ՔԱՅԼԵՐ ԴԷՊԻ ՔՐԻՍՏՈՍ
Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ՏԱՐԱԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Շատեր, մասնաւորապէս Քրիստոնէական կեանքին մէջ նորեկները, սկեպտիկութեան թելադրութիւններէն կը վրդովին երբեմն: Ս. Գրքին մէջ շատ բաներ կան զոր չեն կարող հասկնալ և ոչ իսկ բացատրել, և զորոնք Սատանան կը գործածէ՝ անոնց հաւատքը խախտելու համար Ս. Գրքին կատարեալ ներշնչութեանը մասին: Ու կը հարցնեն անոնք, “Ի՞նչպէս պիտի գիտնամ ուղիղ ճամբան: Եթէ Ս. Գիրքը իրա՛ւ Աստուծոյ Խօսքն է, ի՞նչպէսկրնամ զերծանիլ սա տարակոյսեր՝ն և վարանումներէն: FF 117.1
Աստուած երբէք չպահանջեր մեզմէ հաւատալ՝առանց տալու բաւական ստոյգ ապացոյց որպէս զի իբր հիմ ծառայէ մեր հաւատքին: Իր գոյութիւնը, Իր նկարագիրը, Իր Խօսքին ճշմարտախօսութիւնը՝ բոլոր հաստատուած են վկայութիւններով, որոնք կոչ կ՚ընեն մեր բանականութեան. ու առատ են այդ վկայութիւնք: Այսու հանդերձ, Աստուած երբէ չէ վերցուած տարակոյսին կարելիութիւնը: Մեր հաւատքը պէտք է հիմնուի ստոյգ ապացոյցներու, և ոչ թէ ցուցական բաներու վրայ: Անոնք որ կ՚ուզեն տարակուսիլ, պիտի պատեհութիւն ունենան տարակուսելու. մինչդեռ անոնք որ իրապէս կը ցանկան ճշմարտութիւնը գիտնալ, պիտի գտնեն բաւական ստուգութիւններ որոնց վրայ կարենան հաստատել իրենց հաւատքը: FF 117.2
Սահմանափակ մտքերու համար անհնար է կատա րելապէս ըմբռնել Անհունին նկարագիրը կամ գործերը: Ամենասուր մտքին, ամենէն գերազանց զարգացում ունեցող իմացականութեան, պիտի յաւէ՜տ խորհուրդ մնայ այդ սուրբ Էակը: “Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս գտնել: Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞սի իմանալ: Անիկա երկինքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. դժոխք՝ն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ:” Յոբ ԺԱ. 7,8: FF 117.3
Պօղոս առաքեալ կը գոչ՝, “Ո՜վԱստուծոյ մեծութեան և իմաստութեան և գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են Իր դատաստանները, և անզննելի են Իր ճամբաները:” Հռովմ. ԺԱ. 33: Բայց թէպէտ “Անոր բոլորտիքը ամպ ու մառախուղ կայ, արդարութիւնը և իրաւունքը Անոր աթոռին հիմերն են:” Սաղմ. ՂԷ. 2: Ա՛յնքան կարող են վերահասու ըլլալ մեզ հանդէպ Աստուծոյ վարուելակերպին և Իր շարժառիթներուն նկատմամբ՝ որոնցմով Ան կը գործէ, որ կարենանք Իր մէջ տեսնել անսահման սէր և ողորմութիւն՝ միացած անհուն զօրութեան: Անոր դիտաւորութիւններուն ա՛յնքանը կարող են հասկնալ որ մեզի գիտնալ օգտակար է: Գալով մնացեալին, ապաւինինք ամենակարող Ձեռքին և սիրալիր Սրտին: FF 118.1
Աստուծոյ Խօսքր, Իր աստուածային Հեղինակին նման, կը ներկայացնէ խորհուրդներ՝ որ պիտի երբէք կատարելապէս չհասկցուին սահմանափակ էակներէ: Մեղքին աշխարհ մտնելը, Քրիստոսի մարդեղութիւնը, վերածնունդը, յարութիւնը, և Ս. Գրքին մէջ ներկայացուած ուրիշ անթիւ նիւթեր՝ խորհուրդներ են ա՜յնքան խորին որ մարդկային միտքը զանոնք բացատրելու անկարող է: Բայց մենք բնաւ պատճառ չունինք Անոր Խօսքին նկատմամբ տարակուսելու՝ քանզի չենք կարող հասկնալ Իր նախախնամութեան բոլոր խորհուրդները: Բնական աշխարհին մէջ անիմանալի խորհուրդներով շրջապատուած ենք յարաժամ: Կեանքի ամենադոյզ արտայայտութիւնն իսկ կը ներկայացնէ հարց մը՝ զոր իմաստասէրներու ամենաիմաստունը անկարող է բացատրել: Ամենուրեք հրաշալիքներ կան՝ մեր իմացողութենէն գեր ի վեր: Պէ՞տք է ուրեմն զարմանալ՝ որ հոգեւոր աշխարհին մէջ ալ անհասկնալի խորհուրդներ կը գտնուին: Դժութարութիւնը մարդկային մտքին տկարութեանն ու անձկութեանը մէջ կը կայանայ միայն: Աստուած մեզի բաւական վկայութիւն է տուած Ս. Գրքերուն աստուածային դրոշմին նկատմամբ, ու մենք պէտք չէ կասկածինք Իր Խօսքէն՝ քանզի չենք կարող հասկնալ Իր նախախնամութեն բոլոր խորհուրդները: FF 118.2
Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ թէ Ս. Գրքերուն մէջ “դժուարիմաց բաներ կը գտնուին զոր տգէտները և անհաստատները ծուռ կողմը կը դարձնեն... իրենց անձին կորստմեանը համար:” Բ Պետ. Գ. 16: Սկեպտիկները այդ դժուարիմաց բաները ձեռք կ՚առնեն՝ իբր զէնք գործածելու համար Ս. Գրքին դէմ. բայց ընդհակառակն՝ այդ դժուարիմանալի կէտերը զօրաւոր ապացոյցներ են անոր աստուածային յայտնութիւն մ՚ըլլալուն: Եթէ այդ գիրքը Աստուծոյ մասին պարունակէր միայն ինչ որ կարենայինք հասկնալ, եթէ հունաւոր մտքեր կարող ըլլային ըմբռնել Անոր մեծութիւնն ու մեծվայելչութիւնը, յայնժամ Ս. Գիրքը աստուածային հեղինակութեան անսխալելի դրոշմը պիտի չկրէր: Անոր մէջ ներկայացուած նիւթերուն մեծութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը պէտք է մեզ մղեն հաւատալու թէ իրաւ Աստուծոյ Խօսքն է ան: FF 119.1
Ս. Գիրքը այնքան պարզութեամբ և մարդկային FF 119.2
սրտին պէտքերուն և բաղձանացը այնքան կատարեալ յարմարութեամբ կը պարզէ ճշմարտութիւնը, որ սքանչացում և հիացում է պատճառուած ամենաբարձր զարգացում ունեցող մտքերու, և տրուպ ու անուս մարդիկը կարող կ՚ընէ փրկութեան ճաբան հասկնալու: Սակայն և այնպէս, ա՛յնքան պարզօրէն արտայայտուած այդ ճշմարտութիւնք ա՛յնքան պարզօրէն արտայայտուած այդ ճշմարտութիւնք ա՛յն աստիճան բարձր՝ և մարդկային մտքին հասողութենէն գեր ի վեր նիւթերու վրայ կը ճառեն որ զանոնք կարող են ընդունիլ լո՛կ անոր համար որ Աստուած է յայտարարեր զանոնք: Այսպէս՝ փրկութեան խորհուրդը կը յայտնուի մեզի այնպիսի կերպով մը որ ամէն ոք կարենայ տեսնել իր առնելու քայլերն ապաշխարութեան մէջ՝ առ Աստուած, և հաւատքի մէջ՝ առ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը, փրկուելու համար Աստուծոյ ուզած կերպովը. այսուհանդերձ, այնքան դիւրըմբռնելի ճշմարտութեանց տակ կը մնան խորհութրներ որ Աստուծոյ փառքը կը ծածկեն, — խորհուրդներ՝ որ կը նուաճեն մարդկային միտքը իր հետազօտութեանցը մէջ, բայց որոնք յարգանք և հաւատք կը ներշնչեն ճշմարտութեան անկեղծ խուզարկուին: Ան որքան կը քննէ Ս. Գիրքը, ա՛յնքան խորապէս կը համոզուի որ ատի կենադանի Աստուծոյ Խօսքն է, ու մարդկային բանականութիւնը կը խոնարհի աստուածային յայտնութեան մեծափառութեանը առջեւ: FF 120.1
Գիտնալ թէ չենք կարող կատարելապէս հասկնալ Ս. Գրքին մեծ ճշմարտութիւնները, պարզապէս ընդունիլ է թէ հունաւոր միտքը անբաւական է ըմբռնելու անսահմանը. թէ մարդ, իր սահմանափակ, մարդկային գիտութիւնովը, չէ կարող հասկնալ Ամենագիտութեան դիտաւորութիւնները: FF 120.2
Սկեպտիկներն ու անհաւատները չեն ընդունիր Աստուծոյ Խօսքը՝ քանզի չեն կարող իմանալ անոր բոլոր խորհուրդները. ու այդ վտանքին ոչ նուազ ենթակայ են ամ՝ն անոնք որ Ս. Գրքին հաւատալ կը դաւանին: Առաքեալը կ՚ըսէ, “Նայեցէ՛ք՝ եղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ՝ ապստամբ ըլլալու կենդանի Աստուծմէն:” Եբր. Գ. 12: Օրինաւոր է ուշի ուշով ուսումնասիրել Ս. Գրքին վարդապետութիւնները, և քննել “Աստուծոյ խորունկ բաները”՝ (Ա Կոր. Բ. 10) որքան որ յայտնուած են անոնք: Մինչ՝ “ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյն կը վերաբերին,” “յայտնուած բաները մեզի տրուած են:” Բ Օր. ԻԹ. 29: Բայց Սատանան կը ջանայ խանգարել մեր մտքին հետազօտիչ կարողութիւնները: Տեսակ մը հպարտութիւն կը խառնուի Ս. Գրքին ճշմարտութեանց քննութեանը, այնպէս որ մարդիկ անհամբերութիւն և վհատութիւն կը զգան եթէ կարող չըլլան գոհացուցիչ կերպով բացատրել Ս. Գրքին ամէն մասերը: Շատ պզտիկութիւն է անոնց խոստովանիլ թէ անկարող են ըմբռնել ներշնչեալ խօսքերը: Չեն ուզեր համբերութեամբ սպասել՝ մինչև որ Աստուած յարմար դատէ ճշմարտութիւնը յայտնել իրենց: Անոնք այն զգացումն ունին թէ լոկ մարդկային իմաստութիւնով կրնան հասկնալ Ս. Գիրքը. ու զայդ ընելու անկարող, և իրապէս կ՚ուրանան անոր հեղինակութիւնը: Ճիշդ է թէ խել մը տեսուիւններ և վարդապետութիւններ որ ժողովրդականօրէն կը կարծուին Ս. Գրքէն քաղուած ըլլալ, անոր էջերուն մէջ հիմ չունին, և արդարև հակառակ են ներշնչութեան բովանդակ ոգւոյն: Այս բաները տարակոյսի և շփոթութեան պատճառ են եղած շատ մը մտքերու հա- մար: Սակայն ատոնք Աստուծոյ Խօսքին վերագրելի չեն, այլ մարդոց զայն խեղաթիւրելուն: FF 121.1
Եթէ մարդկային էակներու հնար ըլլար կատարելապէս հասկնալ զԱստուած և Իր գործերը, յայնժամ՝ այդ կէտին հասնելէ յետոյ՝ այլեւս ոչ նոր ճշմարտութիւն պիտի յայտնուէր, ոչ գիտութիւնը պիտի աճէր, և ոչ ալ սրտի և մտէի աւելի զարգացում պիտի ըլլար: Աստուած այլեւս գերագոյն պիտի չըլլար. ու մարդ, հասած ըլլալով գիտութեան և յառաջադիմութեան կատարը, պիտի դադրէր յառաջդիմելէ: Քա՜ռք տանք Աստուծոյ որ այսպէս չէ եղած: Աստուած անսահման է. Անոր մէջ պահուած են “իմաստութեան և գիտութեան բոլոր գանձերը:” Կող. Բ. 3: Ու ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ մարդիկ պիտի միշտ կարենան հետազօտել, միշտ սորվիլ, առանց երբէք սպառելու Անոր իմաստութեան, բարութեան և զօրութեան գանձերը: FF 122.1
Աստուած կ՚ուզէ որ նոյն իսկ այս կեանքին մէջ Իր Խօսքին ճշմարտութիւնները յարաժամ պարզուին Իր ժողովրդին: Միայն մէկ միջոց կայ որով այդ գիտութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ: Աստուծոյ Խօսքին հասկացողութեանը կարող են հասնիլ միայն լուսաւորութեամբն այն Հոգիին որուն ներշնչութեամբը տրուեցաւ այդ Խօսքը: “Աստուծոյ բաները մէկը չգիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին:” “Քանզի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ:” Ա Կոր. Բ. 11, 10: Ու Իր աշակերտներուն ըրած խոստումն էր՝ “Երբոր ճշմարտութեան Հոգին գայ, ձեզ բոլոր ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ:... Քանզի Իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ:” Յովհ. ԺԶ. 13. 14: FF 122.2
Աստուած կը ցանկայ որ մարդ զարդացնէ իր խոր- հելու կարողութիւնները. ու Ս. Գրէին քննութիւնը պիտի զօրացնէ և բարձրացնէ միտքը աւելի քան ո և է ուսումնասիրութիւն: Սակայն պէտք է զգոյշ ըլլալ աստուածացնելու բանականութիւնը որ մարդկային բնութեան տկարութեանը և անկատարութեանը ենթակայ է: Եթէ չենք ուզեր որ Ս. Գիրքը մութ մնայ մեր հասկցողութեանը, այնպէս որ ամենէն բացայայտ ճշմարտութեանը, այնպէս որ ամենէն բացայայտ ճշմարտութիւններն անհասկնալի մնան, փոքրիկ մանկան մը պարզութիւնն ու հաւատքը պէտք է ունենանք, կազմ և պատրաստ՝ սորվելու, և Ս. Հոգիին օգնութիւնը հայցելու: Աստուծոյ զօրութեանն ու իմաստուեանը և Իր մեծութիւնը ըմբռնելու մեր անկարողութեանը զգացումը պէտք է մեզի խոնարհութիւն ներշնչէ, ու մենք պարտինք Իր Խօսքը բանալ՝ սուրբ երկիւղով, իբր թէ Անոր առջև ելլէինք: Երբ Ս. Գրքին մօտ կուգանք, մեր իմացականութիւնը պէտք է իրմէ գերագոյն հեղինակութիւնը մը ճանչնայ, և սիրտ ու միտք պարտին խոնարհիլ մեծ ԵՍ ԵՄին առջև: FF 122.3
Առերեւութապէս խրթին կամ մթին շատ բաներ կան զոր Աստուած պիտի դիւրացնէ ու պարզէ անոնց որ կը ջանան հասնալ զանոնք: Բայց առանց Ս. Հոգիին առաջնորդութեան՝ պիտի միշտ հակամէտ ըլլանք Գրքերը խեղաթիւրելու կամ զանոնք սխալ մեկնելու: Շատեր՝ Ս. Գիրքը կը կարդան առանց օգուելու, և շատ մը պարագայից մէջ նոյն իսկ ի վնաս իրենց: Երբ Աստուծոյ Խօսքը առանց յարգանքի և աղօթքի բացուի. երբ մարդուս խորհուրդներն ու զգացումները չսեւեռին Աստուծոյ վրայ, կամ համաձայն չըլլան Իր կամքին, միտքը կը մթագնի տարակոյսով. և՝ Ս. Գրքին իսկ քննութեամբ՝ սկեպտիկութիւնը կ՚ամրանայ: Թշնամին կը տիրախետէ մտածումներն , ու կը թելադրէ մենութիւններ՝ որ ճիշդ չեն: Եթէ մարդիկ խօսքով և գործքով ջանք չընեն Աստուծոյ կամքին համաձայն շարժելու, յայնժամ, ի՛նչքան ալ ուսեալ եղած ըլլան, Ս. Գիրքը սխալ հասկնալու հակամէտ պիտիըլլան, Ս. Գիրքը սխալ հասկնալու հակամ՝տ պիտի ըլլան, ու ապահով չէ իրենց տուած մեկնութեանց վստահիլ: Անոնք որ հակասութիւններ գտնելու մտքով կը քննեն Ս. Գիրքը, չունին հոգեւոր դատողութիւն: Իրենց խոտորած հասկցողութեամբը պիտիխել մը պատճառներ գտնեն անոնք տարակոյսի և անհաւատութեան՝ այնպիսի բաներու մէջ որ իրապէս բացայայտ են և պարզ: FF 123.1
Տարակոյսի և սկեպտիկութեան պատճառը՝ ի՛նչքան ալ ծածկուելու ըլլայ՝ շատ պարագայից մէջ մեղանչելու սէրն է: Աստուծոյ Խօսքին հրահանգներն ու պատուէրները անհաճոյ են ամբարտաւան և մեղասէր սրտին, ու անոնք որ չեն ուզեր հնազանդիլ անոր պահանջումներուն, կը տարակուսին անոր հեղինակութեանը: Ճշմարտութեան վերահասու ըլլալու համար՝ պարտինք անկեղծ փափաք մ՚ունենալ զայն գիտնալու, և յօժար սիրտ մը՝ անոր հնազանդելու: Ու ամէն անոնք որ այս ոգւով կը քննեն Ս. Գիրքը, պիտի առատ փաստ գտնեն Աստուծոյ Խօսքը ըլլալուն մասին, ու պիտի կարող ըլլան հասկնալ անոր ճշմարտութիւնները որոնք փրկութեան իմաստուն պիտի ընեն զիրենք: FF 124.1
Քրիստոս կ՚ըսէ, “Թէ որ մէկը կ՚ուզէ Անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան վրայօք:” Յովհ. Է. 17: Քոխանակ վիճելու և իմաստակելու այն բաներուն մասին զոր դուն չես հասկնար, ուշադիր եղի՛ր արդէն քու վրայ փայլող լոյսին, ու պիտի աւելի մեծ լոյս ստանաս: Քրիստոսի շնորհքովը կատարէ՛ ամէն պարտականութիւն որ յստակօրէն պարզուած է հասկցողութեանդ, ու պիտի կարողանաս հասկնալ և կատարել այն բաները որոնց մասին հիմա կը տարակուսիս դուն: FF 124.2
Ակներև փաստ մը կայ՝ ամենուն մատչելի, — ամենէն բարձրօրէն զարգացածին և ամենէն անուսին, — փորձառութեան փաստը: Աստուած մեզ կը հրաւիրէ փորձել՝ մենք մեզի համար՝ Իր Խօսքին ճշգրտութիւնը և Իր խոստումներուն ճշմարտութիւնը: Ան մեզի կ՚ըսէ, “Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէ՛ք որ Տէրը բարի:” Սաղմ. ԼԴ. 8: Քոխանակ այլոց է ճաշակենք: Ան կ՚ըսէ, “Խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք: Յովհ. ԺԶ. 24: Անոր խոստումները պիտի կատարուին: Երբէք չեն վրիպած անոնք, ու երբէք չեն կարող վրիպել: Ու երբ Յիսուսի մօտենանք և Իր սիրոյն առատութեամբը ուրախանանք, մեր տարակոյսն ու խաւարը պիտի փարատին Իր ներկայութեան լոյսովը: FF 125.1
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ թէ Աստուած “մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն, ու Իր սիրելի Որդւոյն թագաւարութեանը փոխադրեց:” Կող. Ա. 13: Ու ամէն ով որ մահէն կեանքի փոխուած է, կարող է “կնքել թէ Աստուած ճշմարիտ է: Յովհ. Գ. 33: Ան կրնայ վկայել, “Օգնութեան կը կարօտէի, ու Յիսուսի մէջ գտայ զայն: Ամէն պիտոյքս լրացաւ, անօթի հոգիս յագեցաւ. և արդ Ս. Գիրքը Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնն է ինծի համար: Կը հարցնե՞ս դուն թէ ինչու Յիսուսի կը հաւատամ ես. — որովհետև Ան ինծի աստուածային Քրկիչ մըն է:Ու ինչո՞ւ կը հաւատամ Ս. Գրիքին. — Քանզի իմ հոգիիս ուղղուած Աստուծոյ ձայնը գտայ ես զայն:” Մենք մեր մէջ կրնանք ունենալ վկայութիւնը թէ Ս. Գիրքը ճշմարիտ է, թէ Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է: Գիտենք թէ վարպետութեամբ շինուած առասպելներու չենք հետեւիր մենք: FF 125.2
Պետրոս իր եղբայրները կը յորդորէ՝ “աճիլ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու գիտութիւնովը:” Բ Պետ. Գ. 18: Երբ Աստուծոյ զաւակները աճին շնորհքով, Իր Խօսքին աւելի յստակ հասկցողութեանը պիտի հասնին շարունակ: Պիտի նոր լոյսեր և գեղեցկութիւններ տեսնեն անոնք անոր սրբազան ճշմարտութեանցը մէջ: Ասի ճշմարիտ է եղած բոլոր ժամանակներու Քրիստոսի Եկեղեցւոյն պատմութեանը մէջ, ու պիտի այսպէս շարունակուի մինչև վերջը: “Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսին պէս է՝ որ երթալով կ՚աճի մինչև որ կատարեալ օր ըլլայ:” Առակ. Դ. 18: FF 126.1
Հաւատքով՝ մեն կրնանք նայիլ ապագային, և պինդ փարիլ Աստուծոյ խոստման որ մեզի տրուած է մեր իմացականութեան զարգացմանը համար, երբ մարդկային կարողութիւնք պիտի աստուածային կարողութեանց միանան, և մեր էութեանը բոլոր կարողութիւնները պիտի ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ դրուին լոյսի Աղբիւրին հետ: Կրնանք ուրախ ըլլալ՝ խորհելով թէ ամէն ինչ որ մեզ շփոթած է աստուածային նախախնամութեանցը մէջ, պիտի յայնժամ պարզուի. դժուարիմաց բաները պիտի այն ատեն բացատրուին. և ուր որ մեր անձուկ մտքերը խառնակութիւն և ծուռ դիտաւորութիւններ ի վեր կը հանէին, հոն ամենէն կատարեալ և ամենէն գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը պիտի տեսնենք: “Հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես. հիմա շատէն քիչը գիտեմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ուր ճանչցուեցայ: Ա Կոր. ԺԳ. 12: FF 126.2