ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ
Գլուխ 1—ԼԱԻԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ
Առողջապահական սկզբունքներու նկատմամբ դաստիարակութիւն երբեք աւելի անհրաժեշտ չէր եղած որքան ներկայիս: Կեանքի հանգստաւէտութեան եւ յարմարութիւններու, ինչպէս նաեւ առողջական խնդիրներու, եւ հիւանդութեանց դարմանման վերաբերմամբ զանազան ուղղութիւններով ձեռք բերուած հրաշալի յառաջդիմութեանց հակառակ ըլլալով, ֆիզիքական կենսունակութեան եւ դիմադրական կորովի նուազումը վրդովիչ է: Այս պարագան ուշադրութիւնը կը պահանջէ բոլոր անոնց որ ի սրտի ունին իրենց նմաններուն բարօրութիւնը: ԼԱ 9.1
Մեր արուեստական քաղաքակրթութիւնըկը քաջալերէ չարիքներ որ կործանարան են ողջամիտ սկզբունքներու: Ունակութիւններ եւ նորաձեւութիւն կը պայքարին բնութեան հետ: Անոնց հրամայած սովորութիւնները եւ քաջալեւած թոյլտուութիւնները հաստատապէս կը նուազեցնեն թէ ֆիզիքական եւ թէ մտաւոր կարողութիւնները եւ ցեղին վրայ կը բերեն անհանդուրժելի բեռ մը: Ամէն տեղ կան անժուժկալութիւն եւ ոճիր, հիւանդութիւն եւ խեղճութիւն: ԼԱ 9.2
Շատեր տգիտութեան պատճառաւ կը մեղանչեն առողջութեան օրէնքներու դէմ, եւ հրահանգուելու կը կարօտին: Բայց մեծամասնութիւնը աւելի լաւը գիտէ քան ինչ որ կ`ընէ: Անոնք պէտք ունին տպաւորուելու իրենց գիտութիւնը կեանքի առաջնորդ ընելու կարեւորութեամբ: ԼԱ 9.3
Ընդհանրապէս շատ քիչ ուշադրութիւն կ’ընծայուի առողջութեան պահպանման: Շատ աւելի լաւ է խուսափիլ հիվանդութենէ քան թէ գիտնալ թէ վարակումէ վերջ ինչպէս պէտք է դարմանել զայն: ԼԱ 10.1
Ամէն անձի պարտականութիընն է, թէ իր բարւոյն եւ թէ մարդկութեան բարւոյն համար, տեղեկութիւն ձեռք բերել կեանքի օրէնքներուն նկատմամբ, եւ խղճմտօրէն հնազանդիլ անոնց: Ամէն ոք պէտք ունի ծանօթանալու բոլոր գործարանաւորութեանց ամենահրաշալիին`մարդկային մարմնոյն հետ: Պէտք է հասկնան զանազան գործարաններու պաշտօնները եւ բոլորին քաջառողջ գործունէութեան համար մէկուն`միւսէն կախում ունենալը: Պէտք է ուսումնասիրեն միտքին ազդեցութիւնը մարմինին վրայ եւ մարմինինը`միտքին վրայ, եւ օրէնքները որով անոնք կը կառավարուին: ԼԱ 10.2
Մաքուր օդ, արեւի լոյս, ժուժկալութիւն, հանգիստ, մարզանք, պատշաճ կերակուր, ջուրի գործածութիւն, աստուածային զօրութեան ապավինութիւն — ասոնք են ճշմարիտ դարմանները: Ամէն անձ պէտք է ծանօթութիւն ունենայ բնութեան բուժիչ միջոցներուն նկատմամբ եւ թէ ինչպէս պէտք է զանոնք կիրարկել: Անհրաժեշտ է գիտնալ հիւանդին դարմանման հետ կապ ունեցող սկզբունքները եւ ունենալ գործնական վարժութիւն որ պիտի կարողացնէ ճշդութեամբ գործածել այս գիտութիւնը: ԼԱ 10.3
Բնական դարմաններու գործածութիւնը կը պահանջէ բաւական հոգածութիւն եւ ջանք զոր շատեր յօժար չեն տալու: Բնութեան բուժելու եւ կազդուրելու ընթացքը աստիճանական է, եւ անհամբերին դանդաղ կը թուի: Վնասակար ունակութիւններէ հրաժարումը զոհողութիւն կը պահանջէ: Բայց ի վերջոյ պիտի յայտնուի որ բնութիւնը, երբ ազատ ձգուի, իմաստութեամբ եւ լաւ կը կատարէ իր գործը: Անոնք որ անոր օրէնքներուն հնազանդութեան մէջ կը յարատեւեն, պիտի ստանան իրենց վարձատրութիւնը մարմինի եւ միտքի առողջութեամբ: ԼԱ 10.4
Որչափ կրկնենք քիչ է թէ առողջութիւնը դիպուածէ կախում չունի, այլ արդիւնք է օրէնքի հնազանդութեան: Ասիկա ընդունուած է ըմբշական խաղերու եւ ոյժի փորձերու մասնակցողներու կողմ է: Ասոնք ամենազգուշաւոր պատրաստութիւններ կը տեսնեն եւ կ`ենթարկուին անթերի վարժութեան ու խիստ կարգապահութեան: Ֆիզիքական իւրաքանչիւր սովորութիւն ուշադրութեամբ կը կանոնաւորի: Անոնք գիտեն թե զանցառութիւն, չափազանցութիւն կամ անհոգութիւն, որ կը տկարացնեն կամ կը հաշմեցնեն մարմինին որեւէ մէկ գործարանը կամ պաշտօնը, պիտի ապահովեն պարտութիւն: ԼԱ 11.1
Ուրեմն որքա’ն աւելի կարեւոր է այսպիսի զգուշաւորութիւն մը կեանքի պայքարին մէջ յաջողութիւն ապահովելու համար:Հտպիտ կռիւներու մէջ չէ որ մտած ենք:Մենք կը մղենք պայքար մը որմէ յաւիտենական արդիւնքներ կախում ունին:Դիմադրելու անտեսանելի թշնամիներ ունինք:Չար հրեշտակներ կը ճգնին տիրապետութիւն ձեռք բերել ամէն մարդկային էակի վրայ: Ամէն ինչ որ կը վնասէ առողջութեան, ոչ միայն կը նուազեցնէ ֆիզիքական կորովը, այլ եւ կը ձգտի տկարացնելու մտաւոր եւ բարոյական կարողութիւնները: Ոեւէ վատառողջ սովորութեան թոյլտուութիւն աւելի դժուար կը դարձնէ մէկու մը համար զանազանութիւն դնել ճշմարտին եւ սխալին միջեւ, ուստի եւ աւելի դժուար` դիմադրելը չարին, եւ անյաջողութեան եւ պարտութեան վտանգը կը մեծանայ: ԼԱ 11.2
«Վազողները իրաւ կը վազեն ամէնը,բայց մէկը կ’առնէ մրցանակը,,: Այն պայքարին մէջ որուն լծուած ենք, ամէնը կրնան մրցանակը շահիլ եթէ կրթեն ինքզինքնին ուղիղ սկզբունքներու հնազանդութեամբ: Կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ այս սկզբունքներուն կիրառութիւնը շատ յաճախ անկարեւոր կը նկատուի — ուշադրութեան առարկայ ըլլալու համար շատ աննշան խնդիր մը: Բայց ի տես վտանգի մէջ եղող հետեւանքներուն, ոչինչ աննշան է մեր ընել ստիպուած բաներուն մէջ: Ամէն մէկ արարք իր ծանրութիւնը կը դնէ նժարին մէջ որ կը վճռէ կեանքին յաղթանակը կամ պարտութիւնը:Սուրբ Գիրքը մեզի կը յանձնարարէ, «այնպէս վազեցէք որ հասնիք»:Ա. Կորնթ. 9:24: ԼԱ 11.3
Մեր նախածնողքին համար, անժուժկալ փափաքին հետեւանքը եղաւ Եդեմին կորուստը : Ամէն բաներու մէջ ժուժկալութիւնը շատ աւելի դեր ունի`Եդեմին մեջ մեր վերահաստատման համար քան որքան մարդիկ կը խորհին: ԼԱ 12.1
Հին հելլենական խաղերու մէջ մրցակցողներուն ի գործ դրած անձնուրացութեան ակնարկելուվ, Պօղոս առաքեալ կը գրէ, «Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ շափաւորութիւն կը պահէ, անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար, ու մենք`անեղծանելին: Ուստի ես այնպէս կը վազեմ, ոչ թէ որպէս թէ անստուգութեամբ, ես այնպէս բռնամարտութիւն կ`ընեմ, ոչ թէ որպէս թէ հովը ծեծելով, բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելես ետեւ` ես ինքս խոտելի դանուիմ»: Ա. Կորնթ. 9:25-27: ԼԱ 12.2
Բարեկարգութեան յառաջդիմութիւնը կախում ունի հիմնական ճշմարտութեան որոշ մէկ ճանաչումէն: Մինչ մէկ կողմէն վտանգը դարանակալ կ`ըլլայ նեղ փիլիսոփայութեան եւ խիստ, ցուրտ ուղղափառութեան մէջ, միւս կողմէ մեծ վտանգ կայ անհոգ ազատականութեան մէջ: Բոլոր տեւական բարեկարգութեան հիմը Աստուծոյ օրէնքն է: Պէտք է որոշ ու յստակ կերպով ներկայացնենք այս օրէնքին հնազանդութեան պէտքը: Անոր սկզբունքները պէտք է ժողովուրդին աչքին առջեւ պահուին: Անոնք այնքան յաւերժական եւ անդրդուելի են որքան Ինքն Աստուած: ԼԱ 12.3
Սկզբնական անհնազանդութեան ամենաողբալի հետեւանքներէն մին եղաւ մարդուս ինքզինքը զսպելու կարողութեան կորուստը: Միայն այս կարողութեան վերստացումով է որ կրնայ իրական յառաջադիմութիւն ձեռք բերուիլ: ԼԱ 12.4
Մարմինը միակ գետինն է որու միջոցաւ միտքն ու հոգին կը զարգանան նկարագրին կազմութեանը համար: Ասոր համար է որ հոգիներու թշնամին իր փորձութիւնները կ`ուղղէ տկարացնելու եւ վատթարացնելու ֆիզիքական կարողութիւնները: Այս կէտին մէջ անոր յաջողութիւնըկը կայանայ ամբողջ էութեան` չարին անձնատուր ըլլալուն մէջ: Մեր ֆիզիքական բնութեան հակումը, յորչափ աւելի բարձր կարողութեան մը տիրապետութեան տակ չէ, ապահովաբար կործանում ու մահ պիտի գործէ: ԼԱ 13.1
Պէտք է որ մարմինը հպատակութեան բերուի: Անհատին բարձր կարողութիւնները պէտք է տիրապետող ըլլան: Կիրքերը պէտք է հակակշռուին կամքին կողմանէ որ իր կարգին պէտք է Աստուծոյ հակակշռին տակ ըլլայ: Բանականութեան արքայական կարողութիւնը, աստուածային շնորհքով սրբացած, պէտք է իշխէ մեր կեանքերուն մէջ: ԼԱ 13.2
Աստուծոյ պահանջները պէտք է խիղճին համոզման ենթարկուին:Մարդիկ եւ կիներ պէտք է շարժման մէջ դրուին դէպի անձնազսպութեան պարտականութիւն, անբծութեան անհրաժեշտութիւն եւ ազատութիւն ամէն տեսակ ապականիչ ախորժակէ եւ պղծող սովորութիւններէ: Անոնք պէտք ունին տպաւորուելու սա իրողութեամբ թէ իրենց միտքի եւ մարմինի բոլոր կարողութիւնները Աստուծոյ պարգեւներն են եւ պէտք է պահպանուին Անոր ծառայութեան համար կարելի լաւագոյն պայմանի մէջ: ԼԱ 13.3
Այն հին ծիսականութեան մէջ որ աւետարանը կը ներկայացնէր խորհրդանշանով, արատաւոր ոչ մէկ ընծայ կրնար մատուցուիլ Աստուծոյ խորանի վրայ: Զոհը որ Քրիստոսը կը ներկայացնէր, պէտք էր անբիծ ըլլար: Աստուծոյ խօսքը զայս կը մատնանշէ իբրւ պատկերացում մը թէ ինչ պէտք է ըլլան Իր զավակները - « սուրբ ու անարատ», «կենդանի զոհ մը», «Աստուծոյ հաճելի»: Եփես. 5:27. Հռովմ 12:1: ԼԱ 13.4
Աստուածային կարողութենէն անջատօրէն, ոչ մէկ իրական բարեկարգութիւն կրնայ ձեռք բերուիլ: Բնական եւ մշակուած հակումներու դէմ մարդկային պատուարները հեղեղի դէմ աւազակոյտի պէս են: Մինչեւ որ Քրիստոսի կեանքը մեր կեանքերուն մէջ կենդանացնող կարողութիւն մը չդառնայ, չենք կրնար դիմադրել փորձութիւններուն որոնք ներսէն ու դուրսէն մեր վրայ կը յարձակին: ԼԱ 14.1
Քրիստոս այս աշխարհս եկաւ եւ ապրեցաւ Աստուծոյ օրէնքին համաձայն, որպէս զի մարդը կարենայ ունենալ կատարեալ անձնազսպութիւն բնական հակումներուն վրայ որոնք հոգին կ`ապականեն: Իբրեւ հոգիի եւ մարմինի Բժիշկը, Ան կու տայ յաղթանակ մարտնջող ցանկութիւններու վրայ: Ան ամէն դիւրութիւն հայթայթած է որպէս զի մարդը տիրանայ նկարագրի լրութեան: ԼԱ 14.2
Երբ մէկը Քրիստոսի կը յանձնուի, միտքը Անոր օրէնքին հակակշռին տակ կը դրուի.բայց ան արքունական օրէնքն է, որ ազատութիւն կը յայտարարէ ամէն մէկ գերիի: Քրիստոսի հետ մէկ ըլլալով, մարդը ազատ կ`ըլլայ: Քրիստոսի կամքին հպատակութիւնը կը նշանակէ կատարեալ առնութեան մէջ վերահաստատութիւն: ԼԱ 14.3
Հնազանդութիւն առ Աստուած`ազատութիւն է մեղքի գերութենէ, փրկութիւն` մարդկային կիրքերէ եւ մղումներէ: Մարդ կրնայ յաղթական կենալ ինքզինքին վրայ, յաղթական`իր հակումներուն վրայ, յաղթական`իշխանութիւններու ու պետութիւններու, եւ այս «խավար աշխարհին իշխաններուն» եւ»երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն» վրայ: Եփեսացւոց 6:12: ԼԱ 14.4
Այսպիսի հրահանգ մը ոչ մէկ տեղի մէջ աւելի պէտք է,եւ ոչ մէկ տեղ աւելի մեծ օգուտ պիտի բերէ, քան որքան տան մէջ: Ծնողները սովորութեան եւ նկարագրի բուն հիմին հետ է որ գործ ունին: Բարեկարգական շարժումը պէտք է սկսի անոնց ներկայացնելով Աստուծոյ օրէնքին սկզբունքները որոնք ազդեցութիւն ունին թէ ֆի- զիքական եւ թե բարոյական առողջութեան վրայ: Ցուցուցէ’ք որ Աստուծոյ խօսքին հնազանդութիւնը մեր միակ պաշտպանութիւնն է չարիքներուն դէմ որոնք աշխարհը դէպի կործանում կը տանին:Պարզեցէ’ք պատասխանատուութիւնը ծնողներուն,ոչ միայն իրենց , այլ նաեւ իրենց զավակներուն հանդէպ: Անոնք իրենց զաւակներուն կուտան օրինակ մը կամ հնազանդութեան եւ կամ օրինազանցութեան:Իրենց օրինակով եւ ուսուցումով է որ կ’որոշուի իրենց տնեցւոց վերջնական վիճակը: Զաւակները պիտի ըլլան ինչ որ ծնողները զանոնք կ’ընեն: ԼԱ 14.5
Եթէ ծնողները առաջնորդուէին գտնելու հետեւանքը իրենց արարքներուն, եւ կարենային տեսնել թէ ինչպէս իրենց օրինակով եւ ուսուցումով կը յաւերժացնեն եւ կ’աճեցնեն մեղքին ոյժն ու արդարութեան ոյժը, անշուշտ փոփոխութիւն մը պիտի գործուէր: Շատեր պիտի դառնային աւանդութիւններէ եւ սովորութիւններէ, եւ պիտի ընդունէին կեանքի աստուածային սկզբունքները: ԼԱ 15.1