաղթանակի վրայ: Այսպէս ձեր ազդեցութիւնը ուրիշներու օրհնութիւն պիտի բերէ: ԼԱ 28.2
Մարդիկ եւ կանայք կրնան հասնիլ Աստուծոյ իրենց համար սահմանած իտէալին եթէ անոնք Քրիստոսը ընդունին իբրեւ իրենց օգնականը: Ինչ որ մարդկային իմաստութիւնը չի կրնար ընել, Անոր շնորհքը իգլուխ պիտի հանէ անոնց համար որ ինքզինքնին սիրալիր վստահութեամբ Իրեն կու տան: Անոր նախախնամութիւնը կրնայ սիրտերը միացնել կապերով որոնք երկնային ծագում ունին: Սէրը պարզապէս կակուղ եւ փաղաքշական բառերու փոխանակութիւն մը պիտի չըլլայ: Երկինքի ոստայնանկութեան գործիքը նրբագոյն առէչով եւ թեզանով կը գործէ, սակայն աւելի ամուր քան որքան երկրային գործիքով մը կարելի ըլլայ գործել: Արդիւնքը գործուած կերպաս մը չէ, բայց հիւսուածք մը որ պիտի դիմանայ մաշումի, քննութեան եւ փորձութեան: Սիրտը սիրտին պիտի կապուի ոսկեայ կապերով սիրոյ մը որ յաւերժական է: ԼԱ 28.3