ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ
Գլուխ 5—ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՍՆՈՒՑՈՒՄԸ
Մեր մարմինները կազմուած են մեր կերած կերակուրէն: Մարմինին հիւսկէնները յարատեւ մաշումի ենթակայ են. իւրաքանչիւր գործարանի ամէն մէկ շարժումը սպառում մը յառաջ կը բերէ եւ այս սպսռումը կը դարմանուի մեր կերակուրով: Մարմինին իւարաքանչիւր գործարանը սննդուռութենէն իր բաժինը կը պահանջէ: Ուղեղին պէտք է հայթայթուի իր բաժինը. Ոսկորները, դնդերները եւ ջիղերն ալ իրենց բաժինը կը պահանջեն: Զարմանալի ընթացք մըն է որ կերակուրը արեան կը փոխակերպէ, եւ այս արիւնը կը գործածէ կազդուրելու մարմինին զանազան մասերը. բայց ընթացքը կը շարունակուի տեւականապէս, հայթայթելով կեանք եւ զօրութիւն իւրաքանչիւր ջիղի, դնդերի եւ հիւսկէնի: ԼԱ 35.1
Պէտք է ընտրուին ա’յն կերակուրները որոնք լաւագոյն կերպով կը հայթայթեն մարմինին կազդուրման համար պէտք եղած տարրերը: Այս ընտրութեան մէջ ախորժակը ապահով առաջնորդ մը չէ: Ուտելու սխալ սովորութիւններու միջոցաւ ախորժակը խաթարուած է: Ան յաճախ կը պահանջէ ուտելիք մը որ կը վնասէ առողջութեան, եւ փոխանակ զօրութեան, տկարութիւն կը պատճառէ: Մենք չենք կրնար ապահով կերպով առաջնորդուիլ ընկերութեան սովորութիւններով: Հիւանդութիւն եւ տառապանք, որոնք կը տիրեն ամէն ուրեք, մեծ մասամբ հետտեւանք են կերակուրի նկատմամբ ժողովրդական սխալներու: ԼԱ 35.2
Գիտնալու համար թէ որոնք են լաւագոյն ուտելիքները, պէտք է ուսումնասիրենք մարդուս ուտեստին հա- մար Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրը: Ան որ մարդը ստեղծեց, եւ որ կը հասկնայ անոր պէտքերը, սահմանեց Ադամի իր կերակուրը: «Ահա» ըսաւ Ան, «ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտը, …ու ամէն ծառը` որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ, ձեզի կերակուր պիտի ըլլայ»: Ծննդոց 1:29: Եդեմէ դուրս գալէն վերջ, մեղքի անէծքին տակ երկիրը գործելով իր ապրուստը ճարելու համար, մարդը արտօնութիւն ստացաւ ուտելու նաեւ «դաշտի խետը»: Ծննդոց 1:18: ԼԱ 35.3
Ընդեղէններ, պտուղներ, ընկուզազգիներ /ընկոյզ, կաղին, նուշ եւ այլն/ եւ բանջարեղէններ կը կազմեն կերակուրը զոր մեր Արարիչը ընտրած է մեզի համար: Այս ուտելիքները, պատրաստուած կարելի եղածին չափ պարզ եւ բնական կերպով, շատ առողջարար են եւ սննդարար: Անոնք կու տան զօրութիւն մը, դիմադրութեան կարողութիւն մը, եւ մտային կորով մը որ չեն հայթայթուիր աւելի բազմատեսակ եւ գրգռիչ կերակուրներով: ԼԱ 37.1
Բայց ամէն առողջարար կերակուրները ամէն պարագաներու տակ հաւասարապէս չեն յարմարիր մեր պէտքերուն: Ուշադրութիւն պէտք է ըլլայ ուտելիքի ընտրութեան մէջ: Մեր կերակուրը պէտք է յաիմարի ողանակին, այն կլիմային որուն տակ կ’ապրինք, եւ այն աշխատութեան որով կը պարապինք: Ուտելիքներ որոնք գոիծածութեան պատշաճեցուցուած են եղանակի մը համար,կամ կլիմայի մը տակ, յարմար չեն ուրիշի մը: Այսպէս տարբեր ուտելիքներ կան լաւագոյնս յարմարցուած տարբեր զբաղումներ ունեցող անձերու համար: ԼԱ 37.2
Յաճախ կերակուր մը որ կրնայ օգտակարապէս գործածուիլ ֆիզիքական ծանր աշխատանքով պարապողներու համար, անյարմար է նստողական կամ բուռն մտաւոր աշխատութիւն ունեցողներու: Աստուած մեզի առողջարար ուտելիքներու առատ պէսպիսութիւն մը տուած է եւ իւրաքանչիւր անձ պէտք ք ընտրէ անկէ այն բաները որ փորձառութիւն ու ողջամիտ դատողութիւն կ’ապացուցանեն ըլլալ լաւագոյն կերպով պատշաճեցուցած իր իսկ պէտքերուն: ԼԱ 37.3
Բնութեան առատ մատուցումը պտուղներու, ընկուզազգիներու եւ ընդեղէններու խիստ ճոխ է, եւ տարուէ տարի ամէն երկիրներու արտագրութիւնները փոխադրական յարաճուն միջոցներով աւելի ընդհանուր կերպով կը բաշխուին ամէնուն: Ասոր իբրեւ արդիւնք շատ ուտեստեղէններ որոնք մի քանի տարի առաջ մեծածախս պերճանքներ նկատուած էին, հիմա մատչելի են ամէնուն իբրեւ ամէնօրեայ գործածութեան ուտելիքներ: Ասիկա մասնաւորապէս ճիշդ է չոր եւ պահածոյ պտուղներու համար: ԼԱ 38.1
Ընկուզազգիներ հետզհետէ կու գան բռնելու մսեղէն կերակուրներու տեղը: Ասոն կրնան զուգադրուիլ ընդեղէններու, պտուղներու եւ զանազան արմատներու հետ, պատրաստելու կերակուրներ որոնք առողջարար եւ սննդարար են: Այսուհանդերձ ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի չգործածելու համար ընկուզազգիներու լայն համեմատութիւն մը: Անոնք որ ասոնց ծանր հետեւանքներուն տեղեակ են կրնան դժուարութենէ խուսափիլ հոգ տանելով այս նախազգուշութեան: Պէտք է նկատի ունենալ որ ընկուզազգիներէ ոմանք այնքան առողջարար չեն որքան ուրիշները: Նուշերը նախընտրելի են գետնապիստակէն: Բայց այս վերջինը, երբ յարմար կերպով պատրաստուի, ընկուզազգիներու նման, կարագին եւ մսեղէններուն տեղը կը բռնէ: Ձիթապտուղին հետ ընդունուած իւղը կենդանական իւղէ կամ ճարպէ շատ աւելի նախընտրելի է: Ան կը ծառայէ իբրեւ լուծողական: Անոր գործածութիւնը շատ օգտակար է հիւծախտաւորներու համար, եւ բուժող է բորբոքած եւ գրգռուած ստամոքսներու: ԼԱ 38.2
Անոնք որ վարժուած են ճոխ, մեծապէս գրգռիչ ճա- շերու, անբնական ճաշակ մը ունին,եւ չեն կրնար մէկէն ախորժելի գտնել հասարակ եւ պարզ կերակուր մը: Ժամանակի կարոտ է որ ճաշակը դառնայ բնական եւ ստամոքսը վերստանայ իր նախկին վիճակը զոր կորսնցուցած էր չարաչար գործածութեան հետեւանօք: Բայց անոնք որ կը յարատեւեն առողջարար կերակուրի գործածութեան մէջ, ատեն մը վերջը, զայն ախորժահամ պիտի գտնեն: Անոր նուրբ եւ ախորժ համն ու հոտը պիտի գնահատուի, եւ աւելի հաճոյքով պիտի ուտուի քան ապառոջ համադամները: Եւ ստամոքսը առողջ պայմանի մէջ, ոչ գրգռուած եւ ոչ ալ ծանրաբեռնուած, դիւրաւ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը: ԼԱ 38.3
Առողջութիւնը պահպանելու համար բաւական քանակութեամբ սննդարար կերակուրի պէտք կայ: Եթէ իմաստութեամբ ծրագրենք, զայն որ ամենէն աւելի նպաստաւոր է առողջութեան, կրնայ ձեռք բերուիլ գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ: Բրինձի, ցորենի, եգիպտացորենի եւ վարսակի զանազան պատրաստութիւններ կ’արտածուին ամէն ուրեք, նաեւ լուբիա, ոլոռ եւ ոսպ: Ասոնք տեղական կամ ներածուած պտուղներով եւ բանջարեղէններու պէսպիսութիւններով, որոնք ամէն տեղ կ’աճին, առիթ կու տան պատրաստելու ցուցակ մը կերակուրներու որ լիակատար է առանց մսեղէն կերակուրներու գործածութեան: ԼԱ 39.1
Ուր որ պտուղներ կ’աճին առատօրէն, պէտք է բաւական քանակութեամբ մթերուին ձմռան համար, չորցուելով կամ պահածոյի վերածելով: Ընտանիքին պէտքին համար եղած փոքր քանակութեամբ պահածոյներու համար փոխանակ թիթեղէ տուփերու, նախընտրելի է ապակիէ ամաններ գործածել ուր որ կարելիութիւն կայ: Մասնաւորաբար անհրաժեշտ է որ պահածոյի սահմանուած պտուղները լաւ վիճակի մէջ ըլլան: Քիչ շաքար գործածեցէք եւ եփեցէք պտուղը միայն այնքան երկար, որքան պէտք է անոր պահպանման համար: Այսպէս պատրաստուած, ան սքանչելապէս թարմ պտուղին տեղ կը բերէ: ԼԱ 39.2
Այն երկիրներուն մէջ ուր չափաւոր գիներով միշտ կարելի է գնել չորցուած պտուղներ ինչպէս չամիչ, սալոր, խնձոր, տանձ, դեղձ, ծիրան եւ այլն, պէտք է սովորականէն աւելի առատութեամբ գործածուին իբրեւ սնունդի կարեւոր նիւթեր որոնք բոլոր դասակարգի աշխատաւորներուն առողջութեան եւ կորովին համար կու տան լաւագոյն արդիւնքներ: ԼԱ 40.1
Պէտք չէ որ ոեւէ միակ ճաշի միջոցին ուտելիքներու մեծ պէսպիսութիւն ըլլայ, որովհետեւ ասիկա շատակերութիւնը կը քաջալերէ եւ անմարսողութիւն կը պատճառէ: ԼԱ 40.2
Լաւ չէ պտուղ եւ բանջարեղէն ուտել նոյն ճաշի միջոցին: Եթէ մարսողութիւնը տկար է, երկուքին միաժամանակ գործածութիւնը յաճախ պիտի պատճառէ նեղութիւն եւ անկարողութիւն մտաւոր ջանք ի գործ դնելու մէջ: Լաւագոյն է պտուղը ուտել մէկ ճաշի միջոցին եւ բանջարեղէնը ուրիշ ճաշի: ԼԱ 40.3
Ճաշելու մէջ պէտք է զանազանութիւն դրուի: Նոյն կերակուրները պատրաստուած նոյն ձեւով, պէտք չէ որ սեղանին երեւնան կրկին եւ կրկին ամէն ճաշերու միջոցին կամ ամէն օր: Ճաշերը մեծ ախորժակով կ’ուտուին եւ մարմինը աւելի լաւ կը սնանի եթէ կերակուրները տարբերին: ԼԱ 40.4
Սխալ է ուտել պարզապէս ախորժակը գոհացնելու համար, բայց պէտք չէ անտարբերութիւն ցուցուի կերակուրի որակի կամ անոր պատրաստութեան կերպի մէջ: Եթէ կերակուրը անհամութեան պատճառաւ հաճոյքով չուտուի, մարմինը այնքան լաւ պիտի չի սնանի: Հետեւաբար կերակուրը պէտք է ուշադրութեամբ ընտրուի եւ խելացութեամբ եւ ճարտարութեամբ պատրաստուի: ԼԱ 40.5
Հացի պատրաստութեան մէջ շատ նուրբ սպիտակ ալիւրը լաւագոյնը չէ: Անոր գործածութիւնը ոչ առողջարար է ոչ ալ խնայողական: Այսպիսի ալիւրով շինուած հացին մէջ կը պակսին սնուցիչ տարրերը որոնք ամբողջ ցորենով պատրաստուած հացին մէջ կը գտնուին: Ան յաճախ պնդութեան եւ ուրիշ ապառողջ պայմաններու պատճառ կ’ըլլայ: ԼԱ 40.6
Հացի պատրաստութեան մէջ օշնանաղի /սոտա/ կամ պէյքինկ բաուտըրի գործածութիւնը վնասակար է եւ անպէտ: Օշնանաղը ստամոքսի բորբոքում կը պատճառէ, եւ յաճախ բոլոր կազմուածքը կը թունաւորէ: Շատ տանտիկիններ կը խորհին թէ չեն կրնար լաւ հաց շինել առանց օշնանաղի, բայց ասիկա սխալ մըն է: Եթէ անոնք նեղութիւնը յանձն առնեն սորվելու լաւագոյն մեթոտներ, իրենց հացը աւելի առողջապահիկ պիտի ըլլայ եւ բնական ճաշակի համար աւելի ախորժահամ: ԼԱ 41.1
Խմորեալ հաց շինելու մէջ ջուրի տեղ կաթ պէտք չէ գործածուի: Կաթի գործածութիւնը յաւելուածական ծախք մըն է, եւ հացը նուազ առողջապահիկ կ’ընէ: Կաթով շինուած հացը եփուելէ վերջ այնքան երկար ատեն անուշ չի մնար որքան ջուրով շինուածը, եւ ստամոքսին մէր աւելի շուտ կը թթուի: ԼԱ 41.2
Հացը պէտք է ըլլայ թեթեւ եւ անոյշ: Մէջը ամենաքիչ չափով իսկ թթուութիւն պէտք չէ ըլլայ: Նկանակները պէտք է փոքր ըլլան եւ այնպէս կատարելապէս եփուած որ, որքան որ կարելի է, խմորին մէջի մանրէները փճացած ըլլան: Ոեւէ տեսակ խմորեալ հաց երբ տաք է կամ նոր, դժուարամարս կ’ըլլայ: Ան պէտք չէ որ սեղան բերուի: Այս կանոնը սակայն կիրարկելի չէ անխմոր հացի համար: ԼԱ 41.3
Թանի համար գործածուած ընդեղէնները մի քանի ժամ պէտք է եփուին: Բայց կակուղ կամ հեղուկ կերակուրները նուազ առողջարար են քան չոր կերակուրները, որոնք լաւ ծամողութիւն կը պահանջեն: Զուիպաք, կամ երկու անգամ եփուած հացը ամենադիւրամարս եւ շատ ախորժահամ ուտելիքներէն մին է: Հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ եթէ սովորական հացը շերտերու վերածուելով տաքուկ փուռի մէջ չորցուի մինչեւ որ խոնաւութեան վերջին հետքը անհետանայ: Յետոյ պէտք է ամէն կողմէն թեթեւօրէն կարմրացուի: Այս հացը չոր տեղի մը մէջ կրնայ պահուիլ շատ աւելի երկար ժամանակ քան սովորական հացը, եւ, գործածուելէ առաջ եթէ տաքցուի պիտի ըլլայ այնքան թարմ որքան երբ նոր է: ԼԱ 41.4
Սովորաբար ուտեստներու մէջ խիստ չափազանց շաքար կը քործածուի: Կարկանդակներ, քէյքեր, ծաղեր, խմորեղէններու տեսակներ, քաղցրաւենիներ գործօն պատճառներ են անմարսողութեան: Վնասակար են մասնաւորաբար կարկանդակներու այն տեսակները որոնց գլխաւոր բաղադրիչ նիւթերն են կաթ, հաւկիթներ եւ շաքար: Պէտք է խուսափիլ մէջը շաքար խառնուած կաթի առատ գործածութենէ: ԼԱ 42.1
Եթէ կաթ գործածուի, պէտք է կատարելապէս ամլացուի /սթէրիլիզէ/: Այս նախազգուշութեամբ նուազ վտանգ կայ անոր գործածութիւնով հիւանդութեամբ վարակուէլ: Կարագը նուազ վնասակար է երբ հացի վրայ քսուելով ուտուի քան երբ եփելու գործածուի: Ընդհանրապէս լաւագոյն է բոլորովին մէկ կողմ դնել զայն: ԼԱ 42.2
Պանիր, անստոյգ աղբիւրներէ ձեռք բերուած ուրիշ կաթնեղէն պատրաստութիւններու նման, մանրէներու գերազանց ուտելիք մըն է եւ պէըք է խիստ ուշադիր ըլլալ անոր մասին: Ճերմակ թարմ պանիրը սակայն , մաքուր ձեռքերէ անցած ըլլալու պարագային, առողջարար է: ԼԱ 42.3
Անբաւական, եւ գէշ եփուած կերակուրը կ’եղծանէ արիւնը տկարացնելով արիւն շինող գործարանները: Կը խանգարէ կազմը եւ կը բերէ հիւանդութիւն եւ անոր հետ դիւրագրգիռ ջղայնութիւն եւ գէշ տրամադրութիւններ: Հազարներով եւ տասնեակ հազարներով կը համրուին գէշ խոհարարութեան զոհերը: Շատ գերեզմանաքարերու վրայ կրնար գրուիլ, «Մեռաւ գէշ խոհարարութեան հետեւանօք», «Մեռաւ ստամոքսի չարաչար գործածութեան պատճառաւ»: ԼԱ 42.4
Անոնց համար որ կերակուր կ’եփեն նուիրական պար- տականութիւն մըն է սորվիլ թէ ինչպէս պէտք է պատրաստել առողջարար կերակուր: Շատ հոգիներ կորսուած են իբր հետեւանք գէշ խոհարարութեան: Լաւ հաց շինելը մտածութիւն եւ հոգածութիւն կը պահանջէ. բայց լաւ հացի նկանակի մը մէջ շատ աւելի կրօնք կայ քան որքան շատեր կը խորհին: Իրապէս լաւ խոհարարները սակաւաթիւ են: Երիտասարդ կիներ կը խորհին որ կերակուր եփելն ու տնական ուրիշ զբաղմունքները անարդ գործեր են. եւ, այս պատճառաւ շատ աղջիկներ որ կ’ամուսնանան եւ ընտանիքի հոգը կը ստանձնեն շատ քիչ գաղափար կ’ունենան ամուսինի եւ մօր մը վրայ ինկած պարտականութիւններու մասին: ԼԱ 42.5
Կերակուր եփելը նուաստ գիտուիւն մը չէ, եւ մին է գործնական կեանքի մէջ ամենաէականներէն: Գիտութիւն մըն է զոր ամէն կիներ պէտք է սորվին, եւ պէտք է ուսուցուի այնպիսի ձեւով մը որ օգտակար ըլլայ աղքատ դասակարգերուն: Կերակուրը ախորժաբեր եւ միեւնոյն ժամանակ պարզ եւ սննդարար ընելու համար ճարտարութիւն կը պահանջուի. բայց կարելի է: Խոհարարները պէտք է սորվին թէ ինչպէս պէտք է պատրաստել պարզ կերակուր, պարզ եւ առողջապահիկ կերպով, որ ան ըլլայ համեղ եւ առողջարար իր պարզութեան պատճառաւ: ԼԱ 43.1
Ամէն կին որ ընտանիքի մը գլուխը կը գտնուի եւ որ սակայն չի հասկնար առողջապահիկ խոհարարութեան արուեստը, պէտք է հաստատապէս որոշէ սորվիլ այն բանը որ այնքան էական է իր ընտանիքին բարօրութեան: Շատ տեղերու մէջ առողջապահական խոհարարութեան դպրոցներ առիթներ կ’ընծայեն այս ուղղութեամբ ուսուցման: Այն կինը որ այսպիսի դիւրութիւններէ չկրնար օգտուիլ պէտք է ենթաիկէ ինքզինքը լաւ խոհարարի մը հրահանգման, եւ յարատեւէ յառաջացման մէջ մինչեւ որ վարպետ մը ըլլայ խոհարարական արուեստին մէջ: ԼԱ 43.2
Ուտելու մէջ կանոնաւորութիւն կենսական կարեւորութիւն ունի: իւրաքանչիւր ճաշի համար որոշուած պահ մը պէտք է ըլլայ: Այն պահուն թող ամէն ոք ուտէ ինչ որ իր կազմուածքը կը պահանջէ, ու յետոյ բերանը բան մը չի դնէ մինչեւ յաջորդ ճաշի ժամանակը: Շատեր կան որոնք կ’ուտեն անկանոն ժամանակներով եւ ճաշերու մէջ, երբ կազմուածքը ուտելիքի չի կարոտիր, որովհետեւ չունին բաւական կամքի ոյժ դիմադրելու հակամիտութեան: Ճամբորդութեան միջոցին ոմանք կը խածխծոն կամ կը ծամծմեն ոեւէ ուտելիք որ ձեռքերնին կ’անցնի: Ասիկա շատ վնասակար է: Եթէ ճամբորդներ կանոնաւորաբար ուտեն կերակուր մը որ պարզ եւ սննդարար է, այնքան մեծ յոգնութիւն չեն զգար ոչ ալ այնքան կը նեղուին սիրտ խառնուքէ: ԼԱ 43.3
Ուրիշ վտանգաւոր սովորութիւն մըն ալ անկողին մտնելու ժանանակէն ճիշտ առաջ ուտելն է: Կանոնաւոր ճաշերը առնուած կրնան ըլլալ. Բայց որովհետեւ մարմրուքի զգայութիւն մը կայ, բան մը եւս կ’ուտուի: Այս բանին եթէ աչք գոցուի, այս սխալ սովորութիւնը կը դառնայ մոլորութիւն մը, եւ երբեմն այնքան որ, առանց ուտելու քնանալը անկարելի կը նկատուի:Իրիկուան ճաշերուն ուշ տեղի ունենալուն իբրեւ հետեւանք մարսողութեան ընթացքը քունի ժամերուն մէջ կը շարունակուի: Եւ թէեւ ստամոքսը տեւականապէս կը գործէ, բայց պատշաճապէս չի կատարուիր իր գործը: Քունը յաճախ կը խանգարուի անհաճոյ երազներով, եւ առաւօտուն ենքական կ’արթննայ չկազդուրուած եւ նախաճաշի համար քիչ ախորժակով: Երբ քնանալու համար կը պառկինք, ստամոքսը իր գործը պէտք է աւարտած ըլլայ, այսինքն ան եւ նաեւ մարմինին բոլոր անդամները պէտք է հանգիստ վայելեն: Նստողական կեանք ունեցող անձերու համար ուշ ենթրիքները յատկապէս վնասակար են: Յառաջ եկած խառնակութիւնները այսպիսիներու համար յաճախ սկիզբն են հիւանդութեան որ մահուամբ վերջ կը գտնէ: ԼԱ 44.1
Շատ պարագաներու մէջ ուտելու փափաքի մը առաջնորդող մարմրուք մը կը զգացուի, որովհետեւ մարսո- ղական գործարանները օրուան միջոցին սաստիկ ծանրաբեռնուած են: Ճաշի մը գործը լրացնելէ վերջ մարսողական գործարանները հանգիստի կը կարօտին: Ճաշերու մէջ առնուազն հինգ կամ վեց ժամ միջոց պէտք է տրուի , եւ մարդիկ եթէ փորձ մը ընեն պիտի տեսնեն որ օրական երկու ճաշը լաւագոյն է քան երեքը: ԼԱ 44.2
Կերակուրը պէտք չէ ուտուի շատ տաք կամ պաղ:Եթէ կերակուրը պաղ է, մարսողութեան գործին սկսուելէ առաջ ստամոքսին կենսական ոյժը կը տրամադրուի նախ պաղ կերակուրը տաքցնելու: Պաղ ըմպելիները այս նոյն պատճառաւ վտանգաւոր են, մինչ միւս կողմէ տաք ըմպելիներու առատ գործածութիւնը ալ տկարացնող է: Արդարեւ ճաշերու միջոցին որքան աւելի հեղուկ առնուի, այնքան աւելի կը դժուարանայ կերակուրին մարսողութիւնը, որովհետու հեղուկը պէտք է ծծուի մարսողութեան կարելալ սկսելէն առաջ: Շամ աղ մի’ ուտէք, խուսափեցէ’ք թթուաշներէ եւ համեմուած կերակուրներէ, առատօրէն պտուղ կերէք, եւ մեծաւ մասամբ պիտի անհետանայ ճաշերու միջոցին առատ ըմպելի պահանջող գրգռութիւնը: ԼԱ 45.1
Կերակուրը պէտք է դանդաղօրէն ուտուի, եւ պէտք է կատարելապէս ծամուի: Ասիկա հարկաւոր է որպէս զի լորձունքը լաւ մը խառնուի կերակուրին հետ եւ մարսողական հոսանիւթերը գործելու հրաւիրուին: ԼԱ 45.2
Ուրիշ լուրջ չարիք մըն ալ անյարմար ժանանակներու մէջ ուտելն է, բուռն ու ծայրայեղ մարզանքներէ վերջ, երբ մարդ շատ ուժասպառ եղած է կամ տաքցած: Ճաշելէ անմիջապէս վերջ զօրաւոր ձգտում մը կ’ըլլայ ջղային ոյժերու վրայ. եւ երբ միտք կամ մարմին սաստկօրէն ծանրաբեռնուած են ճաշերէ ճիշդ առաջ կամ ճիշդ վերջը, մարսողութիւնը կ’արգիլուի: Երբ մարդ գրգռուած է, նեղուած, կամ աճապարուած, լաւագոյն է չուտել մինչեւ հանգստութիւն ու մեղմացում վերագտնէ: ԼԱ 45.3
Ստամոքսը սերտ յարաբերութեան մէջ է ուղեղին հետ եւ երբ ստամոքսը խանգարուած է, ջիղի զօրութիւն կը պահանջուի ուղեղէն օգնելու համար տկարացած մարսողական գործարաններուն: Երբ այս խնդրանքները չափազանց յաճախակի ըլլան, ուղեղը կ’արիւնախռնուի: Երբ ուղեղը տեւականապէս կը ծանրաբեռնուի եւ ֆիզիքական մարզանք չկայ, նոյնիսկ պարզ կերակուրը պէտք է քիչ ուտուի: Ճաշի միջոցին ի բաց վանեցէք հոգերն ու մտատանջութիւնները. Մի՛ աճապարէք , հապա դանդաղօրէն եւ զուարթութեամբ կերէք, ձեր սիրտերը լեցուած երախտագիտութեամբ առ Աստուած բոլոր Իր օրհնութիւններուն համար: ԼԱ 45.4
Շատեր որ մսեղէն կերակուրներէ եւ ծանր ու վնասակար նիւթերէ հրաժարած են կը խորհին թէ, որովհետեւ իրենց կերակուրը պարզ է եւ առողջարար, կրնան սանցարձակ ձգել իրենց ախորժակը, եւ կ’ուտեն ծայրայեղօրէն, երբեմն որկրամոլութեամբ: Ասիկա սխալ է: Մարսողական գործարանները պէտք չէ որ ծանրաբեռնուին կերակուրի քանակով մը կամ որակով մը որուն իւրացման համար մարմինին գործը խիստ պիտի դժուարանայ: ԼԱ 46.1
Սովորութիւնը վճռած է որ կերակուրները սեղան բերուին յաջորդաբար: Մէկը, չգիտնալով թէ սեղանին վրայ դեռ ինչ կերակուր պիտի գայ, կրնայ իրեն համար բաւական չափով ուտել կերակուրէ մը որ թերեւս լաւ չի յարմարիր իրեն: Երբ վերջին տեսակը սեղան բերուին, ան յաճախ կը յանդգնի սահմանը անցնիլ եւ կը փորձուի անկէ ալ առնել որ սակայն կրնայ իրեն յարմար ուտելիք մը չըլլալ: Արդ, եթէ ճաշի մը համար սահմանուած բոլոր ուտելիքները սկիզբէն սեղան բերուած ըլլան, մարդ առիթ ունի լաւագոյն ընտրութիւնը ընելու: ԼԱ 46.2
Երբեմն շատակերութեան հետեւանքը անմիջապէս կը զգացուի: Ուրիշ պարագաներու մէջ ցաւի զգայութիւն չըլլար, բայց մարսողական գործարանները կը կորսնցնեն իրենց ոյժը եւ ֆիզիքական զօրութեան հիմը կը սարսի: ԼԱ 46.3
Յաւելուածական կամ աւելորդ կերակուրը կը ծանրաբեռնէ կազմուածքը, եւ յառաջ կը բերէ ախտաւոր, տենդային պայմաններ: Անիկա պէտք եղածէն աւելի արիւն կը հրաւիրէ ստամոքսին եւ պատճառ կ’ըլլայ որ ձեռքեր եւ ոտքեր դիւրաւ պաղ առնեն: Ծանր բեռ կը դնէ մարսողութեան գործարաններուն վրայ, եւ երբ այս գործարանները իրենց պարտականութիւնը կատարեն նուազումի եւ մարմրուքի զգացում մը յառաջ կու գայ: Անոնք որ շարունակաբար շատ ուտողներ են, այս վիճակը անօթութեան զգացում կ’անուանեն. բայց ասիկա մարսողական գործարաններուն չարաչար գործունէութեան հետեւանքն է: Երբեմն ուղեղի թմրութիւն յառաջ կու գայ մտաւոր եւ ֆիզիքական ջանքի այնօժարութեան հետ միասին: ԼԱ 47.1
Այս անհաճոյ ախտանիշերը կը զգացուին, որովհետեւ բնութիւնը իր պարտականութիւնը կատարած է կենսական ոյժի անհարկի տուրքով մը, եւ բոլորովին ուժաթափ եղած է: Ստամոքսը կ’ըսէ. «Զիս հանգիստ թողուցէք»: Բայց շատերու համար այս մարմրուքը կը մեկնուի իբրեւ խնդրան մը աւելի ուտելիքի համար. Այսպէս, փոխանակ ստամոքսին հանգիստ տալու, ուրիշ բեռ մը կը դրուի վրան: Իբրեւ հետեւանք, մարսողական գործարանները յաճախ կը մաշին եւ անկարողութեան կը դատապարտուին, երբ պէտք էր որ անոնք կարող ըլլային լաւ գործ տեսնելու: ԼԱ 47.2
Պէտք չէ որ Տէրոջ (*) օրուան համար հայթայթուի կերակուրի առատ եւ աւելի մեծ զանազանութիւն մը քան ուրիշ օրերու համար: Ասոր փոխարէն կերակուրը պէտք է աւելի պարզ ըլլայ, եւ աւելի քիչ ուտուի որպէս զի միտքը պայծառ ըլլայ եւ կորովի` հասկնալու հոգեւոր բաներ: Խցուած ստամոքս մը կը նշանակէ խցուած ուղեղ մը: Ամենաթանկագին խօսքեր կրնան լսուիլ եւ չգնահատուիլ, որովհետեւ միտքը խառնակուած է անյարմար ուտելքի հետեւանօք: Տէրոջ օրուան մէջ չափազանց ուտելով շատեր իրենց կարծածէն աւելի անյարմար կ’ընեն ինքզինքնին ընդունելու նոր նուիրական առիթներուն օգուտը: ԼԱ 47.3
Տէրոջ օրը կերակուր եփելէ պէտք է խուսափիլ, բայց ասոր համար հարկ չէ կերակուրը պաղ ուտել: Ցուրտ եղանակին օր մը առաջ պատրաստուած կերակուրը պէտք է տաքցուի: Եւ թող ճաշերը ըլլան, թէեւ պարզ, բայց համեղ եւ յանկուցիչ: Մասնաւորաբար ընտանիքներու մէջ ուր մանուկներ կան, լաւ է Տէրոջ օրուան համար հայթայթուի բան մը որ հաճոյք կը պատճառէ, բան մը որ ընտանիքին անդամները ամէն օր չեն ունենար: ԼԱ 48.1
Ուր որ ուտելիքի սխալ սովորութիւններ թոյլատրուած են, բարեկարգութեան համար յապաղում պէտք չէ ըլլայ: Երբ անմարսողութիւն յառաջ եկած է է ստամոքսի չարաչար գործածութենէ, ջանքեր պէտք է ըլլան ուշադրութեամբ պահպանելու համար կենսական ոյժերու մնացեալ զօրութիւնը, վերցնելով ամէն մէկ ճնշող բեռ: Ստամոքսը, երկարատեւ զեղծումներէ վերջ, կրնայ ըլլալ որ երբեք կատարելապէս չի վերագտնէ առողջութիւն. բայց ճաշերու պատշաճ ընթացք մը կրնայ առաջքը առնել նորանոր վատթարացումներու, եւ շատեր պիտի առողջանան աւելի կամ նուազ լիակատար չափով: Դիւրին չէ սահմանել կանոններ որոնք յարմարին ամէն մէկ պարագայի, բայց ուտելու մէջ ուղիղ սկզբունքներու ուշադրութիւնդարձուելով մեծ բարեկարգութիւններ կրնան ըլլալ, եւ կերակուր եփողը պէտք չունի ախորժակը հրապուրելու համար շարունակաբար յոգնելու: ԼԱ 48.2
Ճաշի մէջ ժուժկալութիւնը կը վարձատրուի մտային եւ բարոյական կորովով. ան նաեւ կ’օգնէ կիրքերու զսպումին: Շատակերութիւնը մասնաւորաբար վնասակար է խառնուածքով դանդաղ եղողներուն, ասոնք պէտք է չափով ուտեն, եւ ֆիզիքական շատ մարզանք ընեն: Այրեր եւ կիներ կան բնական գերազանց կարողութիւններով, որոնք կէսը չեն լրացներ անոր զոր պիտի կրնային ընել եթէ ժուժկալութիւն ի գործ դնէին ախորժակը զսպելու մէջ ԼԱ 48.3
Շատ գրողներ եւ խօսողներ այս կէտին մէջ կը ձախողին: Ախորժակով ճաշելէ վերջ կը լծուին նստուկ զբաղումներու, կարդալու, ուսումնասիրելու, կամ գրելու, առանց ժամանակ տալու ֆիզիքական մարզանքի: Ասոր իբր հետեւանք մտածումի եւ բառերու ազատ բղխումը կ’արգիլուի: Ասանկները չեն կրնար գրել կամ խօսիլ պէտք եղած կորովով ու ուժգնութեամբ հասնելու սիրտին. անոնց ջանքերը նուաճած են եւ անպտուղ: ԼԱ 49.1
Անոնք, որոնց վրայ կարեւոր պատասխանատուութիւններ կը ծանրանան, անոնք որ վերջապէս պահապաններ են հոգեւոր շահերու, պէտք է ըլլան բուռն զգացումներու եւ արագ ըմբռնումի մարդիկ: Ուրիշներէ աւելի անոնք պէտք է ըլլան ուտելու մէջ ժուժկալ: Զօրաւոր եւ ճոխ կերակուրներ պէտք չէ տեղ ունենան անոնց սեղաններու վրայ: ԼԱ 49.2
Մարդիկ, որոնց կարեւոր պաշտօններ վստահուած են, ամէն օր որոշումներ ունին տալու որոնցմէ կախում ունին մեծ կարեւորութիւն ունեցող հետեւանքնր: Անոնք յաճախ պէտք ունին արագօրէն խորհելու, եւ ասիկա յաջողապէս կրնայ ըլլալ միայն անոնց կողմէ որոնք խիստ ժուժկալութիւն ի գործ կը դնեն: Միտքը կը զօրանայ ֆիզիքական եւ մտաւոր կարողութեանց ուղիղ կիրարկումով: Եթէ ձգտումը չափազանց մեծ չէ, նոր կորով կու գայ ամէն մէկ հարկադրութեան հետ:Բայց կարեւոր ծրագիրներ մշակող եւ կարեւոր որոշումներ տուող անձերու գործը յաճախ կը վնասուի անյարմար ճաշերու հետեւանքներով: Խանգարուիած ստամոքսը միտքի անկարգ եւ անոնոշ վիճակ մը յառաջ կը բերէ: Ան յաճախ դիւրագրգռութիւ, բրութիւն եւ անարդարութիւն կը պատճառէ : Շատ ծրագիրներ, որոնք կրնային օրհնութիւն մը ըլլայ աշխարհի համար, մէկ կողմ դրուած են, եւ անար դար, ճնշիչ, նոյնիսկ անգութ շատ միջոցներ ձեռք առ- նուած են իբրեւ հետեւանք հիւանդագին վիճակներու որոնք յառաջ եկած են ուտելու սխալ սովորութիւններէ: ԼԱ 49.3
Ահա թելադրութիւն մը բոլոր անոնց համար որոնց զբաղումը նստողական է կամ գլխաւորաբար մտային. անոնք. բաւական բարոյական քաջութիւն եւ ժուժկալութիւն ունին թող փորձեն զայս: Իւրաքանչիւր ճաշի ատեն միայն երկու երեք տեսակ պարզ կերակուր առէք եւ կերէք ոչ աւելի քան որքան կը պահանջուի անօթութիւնը գոհացնելու համար: Ամէն օր մարզանքներ ըրեք եւ տեսէք թէ ինչպէս կ’օգտուիք: ԼԱ 50.1
Զօրաւոր մարդիկ որոնք ֆիզիքական ժիր, աշխատանքի լծուած են, այնքան պէտք չունին զգուշաւոր ըլլալու իրենց կերակուրին քանակին կամ որակին մասին որքան նստողական կեանք ունեցող անձերը, բայց նոյնիսկ ասոնք լաւագոյն առողջութիւն պիտի ունենան եթէ ժուժկալութիւն ի գործ դնեն ուտելու եւ խմելու մէջ: ԼԱ 50.2
Ոմանք կը փափաքին որ ճշգրիտ կանոն մը կարելի ըլլայ պատուիրել իրենց ճաշերու համար: Անոնք չափէն աւելի կ’ուտեն եւ յետոյ կը զղջան, եւ այսպէս միշտ կը խորհին իրենց կերածին եւ խմածին վրայ: Այսպէս պէտք չէ որ ըլլայ: Մէկը չկրնար անվրէպ կանոն մը դնել ուրիշի մը համար: Ամէն ոք պէտք է բանականութիւն ի գործ դնէ, ինքնասանձ ըլլայ եւ սկզբունքով շարժի: ԼԱ 50.3
Մեր մարմինները Քրիստոսի ծախու առած ստացուածքն են, եւ մենք ազատութիւն չունինք ընելու անոնց ինչ որ կ’ուզենք: Ամէն անոնք որ կը հասկնան առողջութեան օրենքները պէտք է ըմբռնեն իրենց պարտաւորութիւնը հնազանդելու այս օրէնքներուն զորս Աստուած հաստատած է անոնց անձերու մէջ: Առողջութեան օրէնքներու հնազանդութիւնը պէտք է անձնական պարտականութեան խնդիր մը ըլլայ: Մենք ենք որ պիտի տառապինք բռնաբարուած օրէնքին հետեւանքներէն: Մենք անհատապես Աստուծոյ պատասխան պիտի տանք մեր սովորութեանց եւ կիրարկումներուն համար: Հետեւաբար հարցը մեզի համար չէ թէ «ինչ է աշխարհի սովորութիւնը» այլ թէ «ինչպէս պէտք է որ , ես անհատապէս , վարուիմ բնակութեան տաճարին հետ զոր Աստուած ինձ տուած է»: ԼԱ 50.4